Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութիւնը վաւերացուց Պիւյիւքտերէի Սուրբ Հռիփսիմեանց եւ Օրթագիւղի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցիներու թաղական խորհուրդի նոր նշանակումները։
Համայնքային հաստատութիւններու վարչութիւններուն ընտրութեան իրաւունքի կառավարութեան որոշումով առկախման պայմաններուն մէջ Վաքըֆներու Ընդհանուր Տնօրէնութիւնը շրջաբերական մը հրապարակելով խոստացաւ թաղականութիւններու կողմէ առաջարկուած անունները նշանակելով լրացնել անդամները նուազած թաղականութեան կազմերը։
Այսպէս Մելիսա Ասլին Սիւմէ պաշտօնապէս նշանակուեցաւ փոխ ատենապետ Սուրբ Հռիփսիմէ եկեղեցւոյ թաղականութեան։ Նշենք որ սոյն թաղականութեան ատենապետն է հայրը՝ եւ Մուրատ Սիւմէ եւ Մելիսա Ասլին Սիւմէ միաժամանակ կը շարունակէ մնալ Ռումելիհիսարի Սուրբ Սանդուխդ եկեղեցւոյ ընտրեալ թաղականը։
Նման գահաժառանգի նշանակում մըն ալ տեղի ունեցաւ Օրթագիւղի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղականութենէ ներս։ Այս անգամ ալ ատենապետ Իսքենտեր Շահինկէօզի որդին Աքսել Շահինկէօզ է որ կու գայ լրացնել թաղականութեան նուազելով հինգ հոգիի իջած կազմը։
Այս մասին թաղական խորհուրդի ատենապետ Իսքենտեր Շահինկէօզ «Ակօս»ին յայտարարութիւն մը ընելով ըսաւ թէ նման պաշտօնները ժառանգական եղանակով փոխարինուելիք կազմեր չեն։ «Աքսել Շահինկէօզ իր ուսումը ամբողջացուցած Լոնտոնի մէջ մասնագիտական ուսում ստացած անուն մըն է։ Յառաջիկայի ընտրութիւնները ինչ արդիւնք կու տան այժմէն չենք կրնար նախատեսել» ըսաւ հայր Շահինկէօզ։
Այս զարգացումները բնականաբար դժգոհութեան ալիք մը զարգացուցին համայնքէ ներս եւ Կրօնական Ժողովն ալ 1 Յուլիսի նիստին քննադատեց կազմերը առաջին կարգի հարազատներով լրացնելու երեւոյթը։
Կրօնական Ժողովի յայտարարութեան մէջ կ՚ըսուի թէ Պատրիարքարանը իր դժգոհութիւնը ներկայացուցած է պատկան իշխանութիւններուն։