ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Նորայր Տատուրեան

ԶՈՀ

Մենք ենք մեր բա­ռերը։ Հայ­կա­կան ամէն բառ ազ­գի նկա­րագիրն է, ինքնու­թեան, մշա­կոյ­թի, աշ­խարհագ­րութեան եւ հա­ւատ­քի պատ­կե­րը։ Իս­կա­պէս, հայ­կա­կան բա­ռերու պան­թէոնին մէջ իւ­րա­քան­չիւր բառ ու­նի իր պա­տուոյ տե­ղը։ Սա­կայն, ու­նինք բառ մը, որուն հա­մար ազ­գը տո­ւեր է զո­հեր, բազ­մա­թիւ, ան­մեղ։ «Զոհ» բառն է ան, մեր գո­յական­նե­րուն ամե­նէն անձնուէրը, ըսենք՝ անձնա­զոհը։ Այ­սօր, յար­գե­լի ըն­թերցող, յօ­դուա­ծիս գրառ­ման ժա­մերուն երբ հայ ազ­գը կրկին սկսած է զո­հեր տալ, կ՚առա­ջար­կեմ որ բո­լորս խոր ակ­նա­ծան­քով մտա­բերենք «զոհ» միավան­կի սխրանքնե­րը, թեր­թենք անոր փառ­քի յու­շա­մատեանը ու ըն­թերցենք անոր պատ­մութեան պայ­ծառ էջե­րը։

«Զոհ» բա­ռը հին է այնքան, որ­քան հին է աս­տո­ւած­նե­րու զո­հաբե­րու­թիւն կա­տարե­լու մեր նախ­նի­ներու սո­վորու­թիւնը։ Կը կար­ծուի, թէ բա­ռը օտա­րամուտ է եւ բուն նշա­նակած է «օրհնա­ջուր»։ Ըստ հնա­գոյն մէկ բա­ռարա­նի «Ամե­նայն ինչ ծա­խելի կամ ծխե­լի ՛ի պա­տիւ Աս­տուծոյ. Պա­տարագ» է զո­հը։ Ան­կա­խու­թեան եւ ազատ կեան­քի հա­մար հա­յու տո­ւած զո­հերէն կեանք առեր են բազ­մա­թիւ բա­րու­նակ բա­ռեր։ 5-րդ դա­րուն, Սուրբ Գիր­քի մէջ հայ թարգմա­նիչ­նե­րը օգ­տա­գոր­ծե­ցին «զո­հանոց, զո­հարան, զո­հաւոր, զո­հել» բա­ռերը։ Աս­տո­ւածա­շունչի մէջ, նշեմ, թէ 337 ան­գամ գոր­ծա­ծուած է «զոհ» բա­ռը։ Պատ­կե­րալից բա­ռակա­պակ­ցութիւններ ալ տեղ գտան հոն, ինչպէս՝ «Զոհ փրկու­թեան», «Զոհ ար­դա­րու­թեան», «Զոհ հա­նապա­զորդ», «Զոհ եփեալ»։ 6-րդ դա­րուն ծնունդ առաւ «զո­հագոր­ծել», իսկ 8-րդ դա­րուն՝ «զո­հագոր­ծութիւն» բա­ռը։ 1001 թո­ւակա­նին Գրի­գոր Նա­րեկա­ցին մա­տեան մը զո­հեց Աս­տուծոյ ու այդ մա­տեանին մէջ ճեն­ճե­րեցան նոր ար­տա­յայ­տութիւններ. «Բա­նական զոհ», «Անա­րիւն զոհ»։ Բա­նաս­տեղծը չու­զեց, որ իր աղա­չանքնե­րը աննկատ մնան։ Վե­րինէն խնդրեց. «Մի լի­ցի ինձ երկնել, եւ ոչ ծնա­նել... Ամ­պել, եւ ոչ անձրե­ւել... Ըն­թա­նալ եւ ոչ հա­սանել... Զո­հել, եւ ոչ ճեն­ճե­րել»։

