Ալի Իսմայիլ Քորքմազ «Կեզի» զբօսայգիի դէպքերուն ամբողջ երկրի տարածքին ծաւալած օրերուն Էսքիշեհիրի մէջ ոստիկաններու եւ կարգ մը քաղաքացիներու դաժան ծեծի հետեւանքով մահացած էր։
Ընտանիքը այս ծանր կորուստէն ետք հիմնեց Ալի Իսմայիլ Քորքմազ Հիմնադրամը, որ իր առջեւ գլխաւոր նպատակ դրած է 19-ամեայ պատանիի յիշատակը յաւերժացնել ամէն տարի բազմաթիւ ուսանողներու կրթաթոշակ* շնորհելով։
Հիմնադրամը այս տարի համավարակի պարտադրանքներուն ներքեւ յիշատակման միջոցառումները պիտի կատարէ առցանց դրութեամբ։ Այսպէս 6 Յուլիս երկուշաբթի ժամը 20.30-ին «Երիտասարդութիւնը եւ իրաւունքները», 8 Յուլիս Չորեքշաբթի օր «Թուրքիոյ մէջ հասարակական կազմակերպութիւններու գործունէութիւնները եւ կարեւորութիւնը» խորագրեալ ասուլիսները պիտի կայանան։ 10 Յուլիս ուրբաթ ալ դարձեալ նոյն ժամուն տեղի պիտի ունենայ Ալի Իսմայիլ Քորքմազի յիշատակման միջոցառումը։
Այս կարգադրութիւններուն կարելի է հետեւիլ հիմնադրամի «Եութուպ»եան հասցէէն։