2020 տարեթիւի թէեւ բոլոր տաղաւարները զոհը դարձան պսակաձեւ ժահրի համավարակին, բայց ժողովուրդը դիմադրելով բոլոր զրկանքներուն, անգամ մը եւս կատարեց աւանդութեան թելադրանքը եւ սահմանուած պայմաններու տակ իսկ կատարեց այն ինչ որ հարկ էր տարիներէ ի վեր։
Պատրիարք Սահակ Բ. եւս բերաւ իր բաժինը այդ աւանդութեան կայանալուն համար։ Ան այս տարի ալ Սուրբ Աստուածածնի տաղաւարը դիմաւորեց Վաքըֆլը գիւղի Սուրբ Աստուածածնի եկեղեցւոյ կամարներուն տակ, նախապէս օրհնելով հարիսայի կաթսաները եւ յաջորդ օրն ալ ներկայ ժողովուրդին բաշխելով օրհնուած խաղողի ողկոյզները։