2004 թուականին Հունգարիոյ մայրաքաղաք Պուտափեշտի մէջ «Հիւսիս Ատլանտեան Դաշինք»ի կազմակերպած միջազգային դասընթացքներուն Հայաստանի Հանրապետութեան Պաշտպանութեան բանակի անունով մասնակցած էր սպայ Գուրգէն Մարգարեան։
Նոյն դասընթացքներուն Ատրպէյճանէն մասնակցող Ռամիլ Սաֆարով քնացած պահուն կացինի հարուածներով սպանած էր Մարգարեանը։
Այս դէպքէն ետք Հունգարիոյ իշխանութիւնները դատեցին ոճրագործ ատրպէյճանցին եւ վճռեցին ցմահ բանտարկութեան։ Սակայն քանի մը տարի անց Հունգարական իշխանութիւնները ընդառաջելով Ատրպէյճանի պահանջին Սաֆարովը ղրկեցին Ատրպէյճան, որպէսզի ան իր երկրին մէջ լրացնէ պատիժը։ Սակայն Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ իսկոյն ներում շնորհեց, փոխանցեց իրեն անցեալ ժամանակահատուածին մէջ կուտակուած սպայի ամսավճարները, պարգեւատրեց եւ բարձրացուց անոր զինուորական աստիճանը։ Կարճ խօսքով ատելութեան դրդումով անմարդկային ոճիրի հեղինակը Ատրպէյճանի մէջ տիրացաւ ազգային հերոսի փառք ու պատուին։
Միւս կողմէ Գուրգէն Մարգարեանի ընտանիքը ԵՄԻԱ դիմելով արդարութիւն պահանջեց։ Հակառակ որ Մարգարեանի ընտանիքը դրամական հատուցում չէր պահանջած ԵՄԻԱ 15 հազար Անգլիական Սթերլին հատուցում մը կայացուց։
Միջազգային Ատեանը Պաքուն պաշտօնապէս պատժեց խտրականութիւն ընելով մարդու իրաւունքները ոտնակոխելու յանցանքով։
Մարգարեալի ընտանիքը բողոքած էր նաեւ Հունգարական իշխանութիւնները, սակայն ԵՄԻԱ այդ մասին Հունգարական իշխանութիւնները անմեղ գտած է։ Յիշենք որ Սաֆարովի Ատրպէյճան վերադարձուելէն եւ Պաքուի մէջ պատիւներու արժանանալէն անմիջապէս վերջ Հայաստան խզած էր Հունգարիոյ հետ դիւանագիտական կապերը։ Այդ օրերուն լրատու գործակալութիւններ բաւական արձագանգեցին այս փոխանակման համար Հունգարական կառավարութեան լուրջ կաշառք մը ստանալու մասին։