Ընկերային կեանքի զարգացումները կը ներկայացնեն նոր ընկալումներ, որոնց հիման վրայ անհրաժեշտութիւն կը դառնայ ուսման ծրագիրներու մէջ ալ բարեփոխումներ կատարել։ Ինչպէս ծանօթ է շատերուն, Հայաստանի ուսման ծրագրի մէջ վերջերս կատարուեցան որոշ փոփոխութիւններ, որոնք պատճառ դարձան զանազան մեկնաբանութիւններու։ Այս առթիւ Կարինէ Փալանճեան հարցազրոյց մը ունեցաւ «Ես եւ իմ հայրենիքը», «Հայոց պատմութիւն», «Համաշխարհային պատմութիւն» եւ «Հասարակագիտութիւն» առարկաներու չափորոշիչներու մշակման խմբի ղեկավար, պ.գ.թ., տոցենթ Լիլիթ Մկրտչեանի հետ։ Ստորեւ մեր ընթերցողներու ուշադրութեան կը յանձնենք Մկրտչեանի կատարուած աշխատանքի մասին խորհուրդները։
ԿԱՐԻՆԷ ՓԱԼԱՆՃԵԱՆ
Բարեփոխումները ժամանակի թելադրանքն են, այսինքն կրթական համակարգի արդիականացումը, կրթութեան որակի բարելաւումը ցանկացած պետութեան զարգացման միակ ուղին է, ուստի այս բարեփոխումներով դպրոցին կ՚առաջարկուի ժամանակակից միջազգային կրթական չափանիշներու համապատասխան կրթական ծրագիր։ Այս ծրագիրները կը նպաստեն դպրոցի զարգացմանը, դպրոցականի՝ որպէս իրաւագիտակից քաղաքացի, կերտման։ Բարեփոխումներու հիմքը կը կազմէ կրթութեան փիլիսոփայութեան փոփոխութիւնը։ Փոփոխութիւններու արդիւնքին դպրոցը կերտելու է, ազգային արժէքները կրող, միջազգային ասպարէզի մէջ իր պետութեան դերակատարութիւնը գիտակցող, պատասխանատու, իրաւագիտակից քաղաքացի։
Այս ուղղութեան գործող յանձնախումբը ձեւաւորուած է Կրթութեան Գիտութեան Մշակոյթի եւ Սպորթի նախարարութեան կողմէ յայտարարուած մրցոյթի արդիւնքով, որուն դիմած եմ ես, ինչպէս կարող էր դիմել ՀՀ իւրաքանչիւր քաղաքացի։ Ընդհանուր խմբին մաս կը կազմեն 11 արհեստավարժ մանկավարժներ ու մասնագէտներ, որոնց կատարած աշխատանքը արժանի է մեծ գնահատանքի։
Առաջարկուող չափորոշիչները հիմնուած են ըլլալու կարողունակութիւններու վրայ, որմէ պիտի բխի վերջնարդիւնքները։ Տարբերութիւնը այն է, որ գործող չափորոշիչները կառուցուած էին բովանդակութեան վրայ։ Կարողունակութիւններու վրայ կեդրոնանալով հնարաւորութիւն կ՚ունենանք առաւել լայն բովանդակային դաշտ ընդգրկելու եւ փաստերն ու երեւոյթները տարբեր տեսանկիւններէն ուսումնասիրելու։ Այսինքն սահմանելով յստակ տեսլական, թէ ինչպէս քաղաքացի կ՚ուզենք ձեւաւորել դպրոցէ ներս, մենք զարգացնելու ենք սովորողի կարողունակութիւնները, որոնք իրեն հնարաւորութիւն կու տան ինքնուրոյն հետազոտել, վերլուծել, դատողութիւններ ընել։ Եւ ամենակարեւորը՝ առաջարկուող վերջնարդիւնքները գործող վերջնարդիւնքներու համեմատ չափելի են։ Այստեղ յատկանշական է նաեւ ընդգծել, որ առարկաներու ուսումնասիրման համար կարեւոր է ոչ միայն գիտելիքի, այլ նաեւ հաղորդակցման հմտութիւններու, հետազօտական մօտեցումներու, մտածողութեան ձեւերու գնահատումը։
