ԱԱ / FF / GG-ն հետազօտական-ստեղծագործական նախագիծ է, որ կ՚իրականացուի «Անատոլու Քուլթուր»ի կողմէ՝ ձեռամբ համադրողներ Ռուբէն Արեւշատեանի, Քեւսեր Կիւլերի, Արմէն Եսայեանցի եւ Մարինա Փափազեանի համագործակցութեամբ։
Նախագծի նպատակն է ի մի բերել արտիստական տարբեր հայեացքներ, որոնք կը բացայայտեն Հայաստանի եւ Թուրքիոյ առկայ իրավիճակներու, դիրքորոշումներու եւ ինքնութիւններու բազմազանութիւնը ու փոփոխականութիւնը։ Մենք կը փնտռենք երկու երկիրներու արուեստային եւ հասարակական ոլորտներու ուսումնասիրման ներգրաւուելու ցանկութիւնով համակուած մասնակիցներու, որոնք անդրադառնալով երկու երկիրներու մեծ լարուածութեան գերյագեցած պատմութեան, զուգահեռաբար կը ձգտին ընդհանուր ապագային։
Երկու երկրներու արուեստագէտները այսօր կ՚առերեսուեն հարցունային փոփոխութիւններու հետ, երբ աշխարհ կ՚անցնի աննախադէպ ձեւափոխումներու միջով, եւ կ՚ապրին «պատմութեան» ականատեսները ըլլալու կամ ալ «համաշխարհային պատմական իրադարձութեան մասը դառնալու» սոսկալի զգացողութեամբ, որը կարծես սովորական դադար մըն է մեր առօրեայի մէջ։ Մինչդեռ մեզէ շատերը քաջ ծանօթ են ինչ է դադար, որու, երեւի թէ, լաւագոյն վկայութիւնը հէնց փակ սահմաններն են, որ երկուստեք հատեն պատմական, մշակութային եւ հոգեբանական տարածքները։ Այդուհանդերձ դեռ կայ հնարաւորութիւն երեւակայելու ապագաներ, ընդգրկելով մեր ընդհանուր անցեալը ու գալիքը տեսնելու հնարաւոր այլ ուղիներ։
Արդեօք կրնա՞նք մենք սահմանել ընդհանուր քննադատական դիսկուրս մը, որ մեզի հնարաւորութիւն կու տայ կեներացնելու՝ այսօր գերակայող, փոխադարձ բացառման տեսլականներէն անդին «գալիքներ»։ Որո՞նք են արուեստային փորձութիւններու այն ձեւերն ու մարտավարութիւնները, որ կը սահմանեն այդ «գալիքները». վերականգնող, սադրիչ, առանցքազուրկ կամ մէկ այլ։ Ինչպիսի՞ ապագաներ կարելի է կազմակերպել հիմք ընդունելով արդէն իսկ գոյութիւն ունեցող հաւաքական/համայնքային գործադրութիւնները, գիտելիքի եւ փորձի փոխանակման փորձառութիւնները։ Ինչպէ՞ս մենք այսօր կրնանք խօսիլ ապագայի (ապագաներու) մասին՝ բաց ըլլալու, բազմակարծութեան կամ բազմազանութեան տեսանկիւնէն։ Ինչպէ՞ս կարելի է թարմացնել «ապագայի» վերաբերեալ գոյութիւն ունեցող հայեցակարգերը, որոնք պատմութեան բազմաթիւ հանգոյցներուն օգտագործուած են տարբեր նպատակներու հասնելու համար՝ քայքայելով իրենց ներուժը։
Ապագայի՞ ապագայ, անհա՞ս ապագայ, ա՞յլ ապագայ, ազատագրո՞ղ ապագայ։ Նախագծի վերնագիրը ծնած է հայերէն, անգլերէն եւ թուրքերէն լեզուներով՝ ապագան բնութագրող բազմապիսի շերտերու վերաբերեալ մեր քննարկումներու արդիւնքէն։ ԱԱ / FF / GG-ն կը հրաւիրէ այս շերտերը միասին լրացնելու եւ բացայայտելու։
ԱԱ / FF / GG նախագիծը միտուած է արուեստագէտներուն առաջարկած հարթակ, որտեղ ձեւաւորուող ապագայի պատկերացումներու մասին մօտեցումները կը վերաբերեն, սակայն չեն սահմանափակուիր այնպիսի դիսկուրսներով, ինչպիսիք են օրինակ՝ միասնականութիւնը, բաժանումը եւ սեգրեգացումը, հասարակական յարաբերութիւններն ու համերաշխութեան հին եւ նոր ձեւերը, տարաբնոյթ համայնքներ ստեղծելու փորձութիւններու, ինչպէս նաեւ անցեալի, ներկայի ու ապագայի թեխնոլոկիաները։ Այս նախագծի շրջանակներուն մենք կը ձգտենք այնպիսի հարթակ ստեղծել, որը կարտացոլէ ու կը մարմնաւորէ միասին ըլլալու ուղիներ։ Խնդիր, որը կարծես երբեք այդքան ընդգրկուն եւ անհերքելիօրէն հրատապ չէ եղած՝ որքան այսօր։
