Էսաեան վարժարանի երկու տնօրէններու պաշտօնանկութեան որոշումը կը շարունակէ քննադատուիլ զանազան շրջանակներու կողմէ. Այսպէս Լոս Անճէլըսի Պոլսահայ միութիւնը եւ Էսաեան յանձնախումբն ալ Սահակ Բ. Պատրիարքին ուղեալ բաց նամակով մը յայտնեց իր ընդվզումը, կատարուած կամայական այս որոշումին դիմաց։ Նաեւ նշենք որ խնդիրը հետզհետէ նոր ծալքեր ալ կը ստանայ այս նիւթի շուրջ կատարուած յայտարարութիւններու բերումով։ Արդարեւ Սուրբ Փրկիչ Հիւանդանոցի Հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու իր հետ կատարուած հարցազրոյցի մը պահուն խնդիրը փոխադրեց բոլորովին տարբեր դաշտ մը, պնդելով թէ տնօրէններու պաշտօնանկութեան ետին պատրիարքական ընտրութիւնները չմարսողներու դերակատարութիւնը կայ։ Արամ Արք. Աթէշեան հրապարակած բաց նամակով մը մերժեց այս պնդումները եւ իր կարգին Շիրինօղլուն մեղադրեց նիւթը ուրիշ հաշիւներու համար խեղաթիւրելով։
Ստորեւ կը ներկայացնենք Լոս Անճէլըսի Պոլսահայ Միութեան նամակը՝
Ամեն. Տ. Սահակ Բ. Արք. Մաշալեան
Պատրիարք Հայոց Թուրքիոյ
Պոլիս
Ամենապատիւ Պատրիարք Հայր
Ինչպէս տեղեակ էք, 125 տարուայ պատմութիւն ունեցող կրթօճախի մը, որ հիմնուած է Էսաեան եղբայրներու կողմէ շատ տգեղ արարքի մը ենթարկուած է։
Էսաեան Ազգային Վարժարանի նախակրթարանի եւ լիսէի բաժիններու երկու ազնուափայլ տնօրէնուհիներ՝ Օր. Արլին Եշիլթեբէն եւ Տիկ. Սաթենիկ Նշանը առանց պատճառաբանութեան պաշտօնազրկուեցան Պէյօղլու Սուրբ Երրորդութիւն Եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի երկու անդամներու կողմէ։
Մենք Լոսանճէլըսաբնակ պոլսահայերս, Լոս Անճէլըսի Պոլսահայ Միութեան Հոգաբարձութեան, Գործադիր Մարմնի Վարչութեան, յարակից մարմիններու անդամներուն եւ մանաւանդ Միութեանս Էսաեան Սանուց Յանձնախումբի վարչութեան եւ բոլոր էսաեանցիներու ինչպէս նաեւ համակիրներու անունով, մէկ սիրտ, մէկ հոգի ըլլալով կ՚առարկենք այս անարդար որոշումը։
Սիրելի Պատրիարք Հայր ձեր ամենապատութենէն մեր խնդրանքն է, պատշաճ կարելիութիւնները ի գործ դնելով, արգելք հանդիսանալ այս արժէքաւոր եւ իրենց պաշտօնին հմուտ երկու տնօրէնուհիներուն պաշտօնազրկման որպէսզի անոնք կարենան շարունակել իրենց սուրբ ու նուիրական պարտականութեան։
Առողջութեան եւ յաջողութեան մաղթանքներով։
Մատչելով
Ձերդ Սրբազանութեանդ
Օծեալ Սուրբ Աջոյն
Էտվին Մինասեան Իտիլ Շաքարեան
Ատենապետ Լոս Անճէլըսի Ատենապետուհի Էսաեան
Պոլսահայ Միութեան Սանուց Յանձնախումբի