Թուրքիոյ իրաւական համակարգի զոհը դարձած հասարակական գործիչ Օսման Քաւալա ընդվզում յայտնեց Թուրքիոյ պաշտօնական լրատուամիջոցին՝ «Անատոլու Աժանս»ին իր մասին ըրած հրապարակումին համար։ «Անատոլու Աժանս» գործակալութիւնը իր պատրաստած լուրերուն մէջ Օսման Քաւալան կը ներկայացնէր իբրեւ Ֆեթուլլահ Կիւլենի աղանդի անդամ։ Քաւալա նշելով թէ իր դէմ յարուցուած զանազան անհիմն մեղադրանքներուն մէջ բացարձակապէս չէ անցած նման պնդում մը։ «Այս իրողութիւնը գիտնալով հանդերձ «Անատոլու Աժանս»ին իմ անունս այդ կառոյցին հետ յիշելը զիս վարկազրկելու ապարդիւն փորձ մըն է» ըսաւ Օսման Քաւալա։