ԵԴՈՒԱՐԴ ՏԱՆՁԻԿԵԱՆ
Կիրակի առաւօտ արթնցանք Արցախ Ատրպէյճան սահմանագծի զինեալ բախումներու մասին լուրերով։ Ատրպէյճան իսկոյն յայտարարեց, որ բախումները սկսած են հայկական կողմի յարձակումներով։ Թուրքիոյ լրատուամիջոցներու թղթակիցներուն յարձակումին սկսած պահուն սահմանագծին ըլլալը եւ ատրպէյճանական դիրքերուն ամբողջ սահմանի տարածքին պատրաստ գտնուիլը կ՚ապացուցէ թէ Հայաստանի առաջին յարձակող ըլլալու վարկածը այդքան ալ իրաւացի չէր։
Օրուայ ընթացքին զինուորներու կողքին խաղաղ բնակիչներու կորուստներու վրեաբերեալ ալ լուրեր կը հասնէր։ Հայկական աղբիւրներու համաձայն Ստեփանակերտի մէջ աւելի քան տասը քաղաքացիներ վիրաւորուած էին։ Ատրպէյճան կը յայտարարէ թէ իր հսկողութեան տակ առած է վեց գիւղեր սակայն այս պնդումը հերքուեցաւ Հայաստանի կողմէ։
Ռուսիոյ դաշնութիւնը, ԵԱՀԿ, Եւրոմիութիւնը, կողմերուն կը յանձրարարէին զինադադար մինչ Թուրքիա ամբողջական զօրակցութիւն կը խոստնար Ատրպէյճանին եւ բենզին կը լեցնէր կրակին վրայ։
Այսօրուայ զարգացումները հասկնալու համար պարտաւոր ենք բախումներուն նախորդող շրջանը քննելու։ Յուլիսեան բախումներէն ետք Հայաստան յաճախ կը նշէր սուրիացի ռազմիկներուն ատրպէյճան փոխադրուելու մասին։ Նոյն Յուլիսեան բախումներէն ետք Թուրքիա Ատրպէյճանի հետ միատեղ ռազմափորձեր կատարեց եւ զինուորական պատուիրակութիւններ յաճախակի բանակցութիւններ ունեցան։ Շուրջ տասը օր առաջ Թուրիոյ մամուլին մէջ առանց աղբիւր նշելու լրատուութիւններ յայտնուեցան, ըստ որոնց ՓՔՔ-ականներ Ղարաբաղի մէջ էին։ Թէեւ այդ պնդումները հերքուեցան Արցախի իշխանութիւններու կողմէ սակայն այդ հերքումները երբեք տեղ չգտան թրքական մետիայի մէջ։ Մինչ այդ Թուրքիոյ կառավարութիւնն ալ իր բոլոր յայտարարութիւններուն մէջ թիրախ կ՚ընտրէր Հայաստանը։
Կիրակի առաւօտուայ բախումները այս ենթահողի վրայ տեղի ունեցան։ Խնդիրներուն աւելի զուսպ մերձեցող Արեւմտեան եւ Հայաստանի դիտորդները տարիներէ ի վեր շարունակուող լարուածութեան մէջ միշտ պաշտպանութեան մէջ գտնուող Հայաստանին նախայարձակ ըլլալու պնդումը անտրամաբանական կը գտնէին։
Սակայն Թուրքիոյ Ռատիոյի եւ Հեռուստաընկերութեան հաստատաթունը (ԹՌԹ), Անատոլու Աժանս լրատու գործակալութեան եւ թրքական մետիայի «Հայաստան յարձակեցաւ Ատրպէյճանին» ձեւով ներկայացուցած լուրը իսկոյն իւրացուց։
Աւելին՝ անտեսուեցաւ Հայաստանի հրապարակած կորուստները եւ այն տպաւուրութիւնը ստեղծուեցաւ, թէ միայն ատրպէյճանցիներ կորուստներ ունեցած են։ Իշխանամէտ «Եէնի Շաֆաք» թերթի խմբագիր Իպրահիմ Գարակիւլի «Հրթիռ մը սխալմամբ իյնալու է Երեւանի կեդրոնին» Թուիթրեան գրառումը մեծ թուով գնահատանքի արժանացաւ։ Նախագահ Էրտողան ալ իր «Թուիթր»եան հաշիւէն «Ատրպէյճանի ուղղեալ յարձակումներուն նոր օղակ մը աւելցնող Հայաստան անգամ մը եւս ապացուցեց թէ տարածքաշրջանի մէջ խաղաղութեան դիմաց մեծագոյն սպառնալիքն է։ Թուրք ազգը ինչպէս միշտ այսօր ալ իր բոլոր կարելիութիւններով ատրպէյճանցի եղբայրներու կողքին է» ըսաւ։ Զարմանալի չէր որ այս կարավանին միանար նաեւ Հանրապետական Կուսակցութիւնը։ Իսթանպուլի քաղաքապետ Էքրեմ Իմամօղլու նոյն ժամերուն «Թուիթըր»ի մէջ կը գրէր «Կը պախարակեմ Հայաստանի Լեռնային Ղարբաղեան յարձակումները, որուն զոհերը եղած են խաղաղ բնակիչները։ Կը ցաւակցիմ զոհերուն համար եւ եղբայր երկիր Ատրպէյճանի թուրքերուն ցաւակցութիւններս կը յայտնեմ»։ Բազմաթիւ հանրապետականներ եւս ունեցան նման բնոյթի յայտարարութիւններ։ Ազգային Շարժում Կուսակցութեան շրջանակներնուն գրառումները չեմ թուեր անգամ։
Այս ընդհանուր պատկերը կը պարզէ թէ, նիւթը վերաբերի Հայաստանին, երբ մանաւանդ կը խօսինք պատերազմին, խաղաղ բնակիչներու սպանութեան Թուրքիոյ շրջանակները երբեք չեն խորհիր անխտիր բոլոր կորուստներու համար ձայն հանելու մասին։ Ընդ հակառակը հասարակութիւնն ալ դիւրաւ կը միանայ պետութեան թելադրած բոլոր միտքերուն։ 30 տարուայ անցեալ ունեցող այդ խնդրին մէջ անշուշտ որ Հայաստան ալ ունեցած է սխալ մերձեցումներ կամ որոշումներ։ Սակայն ներկայ պայմաններուն Թուրքիոյ մէջ տիրողը առանց հարցուփորձի հայատեացութիւն եւ ռազմատենչութիւն է։
Դիտելով Լիպիոյ, Սուրիոյ, Եգէական ծովու մէջ տեղի ունեցածները նախապէս ալ նշած էինք որ Թուրքիոյ իշխանութիւնները խիստ կարիքը կը զգան երկրէ դուրս նոր ջոկատի մը։ Հետաքրքրական է, թէ ընդդիմադիրներ Լիպիոյ, Սուրիոյ կամ Յունաստանի հետ տարակարծութիւններու պահուն որոշ հեռաւորուըթիւն մը կը պահեն իշխանութեան քաղաքականութիւններուն դէմ, երբ նիւթկ վերաբերի Հայաստանին կը վերացնեն այդ հեռաւորութիւնը եւ դիւրաւ կը նոյնանան իշխանութեան հետ։ Ոչ մէկը կը փորձէ խօսիլ երկխօսութեան կամ բանակցութիւններու մասին։
Երեւոյթը մտահոգիչ է։
(28.09.2020)