Հայաստանի հանրապետութեան երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան 4 միլիոն 150 հազար ԱՄՆ տոլարի փրկագինով ազատ արձակուեցաւ։ Հայաստանի Պատժական Վճռաբեկ Ատեանը Քոչարեանի դատավարութիւնը պիտի շարունակէ յաջորդ նիստերուն։ Աւելի քան տարի մըն է ազատազրկեան ենթարկուած Քոչարեանի հետ կը դատուին նախկին սպայակոյտի նախագահը եւ երկու զօրավարներ։ 7 Յուլիսին կայանալիք դատական նիստէն առաջ Փաշինեանի կառավարութիւնը դատական դրութեան փոփոխութիւններու համար պիտի դիմէ խորհրդարան։ Քոչարեան կը մեղադրուի 1 Մարտ 2008-ին քաղաքամայր Երեւանի մէջ ընտրութեան խարդախուելուն դէմ բողոք կատարող ցուցարարներուն զինեալ միջամտութեան պատճառաւ։ Ամբաստանագրի մէջ կ՚ըսուի թէ ոստիկաններուն զէնք գործածելուն հրաման տալով նախագահը ոտնակոխած է սահմանադրական համակարգը։ Ոստիկաններու անհամեմատ բռնութեան ընթացքին ութը քաղաքացի եւ երկու ոստիկան մահացած 250 քաղաքացի ալ վիրաւորուած էին։ Տնօրինուած փրկագինը Հայաստանի հանրապետութեան մէջ ցարդ վճարուած ամենաբարձրն է։ Քոչարեան առարկած էր պահանջուած փրկագինին դիմաց, սակայն փրկագինը վճարեցին չորս ռուս եւ ռուսահայ գործատէրեր։