ԱՐՈՒՍ ԵՈՒՄՈՒԼ
«Դուք ո՞վ էք, պալատէն չէք, գիւղէն ալ չէք, դուք ոչինչ էք։ Օտար մըն էք, անպէտք ու բոլորին արգելք դարձող... նպատակը անյայտ»։ Ֆրանց Քաւքա, «Դղեակ»
«Իրաւ երթը ճամբայ բանալն է։ Ճամբայ բացողը ճամբայ ելլելու կամքն է» Օրուչ Առուօպա «Երթը»
Հրանդ Տինք հիմնարկին ուղղեալ սպառնական նամակի «յանկարծ կու գանք գիշեր մը» խօսքը բաւականին ծանօթ է, եւ տուած արդիւնքով ալ սահմռկեցուցիչ։ Պիտի յիշէք՝ 2004 թուին «Ակօս»ի դրան առջեւ Տինքի դէմ բողոքողներն ալ այդ նոյն նախադասութիւնը վանկարկած էին։ Անոնց վանկարկած մի այլ կարգախօս էր «Սիրէ կամ լքէ»։ Ել-նամակով ղրկուած այս նոր սպառնալիքին մէջ այլընտրանք ալ չկայ, ուղղակի «լքէ» պահանջէր են։
Սպառնական նամակի ուշագրաւ կէտերէն մէկն ալ, Հրանդ Տինք հիմնարկը «Եղբայրութեան հէքեաթներ» պատմելով մեղադրելն է։ Այս մանրամասնութիւնը արժանի կերպով չէ նկատուած։ Յայտնի է թէ գրութեան հեղինակը որքան անհանդուրժող է եղբայրութեան հաւանականութեան հանդէպ։ Հրանդ Տինք անցեալի հես առերեսուելու եւ իրողութիւնը չուրանալու մասին կոչեր կ՚ընէր միշտ եղբայրութեան շեշտադրումով։ Հրանդի ակնարկած «եղբայրութիւն»ը երբեք նման չէր այս երկրի իշխանաւորներուն առաջարկած աւագ եւ կրտսեր եղբայրութեան։ Հրանդ Տինք կը պատմեր հաւասարութեան պայմաններու մէջ համաշխարհային համակեցութիւն մը։ Հրանդ Տինք հիմնարկն ալ ժառանգելով այդ սկզբունքը, կը յառաջանայ նոյն ուղղութեամբ։
Եղբայրութեան խորհուրդը բաւականին հին անցեալ ունենալով հանդերձ, հազիւ ֆրանսական յեղափոխութեան շնորհիւ քաղաքական իմաստ մը ստացաւ։ Ֆրանսացի փիլիսոփայ Մոնա Օզուֆի հաստատումով, յեղափոխութեան երեք սկզբունքներէն «եղբայրութիւն»ը այլ հասկացողութիւն մը նշանակելուն պատճառաւ ամենադժուար ընկալուողը եղաւ։ Քանզի ան իրաւունքներու փոխարէն բարոյական պարտադրանքները, օրէնքներու փոխարէն մարդկային յարաբերութիւնները, դաշինքի փոխարէն զօրակցութիւնը կը նախապատուէր։ Հետեւաբար կարճ ժամանակի մէջ գործնական նշանակութիւնը կորսնցնելով խորհրդանշական արժէք մը ստացաւ։ Եղբայրութիւնը, ֆրանսական յեղափոխութեան «եղբայրութիւն, հաւասարութիւն, ազատութիւն» երեակի ամենաշուտ հրաժարուած արժանիքը եղաւ նաեւ Օսմանեան երկրի մէջ կեանքի կոչուած 1908-ի յեղափոխութեան։
Բոլոր յեղափոխական հեռանկարներու մէջ ամենաերազային, անհասանելի, դժուար ու խեղաթիւրելու հարմար եղողն է եղբայրութիւնը։ Խեղաթիւրման ամենայաճախակի եղանակն է եղբայրութիւնը ցեղային, կրօնական, ազգային ինքնութիւններով սահմանել եւ այդ ծաւալէն դուրս մնացողները մերժել։ Մինչ Հրանդ Տինքի առաջարկածը եղբայրութիւնը առանց նմանութիւններով սահմանելու, միւսի հանդէպ պատասխանատուութիւն ստանձնելն էր։ Իր միտքով ու գործով կ՚ապացուցեր թէ այդ երազային ընկալումը ինչպէ՞ս, ո՞ր եղանակներով գործնականի կրնանք վերածել։ Իր ինքնութիւնը ուրիշին թշնամութեան վրայ կառուցողներուն, գերմանական Նազի կուսակցութեան կարկառուն դէմքերէն իրաւաբան ու քաղաքագէտ Գարլ Շմիթի հետեւող, քաղաքականութիւնը բարեկամ- թշնամի սահմանումով ընկալող, թշնամիի գոյութեան իսկ չհանդուրժող մտայնութեան համար անշուշտ որ «վտանգ» են Հրանդ Տինքը եւ անոր աւանդը շարունակող Հրանդ Տինք հիմնարկը։
Հրանդ Տինք անշուշտ որ առանցին չէր իր մեկնարկած «Ճամբայ բացող երթ»ին։ Սակայն երկար ու դարձդարձիկ էր անոր որդեգրած ճանապարհը։ Կը նմանէր Ք.-ի դէպի դղեակ ճամբորդութեան։ «Գիւղի գլխաւոր պողոտան չէր հասներ բարձունքի դղեակին։ Կ՚երթար մինչեւ մօտակայքը եւ յանկարծ կը թեքուէր։ Թէեւ չէր հեռանար դղեակէն, բայց չէր մօտենար ալ։ Ք. Միշտ յուսաց թէ ճամբան ի վերջոյ պիտի հասնի դղեակին, այդ համոզումով շարունակեց երթը։ Եւ զարմացաւ անվերջանալի ճամբուն...»։ Անխղճօրէն կասեցուցին Հրանդի երթը։ Յուսացին թէ իր հետ պիտի ոչնչանայ նաեւ անոր ցանած հունտերը։ Գլխաւորութեամբ Հրանդ Տինք հիմնարկի, այդ հունտերուն ոչնչացման առիթ չտուողները իրենց ճամբուն արգելք համարեցին։ Այս երկրի յոյսը Հրանդ Տինքի ցանած հունտերուն ոչ թէ արմատախիլ ըլլալը, այլ աճիլ, հասակ առնելն է։ Եւ յոյսը ամենավերջին մեռնողն է։