Թերթիս էջերուն վրայ նախապէս ալ բազում անգամներ անդրադարձած էինք Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքարանի Թուրքիոյ մէջ տարած իրաւական պայքարի մասին։ Ինչպէս ծանօթ է Օսմանեան կայսրութեան շրջանէն այս կողմ Թուրքիոյ մէջ Երուսաղէմի Պատրիարքարանի կողմէ լիազօրուած հաստատութիւն մըն էր Մար Յակոբի Հայոց Եկեղեցւոյ հիմնադրամը, որ անցեալին Վաքըֆներու Ընդհանուր Տնօրէնութեան կողմէ անտէր համարուած եւ վերջ տրուած էր անոր իրաւական գոյութեան։ Այդ որոշումէն ետք Հիմնադրամի կալուածներն ալ վաճառուած էին երրորդ անձերու։ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքարանը ահա այս որոշումի դէմ է, որ իրաւական պայքար կը մղէ Թուրքիոյ դատարաններուն մէջ իրաւապաշտպան Ալի Էլպէյօղլու փաստաբանական գրասենեակի միջոցաւ։
Գրասենեակէն կը տեղեկանանք, թէ դատական առաջին հանգրուանը մերժուած է տեղական դատարանի կողմէ։ Խնդիրը փոխանցուած է Սահմանադրական Ատեան, ուր այս վերջինը որոշում կայացուցած է ըսելով որ արգիլուած է հայկական եկեղեցւոյ հիմնարկին դատարան հասնելու իրաւունքը։ Այս որոշումէն ետք խնդիրը կրկին քննող Անգարայի 15-րդ Վարչական Ատեանը չեղեալ համարած է Վաքըֆներու Ընդհանուր Տնօրէնութեան որոշումը։ Այս հանգրուանին տնօրէնութիւնը իրաւունք ունի կայացած վճիռին առարկելու։
Ներկայ զարգացումը բաւականին դրական ընդունուած է Երուսաղէմի Պատրիարքարանի կողմէ։ Վճիռին հաստատումով Պատրիարքարանը դիմում պիտի կատարէ հիմնադրամի վերակազմութեան եւ առգրաւուած կալուածներու հատուցման համար։