Հախվերտեանի «Բարիլոյս Տիկին Արուս» ծանօթ երգի բառերուն մէջ կայ «Մարդ պէտք է արտայայտուի» հաստատումը։ Մարդկային անզսպելի իրականութիւնը, շնորհիւ համացանցի պարգեւած կարելիութիւններուն, նոր նախաձեռնութիւններով սկսած է նոր գետին մը գտնել։
Այս ծիրէն ներս մեր անմիջական առօրեային առաջին մուտք գործողը եղաւ «Սապէս» փոտգէսթը ( podcast)։ Ան Մայիս 2019 էն ի վեր տարի մըն է կ՚արձանագրուի երկու պոլսահայ երիտասարդներու կողմէ, արեւմտահայերէն լեզուով։ Գաղափարը առաջին յղացողը եղաւ Շարա Մարաշլեան, որ կը սիրէր podcast-iհետեւիլ, չէր հանդիպած արեւմտահայերէն օրինակի մը ու որոշեց վերացնել այդ բացթողումը։ Գործակցելով արուեստասէր Սարեմ Ք. Շեշեթեանի հետ, մշակեցին «1 նիւթ 3 հիւր» կաղապարի մէջ քննարկել հայկական գեղարուեստի վերաբերեալ նիւթեր։ «Սապէս»ի զրոյցներուն կարելի է հետեւիլ spotify, i-podcast են,instagram եւ facebook, youtube-ի վրայ SabesBolis հաշիւներէն։ Ցարդ մշակուած է չորս նիւթեր, 12 հիւր եւ podcast, որոնք ունեցած են 2000 ունկնդրութիւն՝ 700 ունկնդիրներու կողմէ։ Այդ ունկնդիրները հաղորդումներուն կը հետեւին աւելի քան 20 տարբեր երկիրներէ։ Շարա Մարաշլեան եւ Սարեմ Ք. Շեշեթեան յաւակնութիւն չունին լաւագոյնը ըլլալու։ Անոնք կը բաւարարուին արեւմտահայերէն արտայայտուելու նոր եղանակ մը, նոր միջոց մը կեանքի կոչելով ու այսպիսով սատարելով լեզուի գոյատեւման։
Արեւմտահայերէն արտադրութեան մի այլ փորձ է «Ասպանդակ» նախագիծը, որ կեանքի կոչուած է Նարօտ Էրքոլ եւ Վարդան Էսդուգեանի կողմէ։ «Ասպանդակ» համացանցի վրայ կը տողանցէ իւրաքանչիւր շաբաթ տեղադրուած երկու նոր ձայնագրութիւնով, ուր հեղինակները միտքեր կը փոխանակեն այժմէական զանազան զարգացումներու մասին։ Հետաքրքրական է որ «Ասպանդակ»ի փոտգեստները եւս ունին ունկնդիրներու ընդարձակ զանգուած մը, աշխարհի տարբեր երկիրներէն։ Ուսուցողական կարծրատիպներէն ձերբազատուած այս հաղորդումները լսելով ունկնդիրը կը մատնուի այն դիրքին թէ, կարծես ականջ տուած է կողքի սեղանի մը զրոյցին, որ բաւականին հետաքրքրական միտքեր կ՚արծարծուին խոր անմիջականութեան մը մէջ, ու ինք ներքաշուած է այդ զրոյցին։ «Ասպանդակ»ի հաղորդումներուն կարելի է հետեւիլ https://www.facebook.com/asbantag/, https://www.instagram.com/asbantag/ եւ asbantag@gmail.com կայքի միջոցաւ։
«Ի՞նչ կայ չկայ» ալիքը Թելեկրամի (Telegram) գրառումներու հարթակ մըն է, ուր ամէն օր կը բաժնեն արեւմտահայերէն լեզուական խաղեր եւ հարցումներ, հետաքրքրական տեղեկութիւններ, օգտաւէտ աղբիւրներ, յղումներ եւ արեւմտահայերէն պատգամներով կպչուկներ։ Կը փորձեն կիրառել ըմբռնելի եւ դիւրամատչելի բովանդակութիւն ու լեզու, որպէսզի ալիքը հետաքրքրական ըլլայ բոլորին համար։ Հարթակին համահիմնադիր- հեղինակներն են՝ Շահէն Արապօղլեան (Պէյրութ), Սեւան Ղարիպեան (Երեւան) եւ Սարին Ագպաշ (Պոլիս)։ Եթէ կ՚ուզէք բաժանորդագրուիլ՝ https://t.me/WesternArmenian։ Կապ՝ inchgachga@gmail.com։
Սարին Աքպաշ ունի նաեւ հեղինակային ալիք մը Youtube-ի մէջ՝ «Աթոռ Անահտայ» անունով, ուր կը զետեղէ արեւմտահայերէն լեզուական, ուսուցողական տեսաերիզներ, որուն յղումն է https://www.youtube.com/channel/UCQ6JIGv0gJ3HwD4bPo1BRwg?view_as=subscriber
Հետաքրքրական է տեսնել թէ նման նախաձեռնութիւններ ինքնաբերաբար կը ստեղծեն համագործակցութեան աւելի լայն շրջանակ մը։ Արդարեւ «Սապէս» որ աւելի ձայնագրութիւններու կիրարկում մըն է, ունի իրեն յատուկ երաժշտական խորհրդանշան (Ճինկըլ) որ պատրաստուած է Սարօ Ուսդայի կողմէ։ Իսկ Սարօ Սիմոնեան պատրաստած է խորհրդանշանը (լոկօ)։ Նոյնպէս Արէն Սելվիօղլու ալ ձեւաւորած է «Ասպանդակ»ի խորհրդանշանը։