ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Նորայր Տատուրեան

ԻԼԻ

Անհետացած գեղեցկութիւն մը

Սիրուն գեղեցիկ պատկեր, հասակով տասնչորս ամաց,

թուխ մազերն է սիրուն, փայլուն երեսին վրայ է ցրուած։

Աջ ձեռն ունի մոմ վառած, վիզն ու ծոցն եւ սիրտն է ի բաց,

Ի միւս ձեռն իլի գինի՝ ապակի ամանով լցած։

(Սարգիս Հալէպցի, 1592-1662)

 

Աշակերտներս կը սի­րեն այս բա­նաս­տեղծու­թիւնը։ Ան­շուշտ, նախ տասնչորս-տասնհինգ տա­րեկան­նե­րուն պէտք է բա­ցատ­րել, թէ ին­չո՛ւ իրենց տա­րեկից աղջնակ մը սի­րային բա­նաս­տեղծու­թեան նիւթ դար­ձեր է, ապա՝ թէ ան ին­չո՛ւ գի­նիի բա­ժակ եւ մոմ կը բռնէ։ Միջ­նա­դարու մար­դու հա­մար սո­վորա­կան այս երե­ւոյ­թը ընդվզե­ցու­ցիչ ըլ­լա­լէ կը դադ­րի, երբ դա­սարա­նին կը յի­շեց­նեմ, թէ Հա­լէպ­ցիի ժա­մանա­կակից Շէքսփի­րի գրա­կան հե­րոս Ռո­մէոյի սի­րահա­րը լոկ 13 տա­րեկան օրիոր­դիկ մըն էր։ Իսկ այժմ, բա­նաս­տեղծու­թեան երկրորդ դժո­ւար հասկնա­լի տար­րը՝ ան­հե­տացած գե­ղեց­կութիւն մը՝ «իլի» բա­ռը։

Այ­սօր, յար­գե­լի ըն­թերցող, կ՚առա­ջար­կեմ մե­րօրեայ ախ­տա­ւոր աշ­խարհի ցա­ւերէն հե­ռանալ ու վեր­յի­շել միջ­նա­դարեան բառ մը, որ ան­հե­տացած է ար­դի հա­յերէ­նի մէջ ու դար­ձեր է ան­պա­րու­նակ։ Մինչդեռ, երեք-չորս հա­րիւր տա­րի առաջ էր, կը յի­շէ՞ք, ի՜նչ գոր­ծա­ծական էր ան եւ լե­ցուն էր իմաս­տով, քիչ մըն ալ փառ­քով, լոյ­սով, գի­նիով եւ... «բա­զում մեղ­քե­րով»։ Այժմ, բա­նանք հայ­կա­կան հին բա­նաս­տեղծու­թեան գան­ձա­րան­նե­րը, կամ ձե­ռագ­րաց յի­շատա­կարան­նե­րը եւ տա­ղարան­նե­րը, ինչպէս որ կը փա­փաքիք, հե­տահա­յեաց ակ­նարկ մը նե­տենք ու տես­նենք, թէ «իլի» օգ­տա­շատ բա­ռը ինչ հետ­քեր ձգեր է։

«Իլի» կը նշա­նակէ լե­ցուն, լի։ Գրա­բար «լի» ածա­կանն է ան, «ի» նախ­դի­րով միացած։ Մի­ջին հա­յերէ­նի յա­տուկ բառ է։ Տե­ղին է յի­շել, թէ Մի­ջին հա­յերէ­նը գրա­բարի եւ աշ­խարհա­բարի մի­ջեւ ան­ցումա­յին լե­զու մըն էր, ծա­նօթ որ­պէս նաեւ «Ռամ­կօ­րէն» եւ «Կի­լիկեան Հա­յերէն»։ Այդ միացու­մը տե­ղի ու­նե­ցաւ ուշ-միջ­նա­դարուն, մօ­տաւո­րապէս 13-րդ դա­րուն ու ան­բե­կանե­լի մնաց մին­չեւ 17-րդ դար։ Կրնանք այժմ հե­տեւցնել, թէ «իլի»ին չենք հան­դի­պիր հայ­կա­կան դա­սական մա­տենագ­րութեան մէջ՝ 5-րդ դա­րու Աս­տո­ւածա­շունչէն մին­չեւ 11-րդ դա­րու Նա­րեկա­ցիի «Մա­տեան»ը։

