«Էսաեան Վարժարանը մեր համայնքային կրթական համակարգին մէջ ունի պատուաբեր դիրք մը։ Մեր զոյգ կրթական նուիրեալ մշակները իրենց ուսուցչական ու վարչական կոչումներուն, նաեւ պատասխանատուութեանց, խոր գիտակցութեամբ ջանացած են անցեալէն փոխանցուած գիծը շարունակել, երբեմն գերմարդկային ճիգեր վատնելով։
Մենք անձնապէս գիտենք, թէ իրենց ծառայութիւնը որքան արժանի է գնահատանքի։ Անցեալին Պատրիարքական Աթոռը զանազան առիթներով գնահատական արտայայտութիւններ ունեցած է վարժարանի կրթական համակարգին նկատմամբ…»
Այս տողերով կարծես ամբողջ պոլսահայութեան զգացումները կը նկարագրէր Սահակ Բ. Պատրիարք Երրորդութեան թաղականութեան ուղղած մեղադրական բնոյթով գրի առած նամակին մէջ։ Բոլորիս ծանօթ է, որ Պէյօղլու թաղի վարչութիւնը բոլորին ընդվզում պատճառող ոճով մը վերջ տուած էր Էսաեան վարժարանի զոյգ տնօրէններու պաշտօնին։ Ուրախութիւն է տեսնել, թէ այս որոշումը հանդիպեցաւ ժողովրդական լայն խաւի մը հակազդեցութեան։ Արդարեւ այդ հակազդեցութիւնը չբաւարարուեցաւ լոկ սոցցանցերու գրառումներով եւ բողոքի ձայնը փողոց իջեցուց երկու ուսուցիչներու բնակած փողոցներուն վրայ։ Հայաշատ թաղի Թիւրքպէյ եւ Սատըք Շենտիլ փողոցները 20 Մայիս Չորեքշաբթի օր կը թնդային «Էսաեան» վանկարկումներով, երբ խումբ մը ուսանող եւ շրջանաւարտ իրենց ձեռին ունենալով ծաղկեփունջեր եկած էին Սաթենիկ Նշանի եւ Առլին Եշիլթեփէի զօրակցելու համար։
Նշենք որ հայ համայնքի համար անսովոր երեւոյթ մըն էր պարզուածը, բայց նաեւ նոյնքան պատուաբեր, քանի դրացիներ ալ պատուհան ելած ծափերով կ՚ողջունէին կատարուածը։ Իսկապէս դժբախտութեան երեւոյթ մը, Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցւոյ թաղականութեան հաշուոյն։ Գործած էին սխալ մը եւ այս սխալը արժանի կերպով կը փոխադարձուէր իրենց երեսին։
Ցարդ մեզի համար անստոյգ է, թէ թաղականութիւնը ի՞նչ տեսակ դրդումներով դիմած է նման տգեղ վերաբերումի։ Չէ յարգած պատշաճութեան նոյնիսկ ամենահիմնական կանոնները եւ վնասած է նախ եւ առաջ իր հեղինակութիւնը։ Այս պահուն այլեւս շատ ալ իմաստ մը պիտի չունենայ կատարուածը սրբագրելու որեւէ փորձ։ Աւելին ծանր հարցական մը պիտի գոյանայ այս պաշտօնը յաջորդող անունին համար։ Նման անբարոյ վարքէ ետք ո՞վ պիտի համակերպի այս նոյն պաշտօնը ստանձնելու։