Թուրքիոյ քաղաքական դաշտի վրայ կրօնամոլ շրջանակներ ունին խորհրդանշական կարգ մը նիւթեր, որոնք յաճախակի կերպով օրակարգի կու գան, այս կամ այն կրօնամէտ քաղաքական գործիչի կողմէ։ Եթէ անոնցմէ առաջինն էր Թաքսիմի հրապարակին վրայ իշխող մզկիթ մը կառուցելու ցանկութիւն, անմիջապէս երկրորդն է Սուրբ Սոֆիայի տաճարին մէջ իսլամական պաշտամունք կատարել։ Առաջինը արդէն իրականացած է շնորհիւ նախագահ էրտողանի ջանքերուն։ Թաքսիմի հրապարակին վրայ բարձրացած է մզկիթ մը, որուն շինութիւնը շուտով կը հասնի իր աւարտին։ Այդ մզկիթը տարածաշրջանի մէջ աղօթատեղիի մը պահանջէն աւելի կառուցուեցաւ բարդոյթ մը յագեցնելու նպատակով։ Իսկ հիմա իշխանութիւնը յաճախակիօրէն կը խոստանայ 24 Նոյեմբեր 1934 թուակիր Նախարարաց խորհուրդի որոշումով թանգարանի վերածուած տաճարը վերստին բանալ, որպէս մզկիթ։ Սուրբ Սոֆիայի գտնուած թաղամասի մէջ մզկիթի մը կարիքը գոյութիւն չունի։ Տաճարին անմիջական հարեւանութեան կը գտնուի Սուլթան Ահմետի հսկայ ու գեղակերտ մզկիթը։ Նախագահ Էրտողան անցեալ տարիներուն, երբ իրեն կը հասնէր Սուրբ Սոֆիայի տաճարը մզկիթի վերածելու մասին առաջարկներ ինք կ՚առարկէր ցոյց տալով մօտակայ Սուլթան Ահմետը։ «Դուք նախ այդ մզկիթը լեցուցէք եւ ապա պահանջեցէք Սուրբ Սոֆիայի տաճարին մզկիթի վերածուիլը» ըսած էր Էրտողան։ Իսկ այսօր, երբ իր գլխաւորած կուսակցութիւնը օրըստօրէ կը կորսնցնէ երբեմնի համակրանքը ժողովուրդի մօտ Էրտողան ալ կը ստիպուի նման ամբոխավարական բնոյթով նոր խոստումներ տալու։ Թէեւ խնդրին էութիւնը քաղաքականօրէն այս համայնապատկերին մէջ է, բայց անդին կայ շարունակուող իրաւական գործողութիւններ։ Անոնցմէ մէկն է «Պատմական Յուշարձաններու եւ Շրջապատի Ծառայելու Միութիւն» անուն հաստատութեան մեկնարկած դատական գործը։ Միութիւնը դատարան դիմած է Սուրբ Սոֆիայի մասին Նախարարաց Խորհուրդի 1934 թուակիր որոշումը չեղեալ համարելու պահանջով։ Խորհրդակցական Ատեանի 10-րդ բաժինը այս նիւթը պիտի քննարկէ 2 Յուլիս 2020-ի ժողովին։