«Իլի» ածա­կանը, որ սա­կաւա­կեաց էր, զար­մա­նալիօրէն հա­րուստ պատ­կերնե­րով լե­ցու­ցեր է հայ­կա­կան գրա­կանու­թիւնը։ Նախ մէջ­բե­րեմ պա­տառիկ­ներ, որոնք կը պա­րու­նա­կեն ցնծու­թիւն եւ կեն­սա­սիրու­թիւն։ Խա­չատուր Թո­խաթ­ցի տա­ղասա­ցը (Տա­ղասաց- բա­նաս­տեղծ եւ երա­ժիշտ, աշու­ղի նա­խոր­դը) հե­տեւեալը նո­ւիրեց գի­նիին. «Անուշ, եղ­բայր, քեզ խմո­ղի։ / Փորն է իլի կար­միր գի­նի»։ Մէկ այլ թո­խաթ­ցի, Ստե­փանոս բա­նաս­տեղծը, նկա­րագ­րեց իր ծննդա­վայ­րը՝ Եւ­դո­կիան. «Շատ գե­ղորեայք շէն, բա­րելի, / Այ­գով, ար­տով, պաղ­չով իլի»։ Վա­նայ լի­ճի հիւ­սի­սային ափի վրայ, Սի­փան լե­րան ստո­րոտին, ծո­վահա­յեաց Արծկէ գիւ­ղի մէջ ծնած բա­նաս­տեղծ Անդրէասը գրեց՝ «Շա­րական ազ­նիւ եւ ու­րախ», ու գո­վաբա­նեց հայ­կա­կան գի­նիի սե­ղանը. «Բա­րեխում է գի­նի / Եւ յոյժ փայ­լուն սե­ղան իլի»։ Հայ­կա­կան գի­նիի հան­դէպ նոյն հիացու­մը ու­նէր Եփ­րա­տի ափին, Չմշկա­ծագի մօտ Խա­րասար գիւ­ղի մէջ ծնած եւ ապ­րած բա­նաս­տեղծ Մար­տի­րոսը, որ իր եր­գե­րու մէջ ժո­ղովրդա­կան տօ­նախմբու­թիւննե­րը եւ աշ­խարհիկ կեան­քը կը պատ­կե­րէր։ Ականջ տանք «Տաղ ու­րա­խու­թեան սե­ղանոյ եւ գի­նոյ, հա­ւասար ամե­նայ­նէ եր­գին. «Խմեն իլի մեծ փառ­չով նոր, / Անոյշ խմենք, քաղցր եւ յոր­դոր»։ Մէկ այլ բա­նաս­տեղծ, որ յայտնի է որ­պէս «Պետ­րոս անուն ոմն», գո­վաբա­նեց գե­ղեցի­կը, երբ սի­րով լե­ցուե­ցաւ անոր սիր­տը.

Ձայնդ է քաղցրիկ զէտ պուլպու­լի,

Պէնկլի խա­թուն, ես քի գե­րի։

Երբ որ խմեմ, ի քեզ հա­յիմ,

Ու­րա­խանամ սրտով իլի։

Ղա­փան­ցի Եփ­րե­մը զգու­շա­ցուց, որ գի­նին ըլ­լայ չա­փաւոր. «Ձե­ռաց թասս այս է ար­ծա­թի… Կար­գաւ ըմ­պեմք սո­վաւ գի­նի։ / Բայց մի՛ լցցուք շրթամք իլի, / Զի մի՛ հար­բեմք փու­թա­նակի»։ Խա­չատուր Խաս­պէկ Կա­ֆացի բա­նաս­տեղծը նկա­տեց մէկ այլ գե­ղեց­կուհի, Մա­րիամ Աս­տո­ւածա­ծինն էր ան, որ «շու­շաննե­րու հո­վիտ» եւ «անու­շա­հոտ ծա­ղիկ» էր, ու­նէր «մար­գա­րիտ ատամ­ներ»։ Իսկ, անոր վի՞զը.

