Ալեկոծ արկածախնդրութիւն է «պարոն» գոյականի ոդիսականը։ Մայրենի լեզուի բեմի վրայ ան առաջին անգամ յայտնուեցաւ բեհեզներ ու ծիրանիներ հագած։ Սակայն օր մը քակուեցան անոր բերդերը, կորսնցուց իր պերճանքն ու պատիւը, ըսենք՝ ազնուականութիւնը, որպէս իշխան գահազուրկ։ Ստուգաբանութիւնը ալեհեր ականատեսն է անոր «անկումին»։ Այսօր, տիկնայք եւ պարոնայք, դիտենք «պարոն»ի, այդ երբեմնի արեւաշատ ու մեծայարգ տիտղոսի փառաւոր գահավիժումը։
«Պարոն»ի վերելքն ու անկումը տեսնելու համար քիչ վերջ պիտի ճանապարհորդենք Կիլիկեան Հայաստան՝ 13-14-րդ դար։ Սակայն ձեզ նախ կը հրաւիրեմ Երեւանի Անի պանդոկի ընդունարանը, երեսուն պատանիի ստեղծած ուրախ եռուզեռին ականջալուր ըլլալու համար։ Այդ բազմութիւնը օտար չէ ձեզի։ Ծանօթացնեմ. աշակերտներս են, ամերիկահայ պատանիներ, որոնք Յունիսի հաճելի գիշեր մը հայրենիք հասած են ճանաչողական պտոյտի համար։ Հազիւ ստացած իրենց սենեակներու թիւերը, անոնք խանդավառ զրոյցով, կանչով ու ծիծաղով կ՚աճապառեն վերելակ նստիլ, պայուսակները արագ մը ձգել սենեակ, ապա վերադառնալ ընդունարան ու երեւանեան առաջին ընթրիքի համար հոսիլ Աբովեան պողոտայէն վար։ Երեխաները անընդհատ հարցումներ կը հարցնեն քաղաքի մասին, վաղուան ծրագիրի մասին։ Ամէն նախադասութիւն կը սկսի կամ կը վերջանայ «պարոն»ով։ Եկաւ վերելակը։ Եօթը հոգինոց։ Մեր կազմած հնգեակի հետ կը նստի նաեւ իտալացի զոյգ մը։ Չկարենալով իրենց հետաքրքրութիւնը զսպել, կը հարցնեն. «Կը ներէք, դուք ազնուակա՞ն էք։ Այս երիտասարդները ձեզի «Պարոն» կ՚ըսեն»։ Կը ծիծաղինք։ «Եւրոպական այդ բառը, -կը հարկադրուիմ բացատրելու,- մեր լեզուի մէջ կը նշանակէ ուսուցիչ, դասատու»։ Մինչեւ որ աշակերտներս ու ես ճամբրուկները տանինք սենեակ, ձեզի ներկայացնեմ «պարոն» բառի Կիլիկեան ոդիսականը։
Միջերկրականի արեւը կախուեր է Այասի նաւահանգիստի վրայ։ Հոն խարսխած կը ծփան ծովու հիւսիս արեւմտեան ափերէն մեկնած առագաստանաւեր։ Անոնց կայմերու վրայ կը ծածանին դրօշակներ բազմագոյն եւ բազմաձեւ։ Կիլիկիա հասեր է նաեւ «պարոն» ազնուափայլ բառը։ Առագաստանաւով։ Իսկ հայազգի իշխաններ, արդէն ֆրանքներու թագն ու լեզուն որդեգրած, տոհմիկ «նախարար» տիտղոսը հնամեայ գտնելով՝ սկսեր են պատուաբեր նոր տիտղոսը որդեգրել ու դառնալ «պարոն»ներ։
