Հանրապետական կուսակցութեան Իսթանպուլի նախագահ Ճանան Քաֆթանճըօղլու դատապարտուեցաւ ինը տարի ութը ամիս եւ քսան օր ազատազրկման։ Նախապէս իր դէմ վճռուած որոշումը վաւերացուեցաւ վերաքննիչ դատարանի կողմէ եւս։
Քաֆթանճըօղլու կը մեղադրուի հինգ տարբեր յանցագործութիւններով, որոնց հիմք կը կազմէ իր եօթը տարի առաջուայ «Թուիթըր»եան գրառումները։ Վերաքննիչ դատարանի պատիժը վաւերացնելու որոշումը կը զուգադիպի խիստ խորհրդանշական թուականի մը։ 23 Յունիս 2019-ին էր, որ Էքրեմ Իմամօղլու պաշտօնապէս ստանձնեց Իսթանպուլի քաղաքապետութիւնը։ Այդ յաղթանակի մէջ շատ կարեւոր դերակատարութիւն ունեցած էր Ճանան Քաֆթանճըօղլու։ ԱՔՓ-ի շրջանակները եօթը տարի առաջուան գրառումները օրակարգի բերելով տեսակ մը վրէժ կը լուծեն շրջանային վարչութիւններու ընտրութեան ընթացքին իրենց մատնուած ծանր պարտութեան համար։
Նշենք որ Ճանան Քաֆթանճըօղլուի ուղղեալ մեղադրանքներու մէջ կը յիշուի նաեւ անոր Հայոց ցեղասպանութեան մասին ունեցած հայանպաստ ելոյթները, որոնք ծանրօրէն կը քննադատուէին իշխանութիւններու կողմէ։
Քաֆթանճըօղլու որոշումը լսելէ ետք ինք եւս հաստատեց վերոյիշեալ վրիժառութեան վարկածը։