ՍԵՏԱԹ ՈՒԼՈՒԿԱՆԱ
Պատմական Արճէշ քաղաքը Վանայ Լիճի ջուրերուն բարձրանալուն պատճառաւ լքուեցաւ իր բնակիչներուն կողմէ եւ մնաց ջուրին տակ։ 1841-ին պատահած այս դէպքէն տարիներ ետք տեղումներու նուազումին պատճառաւ լիճը կրկին ցամքեցաւ եւ սուզուած քաղաքն ալ երեւան ելաւ։ Այժմ կը տեսնուի միջնաբերդեան շէնքերը, որոնց կարգին նաեւ հայկական եկեղեցին։ 1655 թուին Արճէշ այցելած Էվլիյա Չելեպի իր յուշագրութիւններուն մէջ Արճէշի բերդը կը նկարագրէ «Վանայ Լճի ափունքին տափարակ ժայռոտ բլուրի մը վրայ քառանկիւն ամուր բերդ մըն է։ Իւրաքանչիւր քարը փիղի մը հսկայութիւնը ունի։ Այնքան ընդարձակ է որ կարելի է ձի վազցնել։ Ամրոցը ունի երկու դարպաս, որոնցմէ աւելի մեծ է Ատիլճեվազի մուտքը։ Բերդին մէջ հողածածկ 1000 տուն եւ 200 խանութ կայ։ Քաղաքի բնակիչներուն մէկ մասը քրիստոնեաներն են» տողերով։
Ատիլճեվազի եւ Արճէշի շրջակայքին գոյութիւն ունեցած է հայկական Թարխան գերդաստանը։ Զրոյցներու համաձայն այդ գերդաստանը Հալիֆէ Ալիի օրէն ի վեր իսլամական պետութիւններու կողմէ սրբազան կը համարուի։ Նոյն աւանդազրոյցներու համաձայն Արճէշի այս եկեղեցին կառուցողներն ալ նոյն գերդաստանէն վանականներ են։Ափսոս որ ջրերու ցամքելով յայտնուած այս կոթողն ալ գանձախոյզներու թիրախը դարձած է։ Եթէ չձեռնարկուին կանխամիջոցներ պատմամշակութային կոթող մը եւս կորուստի պիտի մատնուի։