«Ակօս»ի նախորդդ թիւերուն մեր էջերուն վրայ տեղ տուած էինք ճարահատութեան պայմաններու մէջ հացադուլի դիմած եւ այսպէսով ալ կեանքը կորսնցուցած երիտասարդ գործիչներու լուրերուն։ Արդարեւ «Կրուպ Երում» երաժշտական խումբի երկու անդամներ Հելին Պէօլէք եւ Իպրահիմ Կէօքչէք բողոքելով իրենց դէմ գործադրուած ապօրէն եւ անարդար ճնշումներուն, հացադուլի պայմաններուն մէջ մահացան։ Նոյն ճակատագիրը բաժնեց երիտասարդ իրաւապաշտպան Մեհմէթ Գոչաք։
Այս անգամ ահազանգ կը հնչեցնեն իրաւապաշտպան Էպրու Թիմթիքի ընտանիքը, որպէսզի յաջողին խնայել իրենց հարազատի կեանքը։ Էպրու Թիմթիք իր պաշտօնակից Այթաչ Իւնսալի հետ վճռած է մահուան տանող ծոմապահութեան եղանակը։ Անոնք արդէն բոլորած են հացադուլի մօտ 150 օրերը։ Արդէն իսկ կորսնցուցած են սեփական մարմնի քաշողութեան կարեւոր մէկ մասը։ Սկսած են տկարանալ խօսելով արտայայտուելու համար իսկ։
Երկու իրաւապաշտպանները առանց նիւթական ակնկալութեան պաշտօն ստանձնած էին Սոմայի եւ Էրմենեքի զանգուածային մարդկային կորուստի պատճառ դարձող աղէտներու, Չորլուի գնացքի առկածի զոհերու, Ալի Իսմայիլ Քորքմազ, Տիլէք Տողան եւ Պերքին Էլվանի սպանութիւններու խնդիրներու փաստաբանութիւնը։ Սակայն պետական մարմիններ զիրենք ամբաստանեցին ահաբեկչական կազմակերպութեան մը անդամակցելու մեղադրանքով եւ ծանր բանտարկութեան պատիժներ վճռեցին իրենց դէմ։ Երիտասարդ փաստաբանները անարդար դատավարութիւնը եւ դատավճիռը հանրութեան ուշադրութեան բերելու համար դիմած են այս քայլին։
Թիմթիքի ընտանիքը զօրակցութեան կոչ կ՚ընէ կազմակերպուած ստորահաւաքին մասնակցելու համար։ Մենք եւս յարգելով անոնց կամքը կը ցանկանք շուտափոյթ կերպով հացադուլին աւարտին հասնիլը եւ երկու երիտասարդ փաստաբաններուն կեանքին վտանգ մը սպառնալէ առաջ անոնց առողջութեան վերահաստատումը։ Զօրակցութեան համար կարելի է դիմել. savunmayaozgurluk@gmail.com կայքէջին։