Պարոն բառը ֆրանսերէնէ փոխառեալ է։ Միջնադարեան ֆրանսերէնի մէջ ան կը նշանակէր իշխանաւոր, տէր։ Բառը ունի Միջին լատիներէն ծագում՝ «պարոն»- ազատ մարդ, կալուածատէր, պատերազմիկ։ «Պարոն»ը Կիլիկիոյ մէջ իր բարձր աստիճանը եւ կալուածները պահեց երեք դար։ Այդ շրջանէն մնացած յիշատակարաններու մէջ գտանք «պարոն» բառի անդրանիկ գործածութիւնները. «Գրեցաւ ի թուիս Հայոց ՈՂԶ (1247), ձեռամբ Ներսէսի, յաշխարհիս Կիլիկեցւոց, ուխտի, որ կոչի Ակներ անապատ, ի թագաւորութեան Հայոց Հեթմոյ, եւ Հօր իւրոյ պարոն Կոստանդեայ», «Ի թուականիս Հայոց ՉԺԸ (1269) ։ Արդ, գրեցաւ պրակս... արդեամբք տեառն Սարգսի սրբասէր եւ արհիական եպիսկոպոսի, եւ նորին հարազատ որդւոյ՝ աստուածասէր եւ քրիստոսապահ իշխանին պարոն Յովհաննէսի»։ Հայկական ձեռագիր մատեանները «պարոն»ի ընտիր վկայութիւններ կը պարունակեն. «Պարոնն հայոց կալաւ զՊեմունդ բրինձն Անտիոքոյ», «Պարոնն դնի որպէս տէր գաւառի եւ կալուածոց»։ Երկար չտեւեց, որ հայոց մայրենին տիրանայ նոր կալուածի մը՝ «պարոնութիւն» բառի։ Ահա անոր բացատրութիւնը 19 դարու բառարանէ մը առնուած. «Աշտիճան՝ պատիւ եւ իշխանութիւն պարոն գոլոյ. որպէս ռուբինեանցն կիլիկեցւոց նախ քան զթագաւորելն. եւ ամենայն գլխաւորութիւն գաւառի կամ կալուածոց»։ Մեր «պարոն»ը չեղաւ բազմածին։ Սոսկ յղացաւ երեք բառ. պարոնադուստր, պարոնացնել, պարոնորդի, չմոռնանք «պարոնաց պարոն» տիտղոսը։
1375 թուական։ Կիլիկիոյ հայոց թագաւորութեան անկումով «պարոնը» կը կորսնցնէ իր կալուածներն ու տանտիրութիւնը։ Սակայն, յարգելի ընթերցող, դուք գիտէք, թէ բառերը երկարակեաց են։ Անոնք կը դիմանան քաղաքական յեղաշրջումներու, ճկունութիւնը ունին իմաստի նոր նաւահանգիստներ գտնելու, լեզուին խարսխած մնալու։ Հայկական նոր կեանքի «պարոն»ն ալ դարձաւ սեփական հողի տէր հասարակ մարդ, ապա՝ աշխարհաբար հայերէնի մէջ ամուսնացած կամ յարգելի ոեւէ այր, հոգ չէ թէ ան հողի տէր է կամ ոչ։
Միջնադարու հայ բանաստեղծները «պարոն» տիտղոսը արժանի տեսան հրապուրիչ կնոջ, քանզի ան մէկ նայուածքով կը կալանէր սիրտը։ Դաւիթ Սալաձորցի տաղասացը, որ կը սիրէր գովաբանել գեղեցկուհին, օր մը նայեցաւ անոր սիրուն դէմքին ու երգեց.
Շատ պարոնաց բերդ ես քակել...
Դու ես պարոն, դու ես սարդար։
Քոսայ Երէց բանաստեղծը իր Աննային համար շարադրեց այս խօսքերը. «Փառք ու պատիւ ասեմ ես քո արարչին, / Որ ամենայն փառօք զքեզիկ զարթարէր, / Կ՚ուզեմ թարիպ անեմ (գովեմ, գովերգեմ), պարոն Աննայիս»։ Սառան ալ, աշուղ Օքսուզ Աւետիքի սիրածը, որ ունէր «քնքուշ, բղբոջ» ձեռքեր, արժանացաւ ա՛յս խօսքերուն.