Դա­րերը պա­հան­ջե­ցին նոր զո­հեր, եւ անոնցմէ գո­յացան նոր բա­ռեր, հնա­րաւո­րու­թիւն տա­լով մե­զի, որ մեր հի­ներէն աւե­լի լաւ ըն­կա­լենք «զոհ»ի գա­ղափա­րը։ Ահա այդ բա­ռերը. (Յար­գե­լի ըն­թերցող, քիչ չեն այդ բա­ռերը, ամէն բա­ռի ստուերի մէջ զո­հուա­ծի մը ոգին մեզ կը դի­տէ, ամէն մէկ բառ մեր պատ­մութեան մութ ու պայ­ծառ մէկ էջն է, ուստի զգու­շութեամբ կար­դանք բո­լորը, ցու­ցա­բերե­լով հա­մապա­տաս­խան եր­կիւղա­ծու­թիւնը)- զո­հաբե­րել, զո­հաբե­րու­թիւն, զո­հաբե­րում, զո­հագոր­ծում, զո­համա­տու­ցում, զո­հանո­ւէր, զո­հասե­ղան, զո­հավայր, զո­հատու, զո­հատուն, զո­հարան, զո­հողու­թիւն, անձնա­զոհ, անձնա­զոհու­թիւն, անձնա­զոհա­բար... Հա­մառօտ հա­յոց պատ­մութիւն։ Բա­ռը նաեւ յա­ջողե­ցաւ տե­ղանուն դառ­նալ. «Զո­հասար», Արա­գածի հիւ­սի­սային լան­ջին հան­գած հրա­բուխ։ Աշ­խարհի վրայ չկայ մէկ այլ լե­զու, որ ու­նի «զոհ» ար­մա­տով շի­նուած այնքան բարդ բառ, որ­քան հա­յերէ­նը- բո­լորը մեծ զո­հողու­թիւննե­րով ձեռք բե­րուած, ինչպէս գի­տէք։

Դա­րերու ըն­թացքին «զոհ» բա­ռով յղա­ցանք բազ­մա­թիւ ար­տա­յայ­տութիւններ, քա­նի որ հա­յը սո­րուած էր՝ «Զոհ բե­րել», «Զոհ եր­թալ», «Զոհ տալ», .«Զո­հաբեր ըլ­լալ», «Զո­հուիլ յա­նուն խա­չի, նպա­տակի, կամ՝ հայ­րե­նիքի»։ Այդ բա­ռը յար­մար եկաւ, որ Նար-Դո­սը «Սպա­նուած աղաւ­նին» վէ­պի մէջ կեան­քի իր հա­յեացքնե­րը ար­տա­յայ­տէ «զոհ» բա­ռով. «Յի­մար­ներ եմ հա­մարում առ­հա­սարակ այն մարդկանց, որոնք ներ­կան զո­հում են ապա­գայի հա­մար», «Զո­հը հա­տու­ցում է պա­հան­ջում», «Սի­րում եմ կեան­քը եւ յա­նուն այդ սի­րոյ պի­տի շա­րու­նա­կեմ զո­հել ամէն ինչ»։

