Հայու լանջը եւ անոր պաշտելի «լանջ» բառը... Ինչե՜ր ընդունեց ան իր պատմութեան մէջ. սիրելիի մը գլուխը, ուրախութեան հեւքը, կարօտի հուրը, դաւաճանի դաշոյնը... Իսկ հայկական լեռնաշխարհը, որ ծածկուած է սիգապանծ գագաթներէ իջնող ժայռոտ-զմրուխտ լանջերով, ընդունած է վերնասլաց վանքեր, ինչպէս կոյս մը, որ զարդարուած կ՚ըլլայ մարգարտեայ լանջագեղով։ Յարգելի ընթերցող, հետեւեալը հայոց կիտուած, մաշած, բայց դեռ հեւացող «լանջ» բառի պատմութիւնն է։
«Լանջ» բառը կը կարծուի, թէ բնիկ հայկական ըլլայ։ Անոր հնագոյն արմատը կը նշանակէ «թեթեւ, թեթեւաշարժ, թոք», որպէս մարմնի թեթեւ մասը։ Գրաւոր հայերէնի մէջ անոր շրջառութիւնը սկսաւ Ոսկեդարուն։ Յայտնի է, որ Հայկ Նահապետէն մինչեւ 5-րդ դար ան բազմաթիւ անգամներ ուռչեր է հպարտութեամբ, քանզի Սուրբ Գիրքի մէջ գործածուած 12 «լանջ»ի քով կայ գեղեցկացած մէկ այլ բառ՝ լանջագեղ, «...Միթէ մոռասցի՞ կոյս զզարդ իւր, կամ հարսն զլանջագեղ կամար իւր» (Երեմիա, 2։32)
Ճոխ է «լանջ» բառը։ Այն օրէն, երբ լայնալանջ լողորդը կտրեց Վանայ լիճի ջուրերը ու հասաւ Թամարին, «լանջ» բառը ներշնչում տուաւ մեր գուսաններուն եւ բանաստեղծներուն։ Բառը, այնուհետեւ աճեցաւ, աճեցաւ, դարձաւ, -ըստ հայ քնարերգակի՝- «ամբիծ, փափուկ, հայկաշունչ» գեղեցկութիւն։ Քիչ վերջ կ՚անդրադառնանք այն գոհարներուն, որոնք զարդարեր են հայկական գրականութեան լանջը, իսկ այժմ լսենք «լանջ»էն բխած քանի մը պատկերալից բառ։ Առաջինը՝ «լանջանոց», կուրծքին կրելու կանացի զարդ, միջնադարու հայ ոսկերիչի ստեղծագործած ընտիր գեղեցկութիւն, ինչպէս Տաթեւի վանքի բանաստեղծ վանահայր Առաքել Սիւնեցին 1400-ներուն նկարագրեր է, «Ընդելուզեալ անօթ յոսկոյ եւ լանջանոց շար մարգարտոյ»։ Պէտք է յիշել նաեւ «լանջագեղ» բառը- լանջի զարդ։ Հայ ասպետի համար ստեղծուեցաւ «լանջապահ» գոյականը՝ լանջի զրահ պղինձ կամ երկաթագամ։ Իսկ յաղթանակած այրուձիի համար յարմար եղաւ գործածել «լանջաբերձ» ածականը, այսինքն խրոխտ, բարձրակուրծք։ Այսօր դուք, յարգելի ընթերցող, «գրկախառն» բառի համար կրնաք գէթ մէկ անգամ օգտագործել «լանջակից» բառը, քանզի հոմանիշ են անոնք։ Հայկական հին մատենագրութեան էջերուն մէջ անշնչացած պիտի մնար «լայնալանջ» ածականը, եթէ օր մը Յովհաննէս Թումանեանը չգործածէր զայն «Փարւանա» բանաստեղծութեան մէջ. «- Նայի՛ր, դստրի՛կ, իշխանազուն / Էս քաջերին լայնալանջ»։ Ահա նաեւ այդ ածականի հնագոյն գորածութիւնը, որ անկասկած ծանօթ էր ամենայն հայոց բանաստեղծին, «Ի ծովս ընթանային, ՛ի թեւս թեթեւս թռչէին, յերիվարս փայտակերտս ելանէին, զերանակս լայնալանջս ըմբռին»։ Հայկական հնագոյն գրականութեան մէջ պերճ ներկայութիւն ունի «լանջ» բառը, որ յայտնի է փայլող հետեւեալ պատառիկներէն՝ «Զլանջիւք երիվարին առեալ», «Անկեալ զլանջօքն Յիսուսի», «Փառս լանջաց», «Վակաս լանջաց սուրբ Յովհաննէս», «Պերճութեան լանջացն»։ Այս բառով շինուած ածականներուն թիւը կը հասնի յիսունի։ Հայոց լեզուի բարդ բառեր շինելու անմրձելի ունակութեան վրայ աւելցուցէք հայու երեւակայութիւնը, ու դուք կ՚ունենաք՝ լանջաբաց, լանջագօտի, լանջազգեստ, լանջազրահ, լանջածոպ, լանջամերկ, լանջանշան, լանջապինդ, լանջապիրկ, լանջախաչ եւ քաջալանջ։ Ճարտարապետական եզր է նաեւ «լանջ»ը։ Հայ շինարարը կառուցեր է միալանջ, երկլանջ կամ բազմալանջ տանիքներ։ Ան ունի նաեւ երկու փոխաբերական իմաստ. զգեստի այն մասը, որ կը ծածկէ կուրծքը, եւ լերան զառիվայր մակերեսը։ Իսկ ռազմական գրականութեան մէջ կը գտնէք «պատերազմիլ լանջ առ լանջ» արտայայտութիւնը։
Հայաստանը, որ ինչպէս ըսինք լեռնալանջերու երկիր է, բնական է, որ «լանջ» բառը պիտի ընդունէր, որպէս տեղանուն։ Հայկական տեղագրութիւններու մէջ յաճախ կը հանդիպինք համապատասխան եզրերու, ինչպէս՝ «հարաւահայեաց լանջ», «գետակահայեաց լանջ», «ձորի ձախ լանջ», բայց ունինք նաեւ Սարալանջ, Լանջիկ, Լանջաղբիւր, Լանջանիստ- հայրենի գիւղեր, որոնք լանջերու վրայ ծուառած են։ Իսկ Արագածի լեռնազանգուածի մէջ կայ լեռ մը, որուն անունն է՝ Լանջասար։ Այդ բոլորը, ինչո՞ւ զարմանալ պիտի վերածուէր նաեւ գեղարուեստի։ Հայ նկարիչը անտարբեր չէր կրնար մնալ լանջի մը գեղեցկութեան առջեւ։ Մերուժան Յարութիւնեանը եւ Մինաս Աւետիսեանը այնքան սէր ունէին հայրենի լեռներու հանդէպ, որ նկարեցին «լանջ», ու այդպէս ալ անուանեցին իրենց կտաւները՝ «Լեռների լանջին»։
Բայց հայ բանաստեղծ էր, որ պաշտեց «լանջ»ը, գլուխը դրած անոր սպիտակութեան եւ խաղաղութեան վրայ՝ երկնեց քնարական անհամար գոհարներ... «Սեւ երկար մազերը թափուած էին թեթեւ ալիքներով փղոսկրի նման ողորկ եւ սպիտակ լանջին», Մալխաս, «Եւ անձրեւն է այնտեղ ճերմակ՝ ճերմակալանջ ամպի ծոցում», Վահագն Մուղնեցեան, «Պարտէզին մէջ՝ շուշանները ձիւնալանջ / Իրենց նրբին կը մխան բոյրն զգլխիչ», Արտաշէս Յարութիւնեան, «Ծառի մը տակ, վտակի մ՛առընթեր / Նստած՝ տրտում նորա վրայ մտատանջ / Կը խոկայի՝ եւ մաշէի իմ հէգ լանջ», Դանիէլ Վարուժան, «Երդիկն ի վար... Արեւկող լանջ, մրկած կածան, / Տապ ու տօթ», Համօ Սահեան, «Շա՜տ երկար սպասեցի, սակայն չեկար… Կաթնալանջ մարմինս կը պարուրուի հիմա կաթոգին սպասումով», Լեռնա Գարագիւթիւք։ Վերջինը, «կաթնալանջ» ածականը դար մը առաջ գործածեր էր նաեւ Լեւոն