Ամբողջ աշխարհի վրայ ազդեցութիւն գործած պսակաձեւ ժահրի համավարակը իր ձանձրալի անդրադարձը ունեցաւ նաեւ հայ ժողովուրդի ամենաուրախ տաղաւարներէն Վարդավառի վրայ եւս։ Ինչպէս ծանօթ է Վարդավառի ոգեւորութիւնը կու գայ ջրցանի միջոցաւ։
Այս տարի առաջին անգամ Երեւանի փողոցներն ալ հեռու մնացին տօնական մթնոլորտէն։ Պոլսոյ մէջ Պատրիարքարանի 16 Մարտէն այս կողմ գործադրած դռնփակ պատարագները վերջ գտան եւ առաջին անգամ Վարդավառի տաղաւարին եկեղեցիներէ ներս պատարագ մատուցուեցաւ ժողովուրդի ներկայութեամբ։ Թէեւ մեր սովորութիւններէն բաւական հեռու էր եկեղեցւոյ մուտքին անուն, ազգանուն եւ տան հասցէի նման տուեալներ յայտարարելով տաճար մուտք գործելու երեւոյթը։ Եկեղեցիէ ներս ալ կը շարունակուէին կանխամիջոցները յատկապէս հեռաւորութիւն պահելու սկզբունքով։ Թէ հաւատացեալներ եւ թէ պատարագ մատուցողները կամ խորանին ծառայողները դիմակաւոր էին։ Հաղորդութեան ընթացքին եւս հնազանդուեցաւ հեռաւորութիւն պահելու կանոնին։ Ուշագրաւ էր պատարագիչի յաճախ հականեխիչ հեղուկով ձեռքերը լուալու երեւոյթը։
Թուրքիոյ հեռուստակայանները կիրակի երեկոյեան լուրերուն մէջ փոխանցեցին Համշէնի լեռնադաշտին վրայ Վարդավառի տօնակատարութենէն դրուակներ։ Պատկերներ՝ որոնք կը ցոլացնեն տօնական մթնոլորտը համշէնցիներու ոգեւոր շուրջպարերու միջոցաւ։