Համավարակի պայմաններուն տակ կայացաւ Հրանդ Տինքի միջազգային մրցանակի տուուչութեան հանդէսը։ Այս տարի 12-րդ անգամ տրուող մրցանկի դափնեկիրները եղան Մոզն Հասսան եւ Օսման Քաւալա։ Մոզն Հասսան Եգիպտացի մարդու իրաւունքներու պաշտպան մըն է, որ կ՚աշխատի յատկապէս կիներու իրաւունքները պաշտպանելու ուղղութեամբ։ Իր հիմնած հասրակական կազմակերպութիւնը գործունէութիւն կը ծաւալէ բացի Եգիպտոսէ Միջին Արեւելքի եւ Հիւսիսային Ափրիկէի շարք կը երկիրներուն մէջ։ Հասսան նախորդ տարիներուն թիրախը եղաւ եգիպտացի յետադիմական շրջանակներուն, որոնք զինք կը մեղադրէին հին աւանդութիւններու եւ ազգային փառքերու դէմ ելլելու պնդումով։ Հասսան այդ մեղադրանքներու բերմամբ դատուեցաւ, գրաւուեցաւ իր սեփական եւ հիմնած հաստատութեան բոլոր ունեցուածքը։ Ձեռք դրուեցաւ նաեւ անցագրին եւ արգիլուեցաւ երկրէ դուրս ելլելը։ Ան մրցանակատուուչութեան ընթացքին յայտնեց թէ մեծ պատիւ կը համարէ նախապէս այս մրցանակին արժանի գտնուած համաշխարհային գործիչներու շարքին մասնակցիլը։
Ինչպէս ծանօթ է երկրորդ մրցանակը կը շնորհուի Թուրքիոյ մէջ նման աշխատութիւնը ծաւալող գործիչի մը կամ կազմակերպութեան մը։ Այս տարի միջազգային դատակազմը Հրանդ Տինք մրցանակով պատուեց 1050 օրերէ ի վեր անհիմն պնդումներով ազատազրկուած հասարակական գործիչ Օսման Քաւալան։
Քաւալա միշտ հաւատացած էր հակադրուած ժողովուրդներու երկխօսութեան եւ բուռն աշխատութիւն ծաւալած էր այդ երկխօսութիւնը կեանքի կոչելու համար։ Այդ ծիրէն ներս բազմաթիւ նախաձեռնութիւններու հեղինակը կամ անմիջական հովանաւորը եղած էր։ Մանաւանդ շատ կարեւոր աշխատութիւն տարած էր Հայաստան- Թուրքիա մշակութային գեղարուեստական եւ ակադէմական կապերու հաստատման գործին մէջ։
Նախորդ տարիներուն քաղաքի կարեւոր դահլիճներէն մէկուն մէջ կայացող մրցանակատուչութեան հանդէսը այս տարի համավարակի թելադրանքներու պատճառաւ կայացաւ առցանց։
Հրանդ Տինքի ծննդեան օրուան այս իւրայատուկ յիշատակման համար Արթօ Թունչպոյաճըեան մշակած էր երաժշտական ընտրանի մը, որուն մէջ տեղ գտան Թուրքիայէն եւ Հայաստանէն զանազան երգիչներ կամ երաժշտական խումբեր։
Մրցանակաբաշխութեան հանդէսի աւանդական բաժիններէն մէկն է «Լոյսեր» խորագրին ներքեւ անդրադառնալ սոյն տարուայ կարեւորագոյն մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան առումով կայացող միջոցառումներուն։ Այսպէս նշուեցաւ Չիլիի ֆեմինիստ միաւորում Լաս Թեսիսի պարելով բողոքը։ Ինտոնեզիոյ մէջ սեռային հաւասարութեան համար պայքարող ռաք նուագախումբ «Վոյս օֆ Պասէփրոթը», Տիյարպէքիր Սուր թաղամասի փողոցներուն հայհոյանք պարունակող գրառումները որմանկարներով պատող կին նկարիչներ՝ Նեշէ Թոփրաք, Սերաբ Էրկին, Համտիյէ Աքըն եւ Շերմին Փիղասթեհ, Գերմանիոյ փողոցներու ցեղապաշտ գրառումները սրբող 70–ամեայ Իմելա Մենսախ Շըրամ, Յունաստանի մէջ նկարահանած վիտէօ ժապաւէնով Թուրքիոյ մէջ համերգները արգելուած «Կրուպ Եորում»ին զօրակցող «Սուբբորդ Արթ ուորքըս», Հոնկ Քոնկի մէջ խօսքի ազատութիւնները սահմանափակող օրէնքներուն դէմ դիմադրողները, Իսթանպուլի մէջ պատուոյ երթը արգիլուած միասեռականները, ԱՄՆ-ի մէջ «Սեւ կեանքները կարեւոր են» բողոքի ցոյցերու մասնակիցները, Իսթանպուլի մէջ կիներու ուղղեալ բռնութիւնները կանխելու նպատակով պատրաստուած Իսթանպուլի համաձայնագիրը պաշտպանողները, Պէյրութի պայթումէն ետք դժուար պայմաններու տակ օգնութեան փութացող կամաւորները եւ համավարակի պայմաններուն տակ մարդասիրական դրդումներով կամաւոր կերպով դիմակ արտադրողները այս տարուայ լոյսերը ըլլալով ողջոյնուեցան։
Շուրջ մէկ ժամ տեւող մրցանակատուուչութիւնը աւարտուեցաւ Հրանդ Տինքի Հենրի Նանսենի անուան մրցանակը ստանալու տեսահոլովակով։