Թուրքիա կիներու դէմ գործուած յարձակումները եւ սպանութիւնները հասած են անհանդուրժելի համեմաութիւններու։ Սովորական դարձած է բռնութեան սանձարձակ երեւոյթները։ Ամէն օր կը պատահի բռնութեան սահմռկեցուցիչ նոր դէպք մը, որ իր կարգին ստուերի տակ կը թողու մէկ օր առաջ պատահած նոյնքան սարսափելի մի այլ օրինակ։ Վերջին քանի մը օրերու ընթացքին այլեւս բոլորովին տեսանելի դարձաւ Վան Շատախ գաւառի մէջ իրենց արտը մշակող երկու գիւղացիներուն զինուորներու կողմէ բռնաբարումը։ Երկու գիւղացիները նախ անյայտացան եւ ոչ ոք կրցաւ տեղեկութիւն մը լսել իրենցմէ։ Ապա պարզուեցաւ որ անոնք կը գտնուին Վանի հիւանդանոցներէն մէկուն մէջ ծանրօրէն վիրաւորուած վիճակով։ Ապա ականատեսներ յայտնեցին թէ զինուորները երկու գիւղացիները բռնօրէն դրած են ուղղաթիռի մէջ եւ ուղղաթիռը բարձրանալէն ետք ալ դէպի ցած շպրտած։ Առաջին հերթին անտեսուեցաւ այս վկայութիւնը բայց շուտով վրայ հասաւ բժշկական տեղեկագիրը, որ իր կարգին կը հաստատէր ականատեսներու վկայութիւնը։ Գիւղացիները վիրաւորուած էին բարձունքէ մը իյնալու հետեւանքով։ Այդ յայտարարութենէն ետք մինչեւ այդ լուռ մնացած Վանի կուսակալը պնդեց որ «Գիւղացիները զինուորները տեսնելով փախուստի դիմած եւ ինկած են փլուրէ մը վար–։ Անշուշտ որ այս բացատրութիւնը ոչ ոքի գոհացուցիչ թուացած է եւ հիմա կը բարձրացուի այն հարցումը թէ ո՞վ հրահանգեց այս գիւղացիներու բերման ենթարկուելը կամ ալ ինքնաթիռէն վար շպրտուիլը։
Նախորդ շաբաթուայ ընթացքին Սաքարիա քաղաքի մէջ քիւրտ եղանակաւոր բանուորները եւ Սամսունի մէջ ալ սուրիացի պատանի մը ցեղապաշտ յարձակումներու դիրախը դարձան։