Ինչպէս, արդէն նշեցի, փոփոխուած են կրթութեան մօտեցումները։ Մեր ապագայի հանրակրթութեան մօտեցման հիմքը յարմարուիլն է։ Այս մէկը աշխարհի առաջատար կրթական համակարգերու մօտեցումն է։ Կը հիմնաւորուի այն տեսակէտէն, որ հնարաւորութիւն կու տայ սովորողին առաւել յստակ պատկերացնել առարկաները, տեսնել առարկաներու փոխկապակցուածութիւնը եւ ժամանակի ու տարածութեան մէջ գտնել անոնց զարգացման կամ փոփոխութեան պատճառահետեւանքային կապերը։ Բնականաբար պատմութիւնը կամ պատմական դէպքերու ներկայացումը չի կրնար փոխուիլ, բայց այսօր յստակ փաստ է, որ ուսուցիչն ու դպրոցը պէտք է դադարին սոսկ տեղեկութիւն փոխանցող ըլլալէ։ Դպրոցը պէտք է սովորողին հնարաւորութիւն տայ ինքնուրոյն մտածել կարողանալ, սովորողին պատրաստի գիտելիք մատուցելով։ Գիտելիքները անգիր անելով, մենք մտածող քաղաքացիներ չենք կրնար ձեւաւորել, իսկ այսքան արագ զարգացող աշխարհի վրայ մեր պետութեան դիրքերն ամրացնելու միակ ճանապարհը մտածող անհատներ ունենալն է, որոնք կը կարողանան դասեր քաղել պատմութենէն, պատասխանատու կ՚ըլլան այդ պատմութեան ոչ ցանկալի անցքերու չկրկնուելուն համար, կը կարողանան ըլլալ պահանջատէր՝ իրաւագիտակցութեան դրսեւորմամբ։
Մեր առարկայական խմբի դասանիւթերը կը սկսին 5-րդ դասարանէն եւ կը ներկայացնենք նոր դասանիւթ՝ «Ես եւ իմ հայրենիքը», որ ճիշդ մարդասիրական առարկաներու հիմքը կը կազմէ։ Այս դասանիւթով աշակերտը կը սկսի ճանաչել իր հայրենիքը, սկսելով իրմէ՝ ով է ինքը, կ՚ուսումնասիրէ շրջապատը, սեփական համայնքը, երկիրը, պետութիւնը։
Գլխաւոր կերպարն ինքը՝ երախան է, որ կը ճանապարհորդէ Հայկական լեռնաշխարհի տարածքով, կ՚ուսումնասիրէ նահանգները, մարզերը, հայկական հոգեւոր մշակոյթը։ Կը ճանչնայ քրիստոնէական, եկեղեցական, ազգային տօները։
6-րդ դասարանի «Ես, իմ հայրենիքն ու աշխարհը» դասանիւթի շրջանակներով «Հայոց պատմութիւնը» յարմարեցուած է «Համաշխարհային պատմութիւնը»՝ նիւթի հետ։ Այդ դասանիւթը կը սկսի վաղնջական ժամանակաշրջանէն՝ նախնադար, նեոլիթեան ժամանակաշրջան, այնուհետեւ Ուրարտական թագաւորութեան ժամանակաշրջանները։
7-րդ դասարանէն արդէն անցնելու են՝ «Հայոց պատմութիւն», «Համաշխարհային պատմութիւն» եւ «Հասարակագիտութիւն» առարկաները մինչեւ 9-րդ դասարան։
Միջին դպրոցի ուսման ծրագրի մէջ ժամանակագրութիւնը մենք յստակ պահպանած ենք՝ սկզբէն մինչեւ վերջ, ծագումնաբանութենէն մինչեւ մեր օրեր, այսինքն այստեղ ժամանակագրական առումով, որեւէ փոփոխութիւն չկայ, փոխուած է միայն մօտեցումը, մատուցումը, մեթոտական հատուածը։
10-րդ դասարանին հայոց պատմութեան ուսումնասիրութիւնը կը կառուցուի պետութեան գաղափարի շուրջ։ Այստեղ նպատակը պետութիւններու ձեւաւորման ու կործանման պատճառահետեւանքային կապերու եւ այլ բազում խնդիրներու կը վերաբերի։ Տարաբնոյթ աշխատանքներու միջոցով՝ բանավէճեր, աղբիւրներու ուսումնասիրութիւններ, աշակերտները կը ներկայացնեն իրենց հետազօտումն ու դիրքորոշումը նիւթին։
11-րդ դասարանին կը կառուցուի ինքնութիւն հասկացութեան շուրջ, եւ այստեղ ինքնութիւն նկատի կ՚ունենանք ազգային-ազատագրական պայքարը իր բոլոր բաղադրիչներով։
12-րդ դասարանը նորարարութեան գաղափարի վրայ է հիմնուած։
Աւագ դպրոցի աշակերտները ուսուցումն ամբողջութեամբ կազմակերպելու են հետազօտութիւններու, ուսումնասիրութիւններու, վերլուծութիւններու հիման վրայ։