«Զոհ» բա­ռի ոգին, 19-րդ դա­րու երկրորդ կէ­սին սկսաւ հայ­կա­կան գրատ­պա­րան­նե­րու մէջ սա­ւառ­նիլ ու մարմնա­նալ որ­պէս գիր­քի խո­րագիր, ինչպէս՝ «Խաս­գիւղի քնաշրջի­կը կամ սի­րոյ զո­հը, Պո­լիս, 1873», «Մա­նուկ զո­հեր կամ կոր­սո­ւած տա­ղանդներ», Կ. Պօ­լիս, 1880, «Զրկան­քի զոհ», Երե­ւան, 1886, «Վար­վառ» կամ XIX-րդ դա­րու զո­հը։ «Կար­նոյ հին գիւ­ղա­կան կեան­քից», Թիֆ­լիզ, 1887, «Վռամ եւ Մա­րի կամ սրտի զո­հեր», Զմիւռնիա, 1894, Հայ­րե­նիքի զո­հեր. Պատ­կեր մը Տաճ­կա­հայաս­տա­նի իրա­կան կեան­քէն», Վառ­նա, 1900, «Սի­րոյ զո­հեր», Պա­քու, 1904, «Վամ­պիրնե­րի զո­հը», Պա­քու, 1904, «Ան­մեղ զո­հեր», Պա­քու, 1908, «Եփ­րա­տին զո­հերը», Կ. Պո­լիս, 1908, «Եղեռ­նին զո­հը. Պատ­կեր իրա­կան կեան­քէ 1913-1914», Կ. Պո­լիս, 1914, «Վեր­ջին զո­հը», Շու­շի, 1915, «Հայ բժշկու­թեան տո­ւած զո­հերը», Կ. Պո­լիս, 1919, «Հա­յաս­տա­նի կա­ղանդչէ­քը. Մեծ եղեռ­նին զո­հերը իրենց պատ­կերնե­րով», Կ. Պո­լիս, 1919։ Իսկ 90-ական թո­ւական­նե­րուն լոյս տե­սան ար­ցա­խանո­ւէր յու­շա­մատեան­նե­րու բազ­մա­հատոր շարք մը՝ «Յու­շա­մատեան- Ար­ցա­խի հա­մար զո­հուած Վա­րան­դա­ցինե­րը / Ու­սուցիչ­նե­րը / Դի­զակ­ցի­ները / Ապան­ցի­ները / Ջեր­մուկցի­ները...»։

Վեր­ջա­պէս եկան մեր բա­նաս­տեղծնե­րը, որ­պէս եղե­րեր­գու, իրենց քնա­րական շունչը զո­հաբե­րեցին այդ միավան­կի հա­մար։ Նախ Դա­նիէլ Վա­րու­ժա­նը եր­գեց. «Թող ես շի­րիմդ համ­բուրեմ, քան­զի այս մեր կեանք – զո­հին բա­գինն է»։ Յի­շել կ՚ար­ժէ Վա­րու­ժա­նի «Առա­ջին մեղ­քը» քեր­թո­ւածը, ուր կան «զոհ» բա­ռի ամե­նէն մե­ղաւոր տո­ղերը. «Աղ­բիւրին քով ուլդ ին­ծի զոհ ըրէ... Ճեր­մա՛կ աղ­ջիկ, ճեր­մակ ուլդ ինձ զոհ ըրէ... Եր­գը շուրթին՝ զայն հեշ­տանքո՚վ մը զո­հեց... Ճեր­մակ աղ­ջիկն իր ճեր­մակ ու­լը զոհ ե՜ց»։ Խրի­մեան Հայ­րի­կը ակա­նատես եղաւ, թէ ինչպէ՛ս Վան քա­ղաքը զո­հուե­ցաւ, գրեց «Վան­գոյժ» գիր­քը. «Վե­րանո­րոգ սահ­մա­նադ­րութեան տօ­նակա­նին ան­շուշտ զոհ մի պէտք էր, եւ այն փա­ռաւոր զոհ դու մա­տու­ցիր, ժո­ղովուրդ Հա­յոց»։ Սիաման­թօն, որ հայ­կա­կան բա­նաս­տեղծու­թեան ըն­բոստ ձայնն էր, ըսաւ.«Գի­տես որ ամէն հե­րոս մեր վրէ­ժին հա­մար է որ կը ծնի, / Եւ ամէն ազ­նո­ւազարմ զոհ մեր սի­րոյն հա­մար կ՚ոգե­վարի»։ Ռու­բէն Սե­ւակը «Կի­լիկիոյ արիւ­նին» են­թա­խորագ­րեալ ող­բի մէջ ըսաւ. «Դո՜ւն, ո՜վ դժբախտ եր­կիր հայ­րե­նի... / Զոհ՝ գա­զան­նե­րու խա­ղին վայ­րե­նի»։ Մի­քայէլ Նալ­պանդեանը գրեց նոր «Հայր Մեր» մը ու աղա­չեց. «Ո՛վ Հայր, ո՛վ դու Հայր, որ երկնքումն ես, / Խնա­յիր թշո­ւառ մեր ան­տէր ազ­գին. / Մի՚ տար զոհ գնալ թշնա­մինե­րի»։ Եղի­շէ Չա­րեն­ցը երկտո­ղի մը մէջ ամ­փո­փեց հա­յոց պատ­մութիւ­նը. «Աշ­նան քա­ղած ար­տի նման՝ հա­զա՜ր զո­հերի / Չհա­ւաքած բե՛րք ես տե­սել - էլի՚ կը տես­նես»։ Յար­գե­լի ըն­թերցող Չա­րեն­ցը գի­տէր, թէ իր նա­խորդ բա­նաս­տեղծնե­րը զո­հեր էին դար­ձած, ին­քը ու­զեց ըլ­լալ՝ վեր­ջի­նը. «Թող ո՛չ մի զոհ չպա­հան­ջո­ւի ինձնից բա­ցի»։ Իսկ Շի­րազը հասկցաւ, թէ Աս­տուծոյ կող­մէ դա­տապար­տո­ւած էր. «Ես ծնո­ւել եմ ձո­րերում՝ / Եղեռ­նի սեւ օրե­րում։ / Աչքս բա­ցի՝ սով տե­սայ, / Աս­տուած ասաց՝ «Զոհ է սա»։

