Արշալոյսի շողը դիպաւ Արարատին։ Կասկատի համալիրի սպիտակ կրաքարէ աստիճանները շիկնեցան։ Աբովեանի պողոտայի վրայ ծաղկավաճառ պառաւը բացաւ իր կրպակը։ Դպրոցական պտոյտի նոր օր է։ Եւ այդ օր աշակերտները հողի եւ փոշիի խառնուելու տրամադրութեամբ - եւ կօշիկով - դուրս ելան պանդոկէն։ Հանրաշարժի մէջ բարեւներ բաժնեցին աջ ու ձախ. «Բարի լոյս պարոն Արտուշ» (մեր վարորդն է), «Բարի լոյս Երեւան», «Բարի լոյս մայթի վրայ ծխող մարդ», «Բարի լոյս լուացք փռող մայրիկ» (անունը Արո՞ւս էր, չենք գիտեր)։
Կարճատեւ ուղեւորութենէ յետոյ, Աշտարակի մօտ, «Մ3» ճանապարհի վրայ, Սասունիկ գիւղի հարեւանութեամբ, մեր առջեւ յայտնուեցաւ քարքարոտ դաշտավայր, ամայի, անարմատ։ Մենք որոշեր ենք. ծառ պիտի տնկենք։ Լուսանկարիչ Կարէնը արձանագրեց երկու աշակերտի՝ Անիի եւ Նարեկի խօսքը.
- Բարի լոյս։ Այսօր մեր չորրորդ օրն է։ Ծառ պիտի տնկենք...
- Ու հայրենի հողի մէջ արմատներ պիտի դնենք։
«Հայրենի հողի մէջ արմատներ պիտի դնենք». ուրիշ ո՛չ մէկ բառ աւելի լաւ կրնար նկարագրել այդ օրուան նպատակը եւ հաճոյքը։
Քառասուն պատանիները զոյգեր կազմեցին, բացին փոսիկներ, քրտինք սրբեցին։ Մէկը տունկը ուղղահայեաց բռնեց, միւսը հողով ծածկեց զայն։ Ապա դոյլ մը ջուր հոսեցուցին ծարաւ արմատներու վրայ։ Լօրէնին ուրախ էր, որ Վէմին հետ ծառ կը տնկէ։ Անահիտը եւ Մուրատը նկարուեցան իրենց տնկած ծառին հետ։ Ծառ տնկել չէր սա. քիչ մը արարողութիւն էր, քիչ մը բանաստեղծութիւն։
Թող պատանիները շարունակեն ընտելանալ հայրենի հողին, ու անբառ երկխօսութիւն ունենալ անոր հետ, իսկ մենք զրուցենք «արմատ» բառի մասին ու հիանանք, թէ որքա՛ն խոր են անոր արմատները հայոց մայրենիի մէջ։
Նախ գոյութիւն ունէր «արմ» արմատը, սերմ մը համեստ։ Հազարամեակներ առաջ մեր նախնիները զայն գուրգուրանքով յանձնեցին մայր հողին։ Ան սիրեց մեր լեռնաշխարհը ու դարձաւ «արմատ», ըստ հին մէկ բառարանի՝ «Ստորոտ բուսոց եւ տնկոց՝ յերեսաց երկրէ մինչեւ ցխորս (մինչեւ խորերը) հողոյ հանդերձ մանր թելիւք»։ Շատ ժամանակ չանցաւ, որ ան աճի եւ ճիւղաւորուի։ Ստացաւ բազմաթիւ իմաստներ, իրական եւ նմանողութեամբ, ինչպէս՝ նախահայր, տոհմի՝ ցեղի՝ ընտանիքի սկիզբը, բառարմատ՝ բառի հիմնական ձեւը, հիմք, սկիզբ, պատճառ։ Ան նշանակեց նաեւ վերջին ծայր՝ եզր ստորին, ինչպէս հայկական հին մատենագրութեան մէջ արձանագրուած է՝ «Տեսի զծովուն զարմատս»։ Վերջապէս, յիշենք, թէ Մոկսի մէջ կինը կը կոչուէր «կինարմատ»։
