Իշխանութեան բոլոր լիազօրութիւնները Հանրապետութեան նախագահին փոխանցող նոր վարչաձեւէն ետք Թուրքիոյ ազգային Խորհրդարանը մեծաւ մասամբ կորսնցուց իր հեղինակութիւնը։ Խորհրդարանէ ներս մեծամասնութիւն կազմող երկու կուսակցութիւններու պատգամաւորները ընդհանրապէս կը գոհանան նախագահական պալատէն եկած կանոնագրութիւններու կամ օրինագիծերու վաւերացումը ապահովելով։ Ընդդիմադիր կուսակցութիւններու անդամները իրենց պատգամաւորի կոչումը կ՚արդարացնեն զանազան նախարարներուն պաշտօնապէս հարցագիրներ ուղղելով։ Այդ առումով խորհրդարանի աչքառու ընդդիմադիր պատգամաւորներէն մէկն է Կարօ Փայլան, որ այս օրերուս ալ մին Անգարայի երբեմնի հայկական Սթանոզ գիւղի լքեալ գերեզմանի թալանման համար մշակոյթի նախարարին եւ միւսն ալ իր անդամակցած ՀՏՓ կուսակցութեան գրաւեալ քաղաքապետութիւններու մասին ներքին գործոց նախարարին երկու հարցագիրներ ուղղեց։
Սթանոզ պատմական գիւղը կը գտնուի մայրաքաղաք Անգարայի մերձակայ Սինճան գաւառի մէջ։ Սթանոզցիներ անցեալին գաղթած են Պարսկաստանէն եւ իրենց հետ բերած են հիւսուածեղէնի արտադրութեան զարգացած գիտելիքը։ Համբաւաւոր «անկորա» կտաւագործութիւնը իրենց շնորհիւ գոյացած է։ Ցեղասպանութենէ ետք ամբողջովին լքուած գիւղի գերեզմանատունը կ՚ենթարկուի գանձախոյզերու յարատեւ թալանին։
Փայլանի անդրադարձած երկրորդ կէտն է վերջին շրջանային ընտրութիւններէ ետք իր կուսակցութեան նուաճած 65 քաղաքապետարաններէ 47-ին կառավարութեան ձեռքով առգրաւումը։
Փայալանի հարցումները ներկայ դրութեան մէջ թէեւ շինիչ ազդեցութիւն մը պիտի չունենան,բայց պատմական փաստեր ըլլալով տեղ պիտի գտնեն Թուրքիոյ քաղաքական պատմութեան մէջ։ Այլ խօսքով Փայլան ներկայ պահուն կ՚աշխատի պատմութեան համար։