Վեր­ջա­պէս եկաւ մէկ բա­նաս­տեղծ, պարզ բա­ցատ­րեց, թէ ին­չու է պէտք՝ զոհ։ Հա­մօ Սա­հեանն էր ան, բա­նաս­տեղծնե­րու ամե­նէն պար­զը. «Ես ու­րիշ տե­սակ զոհ եմ, ես իմ զոհն եմ՝ անե­րեւոյթ շղթա­ների մէջ։ Բա­նաս­տեղծը եւ թա­գաւո­րը զոհ պի­տի լի­նեն։ Թա­գաւո­րը զոհ եղաւ՝ եր­կիր կ՚ու­նե­նայ, զոհ չե­ղաւ՝ աթոռ։ Բա­նաս­տեղծը զոհ եղաւ, եր­կիր կ՚ու­նե­նայ, ժո­ղովուրդ կ՚ու­նե­նայ, զոհ չե­ղաւ՝ ինքն էլ չի լի­նի»։ Նոյն Սա­հեանն էր, որ Հա­յաս­տա­նը տե­սաւ որ­պէս զոհ. «Ձո­րերդ շնչում են հա­յերէն, / Զո­հերդ ննջում են հա­յերէն, / Հա­յերէն են տան­ջում ցա­ւերդ»։ Ապա ան գրի առաւ աշ­խարհի անի­րաւու­թիւննե­րու դէմ իր ան­զօ­րու­թեան բա­նաս­տեղծու­թիւնը. «Առ­նում են ու ետ չեն տա­լիս, / Ես գոհ եմ, իրենք են դժգոհ։ / Մեռ­նում եմ, երբ ուշ են գա­լիս, / Ես զոհ եմ, իրենք են դժգոհ»։

Այ­սօր, յար­գե­լի ըն­թերցող, յօ­դուածս աւար­տած ժա­մերուն երբ հայ ազ­գը զո­հեր կը շա­րու­նա­կէ տալ, յար­մար կը տես­նեմ Ալեք­սանդր Ղու­մա­շեանի հան­դի­սաւոր եւ վե­հաշուք «Զո­հուած­նե­րը» բա­նաս­տեղծու­թեան ըն­տիր տո­ղերով հրա­ժեշտ տալ ձե­զի.

Կեանք չեն ու­զում ար­դէն զո­հուած­նե­րը մեզ­նից,

Փառք չեն ու­զում, նրանք սի­րոյ յա­նուն մե­ռան...

Զո­հուած­նե­րը մեզ­նից հաց չեն ու­զում ու կեանք,

Ջուր չեն ու­զում ու կեանք ու ձօ­ներ­գեր թե­րի.

Սեւ ձիերը թամ­բած - սպա­սում են նրանք,

Որ երբ օր­հա­սը գայ՛ իրենք զո­հուեն էլի։