Իմ անուն Աւետիք ու քուկն է Սառայ,
Դուն ինձի պարոն ես, ես քեզի ծառայ։
Երբ աշխարհականացաւ «պարոն»ը, հայկական բարբառներու մէջ թափառաշրջեցաւ. Սեբաստիոյ մէջ «բարէօն» էր, Ակնայ մէջ «բարիւն», Թիֆլիսի մէջ «պարուն», դարձաւ նաեւ բանջարեղէնի տեսակ, «պարոնբանջար», խաղ մը, «պարոնգզիր», կեսրայր, «պարոնպապ, պարոնտատ» ու կեսուր, «պարմայր»։ Գալով մանկավարժութեան նուիրուած այր մարդոց։ Հին դարերուն հազուագիւտ եւ պատուաբեր ըլլալով գրագիտութիւնը, ուսուցիչները կ՚արժանանային «պարոն» տիտղոսին։ Այսօր անոնք կը վայելէն «պարոն» կոչուելու հաճոյքը, հակառակ անոր, որ գրեթէ բոլորը հեռու են իշխան մը կամ հողատէր մը ըլլալէ։ Իսկ, կը յիշէ՞ք 1850-ական թուականներուն հայկական գրականութեան մեծագոյն երգիծաբան քննադատը, պարոն Յակոբը, որ մինչեւ այսօր կը սորվեցնէ ուղղամիտ եւ ուղղախօս ըլլալ, «պարոն» բառը ընդունեցաւ որպէս մականուն։
«Պարոն» բառը բնական է, որ հայրենի կալուածներու ալ անուն դառնար։ Ահա քանի մը տեղանուն. «Պարոնաց Այգի», գիւղ եւ հայ իշխաններու նախկին զբօսավայր Վանայ նահանգի Ոստան գաւառակի Արտոս լերան փէշերուն, «Պարոնաց Բերդ», Վանայ նահանգի մէջ աւերակ բերդ, «Պարոնբեկ», Նոր Բայազետի գաւառի մէջ գիւղ, «Պարոնենք», Զէյթունի գիւղ, «Պարոնի քարայր», Լոռիի մարզի Ձորագետի հովիտի մէջ քարայր։ Իսկ պարսկահայ մեր ընթերցողներուն ծանօթ է անկասկած Թավրիզ քաղաքի «Պարոն Աւագ» պատմական ու պատկառելի թաղը Աւագ Աւագեանի կողմէ հիմնուած։
Կը հնչէ հեռաձայնը։ Հայոց լեռնաշխարհի նաւուղղութենէս կը սթափիմ։ Աւօն է։ Հայրենիքը ճաշակելու անհամբեր ախորժակով կը հարցնէ. «Պարո՛ն, մենք ընդունարան իջանք։ Ես անօթի եմ, ե՞րբ ճաշի պիտի երթանք պարոն»։
Յօդուածիս հրաժեշտ տամ գինիի կարասի մը շուրջ բոլորուած ու Արարատի տեսարանով հարբած հայ պարոններու կենսուրախ մէկ երգով, «Երգ Բաքոսի», զոր մեր աշակերները կը ծրագրեն վերջին ընթրիքի սեղանի վրայ երգել ու այդպէս հրաժեշտ տալ հայրենիքին։
Ակոռիի մեծ կարասին բոլորտիքն են բազմեր,
Աւագ իշխանք եւ պարոնայք ժողովք են հոն կազմէր,
Այո՜, այո՜, ժողովք են հոն կազմեր։
Այսպէս մեզի նոր ցնծութիւն, արեւները կը ծագին,
Ուրախ կ՛ըլլայ մեր ժամանակ եւ փառք մեր աշխարհին,
Այո, այո եւ փառք մեր աշխարհին։