Շանթը, ջրվէժի մը կոհակները նկարագրելու համար. «Սեպ բարձունքէն անդունդ կը խուժեն / փրփուր կոհակներ յորդ ու կաթնալանջ»։ Լեւոն Շանթը շռայլօրէն գովերգեց «լանջ» բառը, երբ ստեղծագործեց «Լերան աղջիկը» վիպերգը. «Եւ երնե՜կ երգս ալ պարզ ըլլայ, յստակ... / Ինչպէս լեռնային երկինքը վճիտ. / Ինչպէս լեռա՚ն կոյս, թնդիւնը լանջիդ», «Նրբամէջ ձորը դիւթել կ՚ուզէր մեզ՝ /Վառ ծաղիկներով պճնած դէմքն ու լանջ», «Լեռներն ի վեր՝ / Հո՛ն, ուր հարթակ էր փռուած գեղալանջ», «Պատանեկան սիրտս կեանք առած... / Կը թափահարէր լանջիս տակ ուռած»։ Բայց օր մը, Շաթնի կենսուրախ լանջը լեցուեցաւ հայրենի կարօտով, «Հայրենիքի հուր կարօտը բնածին / Երբ բռնկցուց յուզուած լանջս տենդօրէն»։ Հայրենի լանջերու գեղեցկութիւնը պատճառ եղաւ, որ Վահան Տէրեանն ու Ակսել Բակունցը ստեղծեն գրական պատկերներ, «Սարի լանջից հովն էր փչում», «Խշում են մասրենիները, որ բուսել են քարափի լանջին»։
Գեղեցիկին ու մարդու խորագոյն զգացումներուն նուիրուած այս միտքերու նախահայրը կ՛երեւի թէ բանաստեղծ, երգահան, վերանորոգուող դասական բանաստեղծութեան ներկայացուցիչ Պետրոս Ղափանցին էր։ Ղափան ծնած տաղասացը, որ կեանքի բերումով Պոլիս-Նիկոմիդիա-Ադրիանապոլիս եռանկիւնի մէջ հոգեւորականի կեանք ապրեցաւ, հնչեցուց սիրակէզ ու հայրենաբաղձ քնար մը.
Լեզուս քնար, սիրտս ջնար քեզ երգեն,
Թեւք իմ մատունք, որք միշտ զլանջս հարկանեն...
Բացի՜ր, բացի՜ր, իմ կարմիր վարդ աննման,
Գեղդ նման արեգական վառվառման։
Մէկ այլ հոգեւորական, Հ. Ղեւոնդ Ալիշանը Անի քաղաքամայրը ուզեց տեսնել իր լանջի տակ. «Անի՝ որպէս սիրտ ՛ի լանջս նորին խայտայ եռանդուն կենդանութեամբ»։ Իսկ այժմ զգուշութեամբ մօտենանք այն քնարերգակին, որուն լանջի մէջ թաքնուած էին լուռ ցաւեր։ Յարգելի ընթերցող, Պետրոս Դուրեանն է ան, «լանջ» բառի իսկական երկրպագուն։ Ահա անոր գրիչէն փայլատակած գոհարներ. «Սէր, յոյս, որով միշտ բաբախէ իմ փափուկ լանջ», «Ո՜հ, ինչո՞ւ հառաչ հանէ կոյսին լանջ», «Կուրծս ուռուցիկ լանջ մը զգաց սիրաբախ», «Արիւնաբուխ կող ու լանջ», «Երբոր հովիկն իր այտէն գոյն գեղանի / Եւ իր ամբիծ լանջէն առած քիչ մը հոտ՝ / Տանի սփռէ անապատներն աւազոտ»։
Յարգելի ընթերցող, յօդուածիս աւարտին, եկէք մեր լանջերը մտովի լայն պարզենք հայրենի լեռներուն, շնչենք ջինջ օդը ու մտաբերենք, Գորիսի լանջին ծնած, Զանգեզուրի լանջերուն վրայ հովուական սրինգով սէր երգած Գուսան Աշոտի «Սիւնեաց սարեր» երգը.
«Ա՚խ, ինչքա՜ն, ինչքա՜ն կարօտել եմ ձեզ,
Սիգապա՚նծ լեռներ հայոց աշխարհի,
Վազել եմ, յոգնել ձեր լանջերում ես,
Իմ լեռնե՚ր, լեռնե՚ր, լեռնե՛ր հայրենի»։