Պսակաձեւ ժահրի համավարակը բազմաթիւ երկիրներու մէջ ճգնաժամային պայմաններ ստեղծեց ուսման համակարգէ եւ դպրոցական կեանքէ ներս։ Թուրքիոյ կրթական նախարարութիւնը յետաձգեց ուսման տարեմուտի համար յայտարարած 31 Օգոստոս թուականը դէպի 21 Սեպտեմբեր։ Մինչ այդ կը ծրագրուի հեռակայ ուսուցման դրութիւնը եւ աւելի նուազ աշակերտ ունեցած դասարաններով դէմ առ դէմ ուսման կարելիութիւնները։ Այս ամբողջին մէջ համայնքային վարժարաններն ալ կը փորձեն յաղթահարել իրենց յատուկ ու բազմաբնոյթ խնդիրները։ Այս օրերուս հանրային կարծիքի ուշադրութիւնը ալ աւելի ուղղուած է դէպի Էսաեան վարժարան, ուր մինչեւ օրս կարելի չէ եղած պաշտօնանկ եղած զոյգ տնօրէններուն տեղ նոր նշանակումներ կատարել։ Եթէ փակ դռներու ետին գաղտնի կարգադրութիւններ չեն կատարուած շատ հաւանական է, որ Էսաեան վերամուտը դիմաւորէ թէ նախակրթարանի եւ թէ երկրորդական բաժնի մէջ առանց տնօրէնի։
Բացի այս բոլորէն առկայ անյաջող միջավայրի բերմամբ հրաժարած են երկու արժէքաւոր ուսուցչուհիներ Արմաւենի Միրօղլու եւ Եւա Պիւյիւքսիմքէշեան։ Հայերէնի վաստակաւոր ուսուցչուհի Արմաւենի Միրօղլու «Ակօս»ին յայտնեց թէ չէ հաշտուած զոյգ տնօրէնուհիներու այսպէս անբարոյ ձեւով պաշտօնազրկման։ Անգլերէնի ուսուցիչ Եւա Պիւյիւքսիմքէշեան ալ Դտմատետրի գրառումներով բաժնեց նոյն կարծիքները եւ վերջ տուաւ այս վարժարանէ ներս տարած աւելի քան 24 տարիներու ծառայութեան։