Ֆրանսահայ անուանի երգիչ Շառլ Ազնաւուր ըլլալով ֆրանսերէն շանսոններու լաւագոյն մեներգիչը, միշտ կապուած մնաց իր ազգային ինքնութեան։ Այսպէսով ան յաջողեցաւ, թէ ֆրանսացի եւ թէ հայ հասարակութեան սրտի մէջ բացառիկ սիրոյ տպաւորութիւն մը թողուլ։ Ան յատկապէս Կիւմրիի եւ շրջակայքի կործանիչ երկրաշարժէն ետք օգնութեան փութաց հայրենի երկրի աղէտահար ժողովուրդին։ Յաջորդող տարիներուն Ազնաւուր շարունակեց իր աջակցութեան ջանքերը «Ազանւուրը Հայաստանի համար» հիմնարկի միջոցաւ։ Աւելի ուշ իր որդու Նիքոլա Ազնաւուրի հետ միասին ան ստեղծեց «Ազնաւուր» հիմնադրամը։
2018 թուականէն սկսեալ «Ազնաւուր» հիմնադրամը մեկնարկած է վերաբնակեցման ծրագիր ժամանակաւոր կացարաններու մէջ ապրող կիւմրեցի ընտանիքներուն բնակարան ապահովելու միտումով։
Այդ ծիրէն ներս ինը հոգիներէ բաղկացող Մալխասեան ընտանիքը վերջերս տիրացաւ յարմարութիւններով օժտուած բնակարանի։
Հաւատարիմ մնալով հասարակութեան խոցելի խումբերուն աջակցելու իր առաքելութեանը՝ «Ազնաւուր» հիմնադրամը եւ մէկ այլ բարերար, որ չէ ցանկացած անունը հրապարակել, նոր տուն նուիրած են Մալխասեաններու ընտանիքին։ «Մեր երազանքները, նպատակներն ու ձգտումներն յաճախ ուղղակիօրէն կապուած են մեր կեանքի որակի հետ։ Երբ մարդիկ կը կեդրոնանան միայն իրենց անցեալի խնդիրներուն եւ դժուարութիւններու վրայ, սա յաճախ կը խանգարէ ապագայի հետ կապուած նպատակներ սահմանել եւ կ՚արգելափակէ անոնք իրագործելու հնարաւորութիւնը։ Ողջ ունեցուածքը կորսնցուցած մարդկանց համար մեծ երջանկութիւն է դարձեալ սեփական տանիքն ունենալ, եւ «Ազնաւուր» հիմնադրամը ուրախ է աջակցելով եւս մէկ ընտանիքի՝ ունենալու բարեկեցիկ ապագայ։ Կարիքաւորներուն աջակցել ու անոնց ձայնը լսելի դարձնելը Շառլ Ազնաւուրի համար հիմնարար արժէքներ էին, որոնք մենք կը պահպանենք ու տարածենք», ընդգծած է «Ազնաւուր» հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Քրիստինա Ազնաւուրը։