Ոսկեդարուն ունեցանք պատկերալից արտայայտութիւններ. «Արմատ բռնել», «Արմատ ձգել», «Արմատները խոր ըլլալ», «Արմատ նետել»։ Ժ.-ԺԱ. դարերուն սկսանք օգտագործել «Արմատախիլ ըլլալ, ընել» արտայայտութիւնը, որու մասին չեմ ուզեր մեծամասնութեամբ արմատներով կիլիկեցի աշակերտներու ներկայութեամբ խօսիլ, քանզի անոնք Հայաստան եկան արմատներ արձակելու, ո՛չ թէ անցեալի բաց արմատներուն ողբալու։
Դժուար է ստուգել, թէ լեզուադաշտի մինչեւ ո՜ր ծայրերը հասեր է «արմատ» բառը, բայց անոնք, որոնք հայկական նախակրթարանի մը չորրորդ կամ հինգերորդ դասարանը յաճախած են, անկասկած կը յիշեն «քառակուսի արմատ» եւ «խորանարդ արմատ» գաղափարները։
Դուք հիմա անհամբեր կը սպասէք լսել, թէ արդեօք քանի՛ հատ բառ կայ «արմատ»ով սկսող եւ վերջացող։ Ներկայանալի թիւ մը կը կազմէ անիկա, մօտաւորապէս 75։ Բոլորը յայտնաբերելու համար երկար ժամեր պէտք է պեղել լեզուի հողը։ Բայց ես ձեզի ցոյց տամ գեղարմատ տասնեակ մը օրինակ. արմատաբնակ, արմատածիլ, արմատակեր, արմատակերպ, արմատահանել, արմատաշատ, արմատափնջիկ, արմատոտանի։ Իսկ «արմատ»ով վերջացող բառերը աւելի պատկերալից են եւ բանաստեղծական, ինչպէս՝ դառնարմատ, դժոխարմատ, երեքարմատեան, ինքնարմատ, լուսարմատ, խորարմատ, մամռարմատ, չարարմատ։ Յաջորդը, որ ընտիր գեղեցկութիւն մըն է, կը պարտինք Ս. Գրիգոր Նարեկացիին՝ սքանչելարմատ- զարմանալի գերազանց արմատ ունեցող։
Միջնադարուն հայ ընթերցողին ծանօթ էր «արմատ» բառի երկու պատմական գործածութիւնները. «Արմատ հանուր մարդկութեան՝ Ադամ» եւ «Արմատ ամենայն չարեաց արծաթ սիրութիւն է»։ Յիշենք նաեւ հայկական հին առած մը. «Եթէ ծառի արմատը մուկերը կը կրծեն, բունն ու սաղարթը ի՞նչ կրնան ընել»։ 14-րդ դարուն, Տաթեւի վանքի վանահայր Գրիգոր Տաթեւացին «արմատ» բառը գործածելով բացատրեց, թէ սաստիկ քամին ծառին պէտք է, որպէսզի ամուր ըլլան արմատները. «Սաստկութիւն հողմոց հարկանելով զնա՝ ոչ կարէ արմատախիլ առնել»։ Ըստ Տաթեւացիի, հաւատքը նման էր արմատի. «Հաւատն է որպէս արմատ ծառոյն, որ է Հայր»։ Բառը ս. Գրիգոր Նարեկացիի «Մատեան ողբերգութեան» բանաստեղծութեան մէջ հասաւ այնպիսի խորութիւններ, որ ո՛չ մէկ մատենագիր նախապէս իջեր էր։ Այդ երկի մէջ սուրբը 23 անգամ գործածեց «արմատ» բառը, շինեց նոր բառեր, նոր կապակցութիւններ, ինչպէս՝ «Արմատ անմահութեան», «Սղոցեալ արմատ», «Արմատ կրճատեաց», «Սքանչելարմատ քում շառաւիղաց», «Դժոխարմատ ծառոյս դառնութեան պտուղք»։ Մէկ ու կէս դար յետոյ 1144-ին Ներսէս Շնորհալին նկարագրեց Հռոմը. «Որթ վայելուչ բազմաստեղեան եւ հաստ արմատ տունկ Պօղոսի»։ Այնուհետեւ ամէն հայ մտաւորական այս բառով արմատացուց իր աշխարհահայեացքը. «Արմատ չի տայ, կու չորանայ, թէ հող չէ՝ / Ժեռ քարումն սիրմ ցանիլը զո՛ւր բան ա», Սայաթ Նովա, «Լսարանն է այն / Ընտիր տեղը, / Ուր արմատ կ՚արձակէ / Գիտութեան ծառը», Միքայէլ Նալպանտեան, «Մեր դարաւոր արմատը Հայ գիւղացին է», Դանիէլ Վարուժան։
