ԱՐԻՍ ՆԱԼՃԸ
Ֆրանսա հետզհետէ երբ դուրս կու գայ համավարակի պարտադրած սահմանափակումներէն, պաշտօնակատարները եւ ընտրուածներն ալ կը վերադառնան իրենց գրասենեակները։ Թէեւ յայտարարուած էին սահմանափակումներէ անմիջապէս առաջ կատարուած շրջանային ընտրութիւններու արդիւնքները, բայց ընտրուածներ հազիւ 11 Մայիսին սկսան իրենց գրասենեակային աշխատանքին։ Փարիզի մերձակայ հայաշատ Ալֆորվիլ քաղաքի քաղաքապետարանի խորհուրդին ընտրուեցան չորս հայեր, որոնք մասնակցած էին ընտրութեան միացեալ ձախ շարժումի շարքերէն եւ նուաճած ձայներու 56,9 %։
Անոնց մէջ է նախկին Մուսա Լեռցի ընտանիքի զաւակ Սարօ Մարտիրեան։ Ան այժմ կոչուած է ճարտարագիտական խնդիրներով քաղաքապետի օգնականի պաշտօնին։ Իր հետ զրուցեցինք անցած ճանապարհին ու ապագայի ծրագիրներուն մասին։
Սկսինք Սարօ Մարտիրեանը ճանչնալով։
Նախ շնորհակալ եմ որ ինծի հետ կը խօսիք Հրանդ Տինքի հիմնած «Ակօս» թերթի անունով։ Ծնած եմ 1978 թուին Իսթանպուլ։ Հազիւ վեց ամսու էի, երբ ծնողներս աւելի փայլուն ապագայի մը հեռանկարով գաղթեցին Ֆրանսա։ Մեծ հայրս, մեծ մայրս եւ հայրս Մուսա Լեռ ծնած են։ Քանի տարիքս յառաջացաւ, իմացայ իմ ժողովուրդի պատմութիւնը։ Այդ իմացածներս իմ վրայ ալ դրին պատասխանատուութեան որոշ գիտակցութիւն։ Կը տեսնէի թէ մեզի դէմ գործուած մեծ ոճիրը անպատիժ մնացած է։ Ապրիլ 24-ի յիշատակումները խթանեցին այս մասին գիտակցելու ցանկութիւնս։ Սկսայ ուսումնասիրել հայոց պատմութիւնը, մշակոյթը եւ գրականութիւնը։ Հպարտ եմ իմ ազգի համաշխարհային մարդկութեան հանդէպ ունեցած ներդրումով։
Ե՞րբ սկսաւ քաղաքականութեան հանդէպ հակումը։
1994-ին հօրս զարմիկը Կարեն Ճանեան նահատակուեցաւ Արցախի ազատագրման պայքարին, Աղտամի մէջ։ Այդ պահուն մտածեցի թէ ի՞նչ կրնամ ընել հայրենիքիս համար։ 19 Փետրուար 2008-ի նախագահական ընտրութիւնները եւ ապա կայացած «Մարտի մէկ»եան դէպքերը խորապէս ցնցեցին զիս։ Խարդախուած ընտրութիւնը բողոքող 10 հայ ցուցարարներ սպաննուեցան հայ ոստիկաններու կրակոցով, Հայաստանի մէջ։ Եւ այս բոլորը մեծ անտարբերութեամբ դիտուեցաւ ֆրանսահայոց կողմէ։ Զգացի թէ բաներ մը խոտոր կը զարգանան այստեղ, եւ որոշեցի մտնել քաղաքականութեան ասպարէզ։
Արձանագրուեցայ Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան, այսինքն ՍԴՀԿ-ի երիտասարդական յանձնախումբին, որպէս պարզ շարքային։ Ընկերներ ունէի այդ կառոյցին մէջ, եւ աւելի կարեւորը՝ մեծ հայրս Գրիգոր քահանայ Մարտիրեան, նախքան Բ. Համաշխարհային պատերազմը, նոյնպէս անդամն էր այս կուսակցութեան։ «Մարտի մէկ»եան դէպքերուն մեր կուսակցութեան անդամները առաջին գծի վրայ էին, որոնցմէ շատեր վիրաւորուեցան։ Այդ ալ խթանած էր իմ քաղաքականութեան մուտքս։ Այժմ նախագահն եմ Ֆրանսայի ՍԴՀԿ-ին։
