Միջին Արեւելքի փոթորկալից զարգացումները մեծ սպառնալիքի մը վերածուած են հայկական սփիւռքի Միջին Արեւելեան կարեւորագոյն կեդրոններուն համար։ Անցեալին մեծ մտահոգութեամբ ականատես եղանք հալէպահայ գաղութին քայքայման երեւոյթներուն։ Այս անգամ վտանգուած է լիբանանահայ գաղութը, որ կ՚ապրի տարանջատման ծանր պայմաններ։ Դէպի արեւմտեան երկիրներ արտագաղթը թէեւ նոր երեւոյթ մը չէ, իսկ այժմ կ՚ապրինք ալ աւելի զանգուածային բնոյթ մը ստացող գաղթի նոր հոսանք մը։ Այստեղ միակ բարեբախտութիւնը այն է, թէ գաղթի հոսանքը զգալի մեծամասնութեամբ ուղղուած է դէպի Հայաստան, որ ինքնին երաշխիք մըն է ապագայի իմաստով։ Սակայն ուղղութիւնը ինչ, որ ալ ըլլայ գաղթը զգալի կորուստ մըն է հայութեան համար։ Այս առումով կը կարեւօրէնք լիբանանահայ այժմու խնդիրները վերլուծող բոլոր գրութիւնները եւ կը շարունակենք մեր լիբանանահայ բարեկամներու մատնուած ճգնաժամը լուսաբանող գրութիւններուն։ Արդարեւ կը ներկայացնենք Շահէն Արաբօղլուեանի Լիբանանի վերջի զարգացումներու մասին մեկնաբանութիւնները։
ա- Երկրին քաղաքական վիճակը օրէ օր կը փոխուի, անընդհատ։ Երկուշաբթի օր երեսփոխանական նիստը մեծամասնութեան ձայնով քուէարկեց նախկին Գերմանիոյ Լիբանանի դեսպան Մուսթաֆա Ատիպ եւ զայն նշանակեց վարչապետ։ Հազուադէպ երեւոյթ մըն էր, պարզապէս որովհետեւ թէ՛ Սիւննի եւ թէ՛ Շիիթ համայնքներու մեծագոյն ուժերը քուէարկեցին նոյն անձնաւորութեան։ Այս ժամանակամիջոցին ժամանեց Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն (պայթումէն ետք երկրորդ անգամ ըլլալով արդէն) եւ ընթրիք ունեցաւ բոլոր լիբանանեան կուսակցութիւններու պատասխանատուներուն հետ։ Ան ըսաւ որ նոր վարչապետը պէտք է անպայման կառավարութիւն կազմէ եկող երկու շաբաթներուն ընթացքին եւ բարեփոխումներ կատարէ եկող ամսուան մէջ, թէ ոչ Լիբանան պիտի չստանայ միջազգայինօրէն նախապէս խոստացուած եւ տրամադրուելիք օգնութիւնը։
Պէյրութահայութեան իրավիճակը նաեւ անկայուն է, թէ՛ որովհետեւ պայթումին կեդրոնը շատ մօտ էր հայահոծ Պուրճ Համուտին, եւ թէ՛ որովհետեւ լիբանանահայութիւնը բացառութիւն մը չէ երկրի տնտեսական ծանր տագնապէն։ Շատեր, շատ շատեր, մտադրած են լքել եւ փոխադրուիլ ուրիշ երկիր, որոնցմէ շատ մեծ թիւ մը որոշած է Հայաստան փոխադրուիլ։ Այո, հասկնալի է որ ամբողջ գաղութ մը կը պարպուի հոսկէ, Պէյրութէն, քաղաք մը որ յաճախ կոչուած է «սփիւռքի սիրտը» (թէեւ համաձայն չեմ ատոր հետ), բայց լիբանանահայը չենք կրնար մեղադրել։ Մեծ մայրերու եւ մեծ հայրերու լիբանանահայ սերունդը ծնած է ցեղասպանութենէն ազատած ծնողքի մը, համաշխարհային երկրորդ պատերազմի ընթացքին, եւ յետոյ հազիւ կայուն վիճակ մը ստեղծուած է եւ սկսած են ամուսնանալ եւ զաւակ ունենալ՝ արիւնալի քաղաքացիական պատերազմը սկսած է Լիբանան եւ տեւած է 15 երկար տարիներ, որմէ ետք շարունակուած է եւ դեռ կը շարունակուի դրացի երկիրներու հետ փախումներ, ահափեկչական փորձեր (երբեմն յաջող), անիրաւութիւն, խտրութիւն, աներեւակայելի մեծահարուստներու խաւ մը, պայթումներ, հրդիրներ, մինչեւ նոյնիկ արիւնալի թարմ պատերազմը 2006-ի։ Ուրեմն բոլորս ալ ապրած ենք եւ փորձառութիւնը ունեցած ենք Լիբանանի անկայուն վիճակին, եւ ալ հասկնալի է երբ որեւէ մէկ լիբանանահայ ուզէ ձգել երթալ, ուր ալ ըլլայ երկիրը։ Կ՚արժէ նշել որ միայն հայերը չեն լիբանանի մէջ որոնք կը գաղթեն դուրս, բայց պարզապէս լիբանանահայերը ունին այն առաւելութիւնը, որ Հայաստանը թէ՛ վիզայի եւ գործի խոչընդոտներ չստեղծեր, եւ թէ՚ ալ լեզուն բոլորիս ծանօթ է եւ մշակոյթը ոչ շատ հեռու։
բ- Հանգիստ կրնամ ըսել որ Լիբանանը, այսինքն կառավարութիւնը աս պարագային, չի դիմագրաւեր այս դժուարութիւնները՝ ո՛չ տնտեսական կողմէ, ո՛չ պայթումին հետեւանքները, ոչ մէկ բան։ Պարզապէս որովհետեւ տնտեսութիւնը ոտքի կանգնեցնելու համար պէտք է դրամական թափանցիկ մօտեցում ունենան, եւ գրեթէ բոլորը բտած են, ուրեմն անկարելի է նիւթական թափանցիկութիւնը, որ կը նշանակէ նաեւ անկարելի է արտաքին միջազգային օգնութիւնը։ Պայթումէն ետք կառավարութիւնը չունէր ոչ մէկ անմիջական ծրագիր եւ գրեթէ ժողովուրդն էր որ հասաւ ինք իրեն օգնելու։ Մինչեւ հիմա իսկ գրեթէ նոյնն է իրավիճակը։ Օգնող կառավարութիւն չկայ, միայն կան օգնող կուսակցութիւններ, միութիւններ ու կազմակերպութիւններ, որոնք գրեթէ բոլորը այս կամ այն ձեւով մաս կը կազմեն երեսփոխանական նիստին։
Չեմ կրնար ըսել եւ կամ գիտնալ Պէյրութահայութիւնը ինչ կարիքներ ունի, բայց կարծեմ բոլորս կ՚ակընկալէինք սփիւռքին աջակցութիւնը, մանաւանդ պայթումէն ետք։ Հայաստանէն եկած օգնութիւնը, քիչ մը գոնէ անձնապէս ինծի համար, հաճելի անակնկալ մըն էր։ Այո յաճախ Հայաստանը օգնած է լիբանանահայութիւնը երբ պէտք եղած է, բայց ոչ այս աշխուժութեամբ։ Մանկութեանս ընթացքին յաճախ դրամահաւաքներու եւ թելեթոններու եւ ռատիոթոններու մասնակցած եմ եւ Հայաստանի պզտի-պզտիկ գումարներ տուած եմ, ուրեմն իմ հիմա չափահաս անձիս համար դրական հաճելի եւ անակնկալ մըն էր։