Ճորճ Ֆլոյտի Մինէապոլիսի մէջ ոստիկանական բռնութեան հետեւանքով մահանալէն ետք գոյացած բողոքի ալիքը կը շարունակուի թաղումէն վերջ եւս։ Ճորճ Ֆլոյտի համար կատարուեցաւ յուղարկաւորութեան երեք արարողութիւններ, երեքն ալ տարբեր քաղաքներու մէջ։ Սակայն այս սպանութեան դէմ ընդվզումը շուտով ունեցաւ համաշխարհային բնոյթ։ Բողոքի բազմամարդ ցոյցերը նախ ծաւալեցան ԱՄՆ-ի զանազան նահանգներու եւ հարիւրաւոր քաղաքներուն եւ ապա արձագանգ գտան այլ երկիրներու մէջ եւս։ Խնդիրը դուրս եկաւ ոստիկանական բռնութեան դէմ բողոքի մը սահմանէն եւ ուղղուեցաւ ցեղապաշտութիւնը եւ խտրականութիւնը մերժող ծաւալուն հոսանքի մը։ Այդ իսկ պատճառաւ ատելութիւնը ուղղուեցաւ երբեմնի գաղութատիրական ռազմավարութեան կարեւոր գործիչներուն։ Օրինակի համար՝ Պելկիոյ մէջ ցուցարարները անարգեցին ու վնասեցին Ֆերտինանտ Բ. թագաւորի արձանը։ Այս դէպքէն յետոյ քաղաքապետութիւնը արձանը վար առաւ իր պատուանդանէն ու փոխադրեց թանգարան։ Քաղաքապետարանի շրջանակները յայտարարեցին, թէ արձանը պիտի վերանորոգուի եւ ապա պիտի տեղադրուի իր հին տեղը։ Սակայն ոչ ոք կը կարծէ թէ նման բան մը պիտի կատարուի։
Նախորդ շաբաթավերջին Կլենտէլի մէջ տեղի ունեցած բողոքի ցոյցերուն մասնակցած էին նաեւ բազմաթիւ հայ անհատներ։ Սա իսկապէս ուշագրաւ երեւոյթ է, քանի որ հայեր առհասարակ հեռու կը մնան իրենց ապրած երկիրներու խառնակութիւններէն եւ իրենց ուժը բոլորովին կը տրամադրեն ազգային խնդիրներուն։ Այդ առումով Կլենտէլի ցոյցերուն հայոց մասնակցութիւնը յաւելեալ նշանակութիւն կ՚ունենայ։
Ժողովուրդի բուռն հակազդեցութեան դէմ Թրամբ որքան ալ սաստկութեան սպառնալիքներ տեղացնէ, տեղական մարմինները կը խուսափին իրավիճակը ալ աւելի սրելէ։ Արդարեւ Կլենտէլի ոստիկանապետ Քարլ Բովիլեատիսը նշեց թէ իւրաքանչիւր քաղաքացիի սահմանադրութենէն եկած իրաւունքն է խաղաղ կերպով արտայայտել իր զգացումները կամ վրդովումը։ «Մեր անձնակազմը դատապարտած է Ճորճ Ֆլոյտի դէմ կատարուած բռնութիւնը։ Այդ գործելաոճը ընդունելի չէ Կլենտէյլի ոստիկանական համակարգէն ներս» ըսաւ Բովիլեատիսը։ Կլենտէլի միջոցառման ընթացքին փոխանցուեցաւ Հայաստանեանց Առաքելական Եկեղեցւոյ երկու թեմերու առաջնորդներուն ուղերձները։ Ձեռնարկի կազմակերպումին մասնակցած ու իրենց աջակցութիւնը յայտնած էին ամերիկահայ հասարակական, քաղաքական, մշակութային գործիչներ, կրթական մարմնի ներկայացուցիչներ եւ համայնքային տարբեր կազմակերպութիւններ։
Կլենտէլի Միացեալ Կրթաշրջանի վարիչ Վիվյէն Էքչիեանը յատուկ ուշադրութիւն սեւեռեց այս հանրահաւաքին մէջ հայ համայնքի ներկայութեան։
Մի ուրիշ հասարակական գործիչ, հանրահաւաքի կազմակերպիչներէն Էլեն Ասատրեան ալ նշեց, թէ «Որպէս քաղաք մենք պարտականութիւն ունինք անարդարութեան դէմ պայքարելու եւ զօրակցելու սեւամորթ համայնքի պայքարին։ Ճիշդ այնպէս ինչպէս պայքարած ենք ցեղասպանութեան ճանաչման եւ այլ հարցերու համար»։
Հանրահաւաքը աւարտին հասաւ մոմավառութեամբ։