Պատմութեան ինստիտուտի տնօրէն Աշոտ Մելքոնեանի «Հայոց պատմութիւն» դասագրքերին օգտագործուած են բացառապէս թրքական եզրեր յայտարարութիւն կեղծ մեղադրանք է։ Պատմութեան չափորոշիչներու նախագծի մէջ նման տերմիններ չկան, իսկ նոր դասագրքեր դեռ չկան տպուած։ Այդ մեղադրանքներու համար որպէս ապացոյց կը ներկայացնեն, մի ուրիշ աշխատութեան մէջ առկայ այդ բառամթերքը, որոնք թուրքական դասագրքի հատուածներ են եւ բնականաբար, որեւէ կապ չունին չափորոշիչներու նախագծի հետ։ Յուսամ այդ շփոթմունքի առաջացումը կանխամտածուած չէ յարգարժան պատմաբաններու կողմէ եւ նպատակ չէ ունեցած հանրութեան մօտ դիտաւորեալ ապատեղեկատուութիւն տարածել։
Գիտէք որ որոշ շրջանակներ զիս Թուրքիայի գործակալ կը համարեն։ Կը յայտարարեն թէ համագործակցած եմ թուրք գործիչներու հետ։ Աւելին Աշոտ Մելքոնեանը ըսած է, որ կարող է դիմել Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան։ Ես կը ցաւիմ կեղծ մեղադրանքներու եւ զրպարտութիւններու համար։ Այո՛, ես մասնակցած եմ նման ծրագրերու որպէս անհատ փորձագէտ։ Ծրագրի ընթացքին եղած են փոխադարձ այցելութիւնններ՝ Իսթանպուլ եւ Երեւան։ Մենք ունեցած ենք հանդիպումներ թուրք գործընկերներու հետ։ Անոնք մարդիկ են, որոնք եկած են Հայաստան, ընդունուած են Ցեղասպանութիւնը, գացած են Ծիծեռնակաբերդ, ծաղիկներ խոնարհած ու աւելին՝ իրենց պետութեան կողմէ հալածուած են։ Կար մի ժամանակ, երբ իրենց պետութեան ղեկավարը հաւաքած էր անոնց անձնագրերը եւ զրկած աշխատանքէ։ Այն, ինչ որ ես որպէս անհատ փորձագէտ-գիտնական իրականացուցած եմ, որեւէ կապ չունի այս ամբողջ գործընթացի՝ կրթական բարեփոխումներու հետ։
Այդ ծրագրի արդինքով ստեղծուած է մի աշխատութիւն, որ Թուրքիայի եւ Հայաստանի պատմութեան դասագրքերու վերլուծութիւն է։ Ան չունի եւ չի կարող ունենալ, որեւէ կապ չափորոշիչներու նախագծի հետ։
Ի հարկէ, ես ինքս բազմիցս յայտարարած եմ, որ հրաւիրեմ համապատասխան մարմիններու ուշադրութիւնը, կեղծ զրպարտութեան, բարի համբաւը ոտնահարելու հիմքով եւ կը խնդրեմ, որ իրենք ուշադրութեամբ ուսումնասիրեն եւ իմ եւ մեղադրանքը ներկայացնող գործընկերներո անցած ճանապարհը, կենսագրութիւնը եւ եթէ կը գտնեն որեւէ բան, ես պատրաստ եմ պատասխան տալու։
Կը ցանկանամ մեր զրոյցը ամփոփելով, եւս մէկ անգամ շեշտել, որ կրթական բարեփոխումները մեր կրթական համակարգի արդիականացման համար խիստ անհրաժեշտ են։ Իւրաքանչիւր գիտակից անհատ, ով մտահոգ է իր պետութեան ապագայով, անշուշտ կը գիտակցի, այդ կարեւորութիւնը։ Կը ցանկանամ կոչ ընել բոլոր մտահոգ անհատներուն, զերծ մնալ կեղծ մեղադրանքներէ, բարեփոխումները արատաւոր կերպով ներկայացնելէ, գալ գիտական միջավայր, քննադատութիւնները ուղղել գիտական հիմնաւորմամբ, եւ չքննադատել երեւոյթն առանց հայեցակարգն ուսումնասիրելու, քանզի յաճախ կը լսուի քննադատութիւններ, օրինակ պէտք է ամբողջ փաստաթուղթը փոխել եւ այլն։ Յարգելիներս կը փոխուի կրթութեան մօտեցման հիմքը, հայեցակարգը, նոր հայեցակարգը կ՚ենթադրէ նոր մօտեցումներ։