Հայաստանի թաւշեայ յեղափոխութեան ժամանակ ապրեցայ իմ կեանքի ամենաուրախ օրերը։
Իսկ ինչպէ՞ս որոշեցիր ընտրութեան, կամ աւելի ճիշդ քաղաքապետարանի ճամբով ֆրանսական քաղաքականութեան մտնել։
Հայեր ցեղասպանութեան արհաւիրքէն ետք եկած ու բնակած են այստեղ։ Մինչեւ օրս ալ կը շարունակեն աշխարհի տարբեր երկիրներէն գալ ու բնակիլ։ Այնքան որ Ալֆորվիլը «Փոքրիկ Հայաստան» կը համարուի։ Այստեղ ունինք եկեղեցիներ, դպրոց, ակումբներ, քաղաքական կուսակցութիւններ եւայլն։
Ազգութիւններու զանազանութեան առումով հարուստ է Ալֆորվիլ։ Շուրջ յիսուն տարբեր ազգութիւններ համերաշխութեան մէջ կողք կողքի կ՚ապրին։ Երեսփոխան Լուք Քարւունասի առաջարկով թեկնածու ներկայացայ քաղաքապետական խորհուրթին։ Մեր խմբակցութիւնը կը բաղկանայ Ձախերէ, Կանանչներէ եւ Հասարակական Կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներէ։ Մեր ցանկին կարգախօսն էր «Ալֆորվիլ բոլորիս սեփականութիւնը»։ 15 Մարտին կայացող առաջին փուլին ապահովեցինք ձայներու շուրջ 57%։ Սակայն համավարակի պատճառաւ հազիւ այս ամսու վերջերուն պիտի գումարուի առաջին ժողովը։ Մեր յոյն երեսփոխան Լուք Քարւունաս քաղաքապետ, Տեպորա Զապունեան, Կարօ Խաչիկեան ու ես ալ քաղաքապետի օգնական ըլլալով պիտի պաշտօնավարենք։
Խորհուրդ կու տա՞ս հայ երիտասարդներուն, քաղաքականութեան մտնելու համար։
Անշուշտ որ, երիտասարդներ ընկերային կեանքի բոլոր փուլերուն, նաեւ քաղաքականութեան պէտք է մասնակցին։ Հակառակ որ մեծ ներուժ ունինք, ափսոս շատ անտարբեր ենք այս ուղղութեամբ։
Ի՞նչ է քաղաքական հեռանկարդ, ի՞նչ նպատակներ ունիս։
Ես անհատական յաւակնութիւններ, կիրքեր չեմ ունեցած։ Իմ աշխատութիւնը խմբային է։
Համոզուած եմ թէ հայ երիտասարդութիւնը ուր որ ալ ըլլայ, պէտք է քաղաքապետարաններէ՛ շրջանային վարչութիւններէ կամ խորհրդարաններէ ներս քաղաքականութիւն մշակէ։ Իբրեւ քաղաքացի մաս կազմելու ենք ընկերային կեանքին։ Մատնուած անարդարութիւնը ուրացուած մեր ազգին խօսնակը ըլլալու ենք։
Պատրկ Տեւեճեանը լաւ օրինակ մըն է մեր դիմաց։ Պսակաժահրի պատճառաւ մահը մեծ կորուստ մըն է մեզի համար։ Կարելի չէ մոռնալ ցեղասպանութեան ճանաչման, ուրացումին պատժուելուն համար տարած պայքարը, կամ Հայաստանի Հանրապետութեան հանդէպ իր նպաստը։
Բացի այդ, պարտինք յիշել Կարօ Փայլանը, որ աշխարհասփիւռ հայութեան ներկայացուցիչն է Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ։
Որպէս Հնչակեան երիտասարդ քաղաքագէտ, ինչպէ՞ս կը գնահատես ֆրանսական քաղաքականութիւնը։
Կը տեսնենք թէ այլ եւրոպական երկիրներու կողքին Ֆրանսայի մէջ ալ կը ծաւալի ազգայնականութիւնը։ Հնչակեան մը ըլլալով մտահոգ եմ այս երեւոյթէն։ Ազգայնականութեան պատճառած փորձանքներուն գիտակցելով վճռած ենք պայքարիլ յանուն մարդասիրութեան, յանուն համաշխարհային խաղաղութեան։