«Լարուածութիւն սրելու ծառայող գործողութիւններու պատասխանատուութիւնը կը պատկանի Ատրպէյճանին» ըսաւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, Հայ-Ատրպէյճանական սահմանի վրայ 12 Յուլիսի ցերեկուայ ժամերէն սկսեալ տեղի ունեցած բախումներու մասին ելոյթի ընթացքին։ Վարչապետը նաեւ քննադատեց Թուրքիոյ Ատրպէյճանի կողքին ըլլալու մասին յայտարարութիւնները։
Նոյն օր Հայաստանի կառավարութիւնը վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ արտակարգ նիստ մը գումարեց։ Օրակարգի նիւթն էր սահմանը խախտելու ուղղեալ սադրիչ գործողութիւնները։ Վարչապետը մտահոգութիւն յայտնեց Թուրքիոյ տարածաշրջանի կայունութիւնը խանգարելու ծառայող մերձեցումներուն նկատմամբ։ «Թուրքիա կը միտի տարածաշրջանի մէջ խռովութիւն ստեղծելու։ Հարեւան երկիրը կը տարուի աւանդութեան վերածած հայատեաց դրդումներով»։ Արդարեւ Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը իր յայտարարութեան մէջ պախարակած էր Հայաստանի Զինեալ Ուժերու Ատրպէյճանի Թովուզ շրջանի դէմ իրականացուցած յարձակումը։
Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց նախարար Չավուշօղլու պետական հեռուստակայանին ունեցած յայտարարութեան մէջ անընդունելի գտած էր Հայաստանի գործողութիւնը եւ զգուշացուցած էր, որ Ատրպէյճան առանձին չէ եւ իրենք ամբողջ կարողութիւններով կը զօրակցին այս երկրին։ Միւս կողմէ Հայաստան նշեց որ Ատրպէյճանի հրետանին ռմբակոծած է Հայկական բնակավայրերը, յատկապէս Տաւուշի շրջանի Մովսէս եւ Չինարի գիւղերը։ Բարեբախտաբար խաղաղ բնակչութենէն տուժողներ չեն եղած։ Սահմանագծի վրայ բախումները շարունակուեցաւ յաջորդող երկու օրերուն եւս։ Հազիւ 14 Յուլիսի երեկոյեան ժամերէն ետք է, որ որոշ խաղաղութիւն մը տիրեց։ Սակայն այս ընթացքին ըստ պաշտօնական յայտարարութիւններու հայկական կողմը ունեցաւ 4 զոհ, որոնցմէ 2-ը սպաներ էին եւ 10 վիրաւորեալներ։ Ատրպէյճան ալ յայտարարեց որ ունեցած են 11 զոհ, որոնցմէ 1-ը զօրավար եւ 4-ը բարձրաստիճան սպաներ։
Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի վրայ տեղի ունեցած զինեալ բախումներու մասին յայտարարութիւններով հանդէս եկան բացի Թուրքիայէ Ռուսիոյ Դաշնութեան եւ ԱՄՆ-ի Արտաքին Գործոց նախարարները, ՄԱԿ-ի եւ Հիւսիս Ատլանտեան դաշինքի (ՆԱՏՕ) բանբերները։
ՆԱՏՕ-ի Ընդհանուր Քարտուղարի Հարաւ Կովկասեան եւ Կեդրոնական Ասիոյ յատուկ ներկայացուցիչ Ճէյմս Ապպաթուրայի շեշտելով Հայ-Ատրպէյճանական սահմանի բախումները եւ մարդկային կորուստները յայտնեց, թէ մտավախութեամբ կը հետեւին զարգացումներուն։ «Կողմերուն կոչ կ՚ուղղենք ԵԱՀԿ-ի Մինսկեան Խմբակի համանախագահներուն լարուածութիւնը կանխելու նպատակաւ պէտք եղած քայլերուն ձեռնարկելուն զօրակցիլ»։
Ռուսիոյ Դաշնութեան Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնն ալ կողմերը հրաւիրեց զինադադարի կանոններուն հնազանդելու։ Նախարարութիւնը նաեւ ցաւակցութիւնն յայտնեց երկու կողմերէն ալ զոհուած զինուորներու ընտանիքներուն։