Հայաստանի հանրապետութիւնը եւս անմասն չէ մնացած համավարակի կործանիչ ազդեցութենէն։ Հայաստան ալ Թուրքիոյ նման 11 Մայիսին փորձած էր կանխամիջոցները որոշ չափով թուլացնել։ Սակայն շուտով պարզուեցաւ, որ այդ թուլացումը իսկոյն անդրադարձ ունեցած է տուեալներու վրայ։ Արդարեւ 18 Մայիսի ցերեկուայ ժամերուն արձանագրուեցաւ վարակման 351 դէպքեր, որը մրցանիշ կը համարուի Հայաստանի համար։ Այսպէսով Հայաստանի մէջ վարակուածներու ընդհանուր թիւը հասաւ 4822-ի։ Մինչեւ օրս թեստաւորուած է 41 հազար 950 անձ։ Բուժուածները կը հաշուին 2718 եւ մինչեւ օրս մահացողները 61 անձ։
Վարչապետ Փաշինեան յայտարարեց թէ համավարակի դէմ արտակարգ միջոցները ի զօրու պիտի ըլլան մինչեւ 13 Յունիս։ Նշենք որ 15 Մայիս ուրբաթ օր մէկ օրուայ մէջ մահացող 3 անձերն ալ մրցանիշ մըն էին Հայաստանի հաշուոյն։