ԱՐԻՍ ՊՕՏՕՏՕՂԱՆ
«Ճանաչել զիմաստութիւն եւ զխրատ, իմանալ զբանս հանճարոյ»։ Հայերէնի թարգմանուած առաջին նախադասութիւնը, Սողոմոն իմաստունի «Գիրք Առակաց»էն։
Հայ գիրերու գիւտին հանճարներ Մեսրոպ Մաշտոց եւ Սահակ Պարթեւ 371 թուականին միասնաբար պայքարեցան պարսիկներու դէմ Մուշեղ Մամիկոնեանի հետ։
Արշակ Բ. Թագաւորը, Վահան Մամիկոնեանի եւ Մերուժան Արծրունիի դաւաճանութեամբ գերի ինկաւ պարսից Շապուհ արքային։ Սպարապետ Վասակ Մամիկոնեանի սպանութենէ ետք իր որդին Մուշեղ Մամիկոնեանը սպարապետութիւնը ստանձնելով փրկեց հայրենիքը եւ հաւատքը։
Սամուէլ Մամիկոնեանը սպանեց դաւաճան հայրը եւ իր մօր արիւնով յանգեցուց կրակապաշտութեան վերջին կրակը։
Երբ հայոց պատմութեան էջերը կը պրպտենք յաճախ կը հանդիպինք նման երեւոյթներու։
1880-ական թուականներուն, անմահ վիպագիր Րաֆֆին գրած էր հետեւեալը.
«Անտառի ծառերը լուր տարան իրենց թագաւորին ըսելով թէ յայտնուել է մի գործիք որ մեզ անխնայ կը կոտորէ։
-Ինչպէ՞ս է կոչւում այդ գործիքը, հարցուց թագաւորը։
-Տապար, պատասխանեցին ծառերը։
-Ինչպէ՞ս է կազմուած ան, հարցուց թագաւորը։
-Գլուխը երկաթից է, բայց կոթը փայտից, պատասխանեցին ծառերը։
-Դա շատ վտանգաւոր գործիք է, պատասխանեց թագաւորը, երբ կոթը մեզանից է։
Միշտ ունեցած ենք չար եւ վնասակար կոթերը։
Ուր կը տեսնենք հայրենիքը եւ ազգը օտարի ձեռքը մատնելը, այնտեղ խառն է եղել հայի մատը։
Ուր կը տեսնենք հայ թագաւորի գահընկեցութիւնը եւ անոր գաւազանը օտարի ձեռքը յանձնելը, այն տեղ խառն է եղել հայի մատը։
Ուր կը տեսնենք կրօնքի, ազգութեան եւ սուրբ եկեղեցւոյ դաւաճանութիւնը, խառն է եղել հայի մատը։
Մի խօսքով ամէն հալածանքների, եղեռնագործութիւնների եւ բարբարոսութիւնների մէջ միշտ գործել է հայի տապարը։
Հայը ինքն է փորել իր ազգային շինուածքի հիմքը եւ ինքն իր ձեռքով է կործանել իր սուրբ եւ նուիրական հաստատութիւնները։
Ի՞նչու ենք մեղադրում օտարներին»։
Նոյն թուականներուն պատրիարք ընտրուեցաւ Արմաշու վանահայր Խորէն Աշըգեան։
Ան տարբեր վարքագիծ մը ունէր բաղդատմամբ իր նախորդին՝ Ներսէս Վարժապետեանին։
Ներսէս պատրիարքի ձեռնակներուն ընդդէմ գործած եւ է եւ հայ ներազգային խնդիրներուն մէջ ալ դերակատարութիւն մը չէր ունեցած։ Իր կողքին էր միայն Ազգային Ժողովի ատենապետ Մաքսուտ Սիմոն Պէյը։
Աշըգեան եւ Մաքսուտ, դպրոցներու բարոյական կեանքը ի սպառ խորտակելու համար, սիրայօժար ընդունեցին կառավարութեան կողմէ պարտադրուած դասագիրքերու երկար ցուցակ մը, որոնցմէ դուրս ոչ մէկ վարժարան կարող էր ուրիշ դասագիրք գործածել։
Իրենց ազգադաւ դիտումներուն արգելք հանդիսացող բոլոր անձնաւորութիւնները մատնեցին, որպէսզի կարենան ազատ շունչով իրենց շահատակութիւնները առաջ տանիլ։
Որքան ծանօթ է մեր ներկայ վիճակին։
Երբ նայինք 2020-ական թուականներէն, մեծ տարբերութիւններ չկայ պոլսոյ հայութեան համար։
Հիմա ալ ինքզինք ազգային ատենապետ հռչակող կարգ մը մարդիկ կ՚ուզեն վարժարանները փակել։
Փոխանակ Վաքըֆներու ընտրութիւնները իրականացնելու համար աշխատելու, սեփական շահերը ազգի շահերէն առաջ դնելով, ճիշդ ալ իրենց վայելած ձեւով, կարծես արքայատոհմի մը նահապետները ըլլան, իրենց ընտանիքի անդամները կը նշանակեն իբր թաղական։
Քաղաքական, կրթական, տնտեսական, մշակութային, մարզական եւ նման բնոյթի զանազան մարզերէ ներս պոլսահայ կեանքը զարգացնելու փոխարէն աւելի «կարեւոր» գործերով զբաղուեցան։ Հաւանաբար աշխարհասփիւռ հայութեան կալուածներով ամենահարուստ համայնքին դպրոցները դրին տնտեսական ճգնաժամի մը դիմաց։
Դարեր շարունակ մեր պատմութեան էջերը լեցուն են վատ եւ լաւ մարդոցմով։ Կասկած չկայ որ այս օրերն ալ պիտի յիշատակուին ապագային։ Դժբախտաբար բնաւ լաւ պիտի չ՚յիշուին համայնքին այսօրուան կառավարիչները։
Վերյիշենք յօդուածի սկզբին «իմանալ զբանս հանճարոյ» նախադասութեան միտքը եւ անդրադառնանք, Գրիգոր Օտեանի օր մը Ազգային Ժողովի ատենապետի աթոռէն կատարած յայտարարութիւնը.
«Ան հայը , որ իր պետական պաշտօնին ընծայած դիւրութիւններէն օգտուելով իր շահերուն կը զոհէ այս խեղճ ու տարաբախտ ազգը, անիծեա՜լ ըլլայ, երի՜ցս անիծեալ»։
Ամէն։
Աղբիւրներ.
- Հնչակ, 1894 թիւ 8.
- «Նոր Կեանք», 1898 թիւ 15.
- Ա. Արփիարեան, Պատմութիւն ԺԹ դարու Թուրքիոյ Հայոց Գրականութեան.
- www.pubhtml5.com/aawx/evzk Ջահակիր – Հայկ Աւագեան – Գահիրէ
- www.digilib.aua.am