Համավարակը, երբ կը շարունակէ աճիլ ու տարածուիլ յատկապէս հիւսիսային եւ հարաւային Ամերիկա, Եւրոպա եւ Թուրքիոյ մէջ սկսած է հանգման եղանակին մտնել։ Արդարեւ օրըստօրէ կը նուազին վարակման եւ մահուան թիւերը։ Անշուշտ որ այնտեղ կարեւոր դերակատարում ունեցաւ մեկուսացման կանխամիջոցը։ Եթէ մէկ կողմէ 11 Մայիսէն սկսեալ կը փորձուի կանխամիջոցներու թուլացում, միւս կողմէ կը շարունակուին փողոց ելլելու սահմանափակումները։ Կառավարութիւնը նախորդ շաբաթավերջին հռչակած փողոց ելլելու քառօրեայ արգելքը պիտի կիրարկէ նաեւ յառաջիկայ շաբաթավերջին, ուր նաեւ պիտի ապրուին «պայրամ»ի տօնական օրերը։
Յայտնի դարձած է թէ Թուրքիոյ մէջ դպրոցները փակ պիտի մնան մինչեւ ուսման տարուայ աւարտը։
Ներկայ պահուն հասարակութեան մտահոգութիւնը ուղղուած է կեանքի բնականոնացման հետ համավարակի նոր ալիքի մը բռնկման հաւանականութեան շուրջ։ Մասնագէտներ այս մասին կը զգուշացնեն նոյնիսկ արգելքներու թուլացման հանգրուանին չխուսափիլ դիմակ կրելէ եւ զգոյշ մնալ ֆիզիկական հեռաւորութիւնը պահելու խնդրին մէջ։