Պսակաձեւ ժահրի համավարակը բացի բնակչութեան առողջութենէ, կարեւոր սպառնալիք մը դարձած է նաեւ անհատներու հոգեվիճակի առումով։ Արդէն իսկ բռնութեան հակում ունեցող Թուրքիոյ քաղաքացիները, վերջերս սկսած են բռնոթեան սահմռկեցուցիչ նոր դէպքերու պատճառ դառնալ։
Բժիշկները եւ առհասարակ բուժաշխատողները իրենց պարտականութեան բերմամբ կը գտնուին վարակուելու առաջին գծին վրայ։ Արդարեւ ամէն որ կը լսուի մահացող բժիշկի մը բօթը։ Հետեւաբար Թուրք Բժիշկներու Կաճառն ալ ահազանգ հնչեցուց իր անդամներուն անունով, կառավարութենէն պահանջելով յաւելեալ խնամք ու ուշադրութիւն իր անդամներուն հանդէպ։
Ազգային Շարժում Կուսակցութեան պետ Տեւլեթ Պահչելի խիստ անարգական նախադասութիւններով մեղադրեց Թուրքիոյ Բժիշկներու Կաճառը։ Պահչելի կը պնդէր թէ այդ կազմակերպութիւնը նպատակ ունի կառավարութեան համավարակի դէմ վարած պայքարը նսեմացնելու։
Յաջորդ օր Անգարայի մէջ պատահածը շատ աւելի լուրջ զարգացում մըն էր, երբ խուժանը կը յարձակէր հիւանդանոցի շտապօգնութեան բաժինը եւ բուժաշխատողները իրենց կեանքը փրկելու համար կը փախէին սենեակ մը եւ սենեակի մուտքը փակելու համար պատգարակներով պարիքաթներ կը կազմէին։ Ինչպէս ըսինք վերեւ, հետզհետէ սովորական ու ամենօրեայ դարձած են այս տեսակի անհաւատալի վայրագութիւնները, որոնց մէկ օրինակն ալ պարզուեցաւ Պրուսայի մէջ։ Պրուսայի քաղաքապետարանի պատկանող հանրաշարժէն օգտուիլ ուզող քաղաքացի մը զգուշացուեցաւ վարորդին կողմէ դիմակ չկրելուն պատճառաւ։ Այսքանը բաւարար էր որ այդ զգուշացումը վերածուէր ծեծկռտուքի եւ վարորդը դաշունահարեր ուղեւորը։
Այս պայմաններու մէջ է որ սկսաւ ուսման նոր տարեշրջանը, իր հետ բերելով անորոշութեան բազմաթիւ խնդիրներ։ Այդ խնդիրներու կարեւորագոյնն է հեռակայ ուսման գործադրման մէջ տեղի ունեցող կաղացումները։ Այդ կաղացումներէն կարեւորագոյնն է բաւականին մեծ թիւով աշակերտներու համակարգիչ եւ հետեւաբար ալ համացանցի կարելիութիւն չունենալը։ Միւս կողմէ Կրդութեան նախարարութեան «ԷՊԱ» կայանն ալ կը դժուարանայ միլիոնաւոր աշակերտութեան նոյն պահուն հաղորդուելով գոյացած ծանրաբեռնուածութեան դիմաց։