Գուզկունճուք թաղի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ հայկական եկեղեցւոյ դէմ 23 Մայիսին կատարուած յարձակումի մասին նախապէս գրած էինք «Ակօս»ի էջերուն վրայ։ Ոստիկանութիւնը քննելով եկեղեցւոյ արտաքին պատի տեսախցիկներուն նկարահանումը ստուգած եւ բերման ենթարկած էր յարձակեալը։
14 Յուլիսին Գարթալի Արդարադատական Պալատի մէջ 64-րդ Հիմնական Պատժական Ատեանի մօտ կայացաւ դատավարութիւնը։ Դատական նիստին ներկայ գտնուեցան եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդի ատենապետ Եդուարդ Այվազեան, Փաստաբան Եասեմին Տալ եւ մեղադրեալը։
Մեղադրեալ Մ.Ս. զղջում յայտնեց ըրած արարքին համար։ «Շաքարախտէ կը տառապիմ եւ հաւանաբար այդ հիւանդութեան ազդեցութեան տակ յանկարծակի որոշումով մը գործեցի այդ սխալը։ Որեւէ կազմակերպութեան մը չեմ անդամակցած յարգանք ունիմ բոլոր կրօններու հանդէպ։ Հայերու եւ քրիստոնեաներու նկատմամբ յատուկ թշնամութիւն մը չունիմ եւ պատրաստ եմ պատճառած վնասս հատուցելու» ըսաւ մեղադրեալը։
Դատարանը նկատի չառաւ այս մեղանչումը եւ վճռեց նախ մէկ տարի ազատազրկման, ապա նկատի ունենալով այս արարքին հասարակութեան որոշ մէկ հատուածը վիրաւորած ըլլալու իրողութիւնը յաւելեալ չորս ամիս եւս վճռեց պատժին վրայ։