Հայկական գրատպութեան մէջ ալ արմատացաւ այս բառը, տուաւ կոճղաւոր հատորներ. «Լուծ արմատոյն մերոյ», «Բացատրութիւն արմատոց այբուբենի տառից», «Տեսութիւն արմատոց հայերէն լեզուի», «Արմատ հաւատոյ»։ Իսկ նախորդ դարու սկզբին երբ արմատախիլ եղաւ մեր ազգի խորարմատ ծառը, ինքնութեան որոնումով նոր գիրքեր ժայթքեցան բարունակներու նման. «Արմատներու որոնում», «Արմատների հաւատով», «Դարաւոր արմատները», «Լոյսի արմատներ», «Ծառը արմատներով է ոյժեղ», «Վերադարձ արմատներուն», «Տոհմածառիս արմատները», «Դէպի արմատներ», «Արմատներ եւ ղօղանջներ», «Արմատի կանչը», «Արմատներու ձայնը»։ Ապա մամուլի մէջ յայտնուեցան, արմատական փոփոխութիւն էր, աննախընթաց խորագիրներ. «Տէրսիմի հայերը բացայայտում են իրենց արմատները», «Թուրքիայի լրագրողների միութեան նախագահ Ահմետ Աբաքան գրել է մի գիրք, որի մէջ նշել է, որ 82 տարեկանին մահացած իր մայրը՝ Հօշանան ունեցել է հայկական արմատներ»։
«Արմատ» բառի բանաստեղծական-իմաստասիրական նորագոյն գործածութիւնը եկաւ Պոլիսէն։ Զահրատի գրական հերոս Կիկօն էր նման (կամ՝ աննման) արմատի. «ՇՈՂ ։ Կիկօ - խոնարհ - մօտ էր հողին այնքան / Որ դուք զինք / արմատ կարծեցիք / Եւ սպասեցիք որ ան ծառ ծլի / ու տերեւ հագնի / ծաղիկներ բանայ / պտուղ հասցնէ / հունտ գոյացնէ / Լաւ - բայց արեւուն շողը կը պակսէր»։
- Պարոն ես ե՞րբ պիտի արտասանեմ, բոլոր ծառերը տնկեցինք- հարցուց Անին, ու զիս խորասուզուած միտքերէն սթափեցուց։
- Մէկ վայրկեանէն բոլորդ հաւաքուեցէք նորատունկ ծառի մը շուրջ։
Այս քարքարոտ դաշտը, որ ժամ մը առաջ լերկ էր, այժմ ունի կենսունակ արմատներ, քառասուն հատ։ Յարգելի ընթերցող, վերջապէս յիշեմ Համօ Սահեանը, եւ արտօնեցէք, որ զինք կոչեմ, որպէս «Հայկական հողին ամենէն ամուր արմատներով կառչած բանաստեղծ»։ Իր հայրենասիրական տողերն են վկայ. «Այս ձորերում ամէն ինչից... / Արմատի հոտ, բողբոջի հոտ / Ու խեժի հոտ տոհմածառի, / Վարող-ցանող հօր ձեռքերի / Ու մօր ծոցի հոտ է գալիս»։ «Հայրենի լեռնաշխարհ» բանաստեղծութեան մէջ յամառ հայն էր արմատի նման. «Քո կիրճերից ջուր խմելու համար / Ամպերը եօթ սեւ քրտինք են թափում, / Եւ ընկուզենու արմատը յամառ / Եօթ եօթգլխանի ժայռ է շաղափում»։
Շրջապատեցինք Անիին։ Այս աղջնակը, որ արմատներով վանեցի է, ծառացաւ, արմատացաւ եւ արտասանեց Սահեանէ մէկ այլ քերթուած։ Արտասանութիւն չէր ան. քիչ մը աղօթք էր, քիչ մը կանչը արմատներու.
Իմ արմատները...
Քարերի մէջ են
Իմ արմատները։
Նախաստեղծ ու բիրտ
Յաւիտենութեան
Դարերի մէջ են
Իմ արմատները։