ԱԱ / FF / GG նախագիծը, որ ձեւաւորուած է երկխօսութիւններու, հետազօտական եւ ստեղծագործական գործընթացներու միջոցով, կը նախատեսէ տարբեր ձեւաչափերով հանդիպումներ, վորքշոփեր, հանրային ծրագրեր եւ ցուցադրութիւններ Երեւան, Իսթանպուլ եւ որեւէ եւրոպական երկրի մէջ ինչպէս նաեւ առցանց հարթակի նիւթերու ներկայացում եւ հրատարակութիւն նախագծի աւարտին։
Դիմելու կարգը
ԱԱ / FF / GG նախագծին կրնան դիմել արուեստագէտներ Հայաստանէն ու Թուրքիայէն, որոնք այժմ կը բնակուին երկու երկրներէն որեւէ մէկուն, կամ ալ Եւրոպայի մէջ։
Մասնակիցներու ընտրութիւնը կախուած է իրենց նախագծի առաջարկէն եւ նախկին ստեղծագործական գործունէութենէն. կ՚ակնկալուի նաեւ արուեստագէտներու ներգրաւումը կը նախագծուի ոչ միայն աշխատանքի (աշխատանքներու) ցուցադրութիւնով, այլեւ հանդիպումներուն եւ միջոցառումներուն մասնակցութեամբ։ Յայտ ներկայացնելու հրաւէրը բաց է բոլորի համար։ Առաւել ողջունելի է մայրաքաղաքներէն դուրս բնակուող, ինչպէս նաեւ իրենց ստեղծագործական ուղիի սկիզբը գտնուող արուեստագէտներու մասնակցութիւնը։
Նախագծին դիմելու համար պէտք է լրացնել առցանց յայտադիմումը, որի մէջ ներառուած է.
* Դիմողի մասին տեղեկութիւն։
* Նախագծի առաջարկ (PDF կամ Microsoft Word ձեւաչափով, որը, հնարաւորութեան դէպքին, կրնայ ներառել էսքիզներ կամ որոշ նկարներ)։
* Փորտֆոլիօ (PDF ֆորմատով, 25M առաւելագոյն ծաւալով)։ Փորտֆոլիոն պէտք է ներառի նախկինին ստեղծուած ամենաքիչը 3 աշխատանք. այդ կրնայ ըլլալ նկարներու, տեքստերու, մուլտիմետիա (վիտյօ, ձայն եւ այլն) ստեղծագործութիւններու յղումներու տեսքով, կամ քանի մը ձեւաչափերու համադրութիւնով։
Իւրաքանչիւր ֆայլի անուանում պէտք է ներառէ դիմողի ազգանունն ու անունը։
Դիմումներու վերջնաժամկէտ՝ 2020 թուականի Յուլիսի 31-ը։
Գործընթացի
մանրամասներ
Դիմումները կ՚ընդունուի հայերէն, թրքերէն եւ անգլերէն լեզուներով։ Մասնակիցներու ընտրութիւնը կատարելու է նախագծի համադրողներէն եւ համակարգող խմբակէ կազմուած յանձնաժողովը։ Ընդհանուր առմամբ ընտրուելու է 14 մասնակից՝ երկու երկրներու միջեւ հաւասարակշռութիւնը պահպանելու սկզբունքով։ Մասնակիցներու ցանկը կը հրապարակուի «Անատոլու Քուլթուր»ի կայքէջին մէջ, Սեպտեմբերի սկզբին, եւ ընտրուած արուեստագէտներու հետ կապ կը հաստատուի։
Ընտրուած մասնակիցներու հետ՝ 2020 թուականի Սեպտեմբերին ներկայացնելէ ետք, վորքշոփեր եւ հանդիպումներ կը կազմակերպուին 2020-ի աշնանն ու ձմրանը։ Այդ միջոցառումներու ընթացքին համապատասխան լեզուով թարգմանութիւն կապահովուի։ Հանդիպումներուն ու վորքշոփերուն մասնակցութեան ծախսերը կը հոգայ նախագիծը։ Ակնկալուի մասնակիցներու այցելութիւն մէկ տեղական հանդիպման եւ երկու միջազգային վորքշոփի՝ Հայաստան եւ Թուրքիոյ մէջ։ Ծրագիրը ու ցուցադրութիւնները կը ձեւաւորուին մասնակիցներու ներգրաւման եւ միմեանց հետ փոխգործակցութեան արդիւնքով, որու համար հիմք կը ծառայեն հանդիպումները ու վորքշոփերը։ Այս ողջ գործընթացի եւ հետազօտական-ստեղծագործական փուլերու ժամանակ մասնակիցներուն կ՚աջակցին համադրողներն ու նախագծի համակարգող խումբը։ Նախագիծը նաեւ ֆինանսական աջակցութիւն կը ցուցաբերէ նոր աշխատանքների ստեղծման ծախսերը հոգալու համար։ Ծրագրի առաւել մանրամասն ժամանակացոյցը կը հրապարակուի Սեպտեմբերին՝ հաշուի առնելով միջազգային ճանապարհորդութիւններու սահմանափակումները ու հանրային առողջութեան հարցը։
Հարցերու դէպքին կրնաք կապուիլ Քուպիլայ Էօզմենի (նախագծի համակարգող) հետ հետեւեալ էլ. հասցէով՝ kubilayozmen@anadolukultur.org
Նախագիծը կ՚իրականացուի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնադրամի աջակցութիւնով։