Որ­պէս զաշ­տա­րակն Դաւ­թի,

Պա­րանոց քոց փա­ռօք իլի։

Բայց, եղան օրեր եւ գի­նիլից ժպիտ­նե­րը խամ­րե­ցան, դառ­նա­ցաւ մար­դու սիր­տը։ Մա­հը եկաւ։ Այդ օր, են­թադրա­բար 16րդ դա­րու առա­ջին կէ­սին ապ­րած տա­ղասաց Աս­տո­ւածա­տու­րը իր փետ­րագրի­չը դող­դո­ջելով գրեց «Ողբ ի վե­րայ ման­կանց» եր­կը։ Ան մա­հը ըն­կա­լեց որ­պէս երկնա­յին պա­տիժ։ Ի՞նչ էր յան­ցանքը։ Որ­դե­կորոյս հայ­րը կը խօ­սի. «Էրէկ ես ու­րախ էի, / մի­թէ տէր էի աշ­խարհիս, / Րո­տեալ եմ մե­ղօք իլի, / առա­ւել քան զծովն աւա­զի»։ Ապա եկաւ Ջու­ղա­յեցի Ազա­րիան ու նկա­րագ­րեց դրախ­տը. «Ան­ճա­ռելի դրախտն աս­տո­ւածա­յին, / Որ միշտ եւ հա­նապազ է լու­սով իլի»։ Յո­վասափ Երզնկա­ցին Յով­սէփ Գե­ղեցի­կի կին Ասա­նէթի իմաս­տութիւ­նը փա­ռաբա­նեց.

Յա­ռաջ գո­վեմ կինն բա­րի,

Այն Ասա­նէթ խե­լօք իլի։

Գրա­կան վեր­ջին ակ­նարկու­թիւնը կու գայ բա­նաս­տեղծէ մը, որուն անու­նը, աւաղ, չէ պահ­պա­նուած։ Այս իմաս­տուն եւ իմաս­տա­սէր տա­ղասա­ցը օր մը գան­գա­տեցաւ։ Իր միտքն էր անոր ան­հանգստու­թեան պատ­ճա­ռը, մեղ­քե­րով իլի ան­հաստատ իր միտ­քը, «Ի խո­րոց սրտէ գո­ռայ, արատ­սո­ւօք աչերն է իլի»։

Վա­նէն Ոզ­մի, Կա­րինէն Գո­րիս, հայ­րե­նի գա­ւառ­նե­րու մէջ ի՞նչպէս կը հնչէր «իլի» ածա­կանը։ Ըսեմ։ Վա­նի մէջ «ի լի», Ալաշ­կերտի եւ Մշոյ մէջ «լիգ», Գո­րիսի, Երե­ւանի, Համ­շէ­նի եւ Կար­նոյ մէջ «լի­քը», Մոկ­սի մէջ «լիկ», Ոզ­միի մէջ՝ «լէգն», Պոլ­սոյ մէջ «իլինք», Սե­բաս­տիոյ մէջ «իլ­լիք» (իլ­լէ­նալ- լե­ցուիլ), Զէյ­թունի մէջ «իլէն­քը» եւ Տիգ­րա­նակեր­տի մէջ «ըլ­լինք»։

Գրա­կան այս ըն­տիր ժա­ռան­գութիւ­նը մե­զի հա­սաւ բազ­մա­թիւ պատ­մա­կան տո­ւեալ­նե­րով, անձնա­նուննե­րով, թո­ւական­նե­րով եւ տե­ղանուննե­րով, որով­հե­տեւ, յար­գե­լի ըն­թերցող, ձե­ռագիր­նե­րը ու­նե­ցեր են «յի­շատա­կարան», վեր­ջա­բան մը, գրի­չի (ըն­դօ­րինա­կող) կող­մէ գրի առ­նո­ւած։ Ի՞նչ տե­սակ մար­դիկ էին միջ­նա­դարու հայ գրիչ­նե­րը, որոնք իրենց խու­ցե­րուն մէջ հա­ւատ­քով, համ­բե­րու­թեամբ եւ ճգնա­սիրու­թեամբ կ՛ար­տադրէին մա­տեան­ներ՝ «լոյ­սով իլի»։ Անո՛նք խօ­սին իրենց ան­ձի մա­սին. «Ով անձն իմ եղ­կե­լի, զա­մէն կե­ցար մե­ղօք իլի», Հե­թում գրիչ, 1297, «Յիշ­ման արէք զիս ար­ժա­նի, զՄար­տի­րոսս մե­ղօք իլի», Մար­տի­րոս գրիչ, 1458, «Մե­ղօք իլի Ստե­փանոս գրիչս յի­շեայ», Ստե­փանոս գրիչ, 1484, «Ես Յո­վասափ մե­ղօք ի լի. / Որ ես ի յիմ ժա­մանա­կի / Չգոր­ծե­ցի մաս մի բա­րի», ծաղ­կող եւ գրիչ Յո­վասափ սար­կա­ւագ Սե­բաս­տա­ցի, 1535, «զՏա­ռապեալ գրողս զան­պի­տան Յա­կոբս, որ եմ մե­ղօք ի լի եւ եմ Արզրումցի», պատ­միչ, ժա­մանա­կագիր, աշ­խարհագ­րա­գէտ Յա­կոբ Կար­նե­ցի, 1639։

Միշտ չէ, որ «իլի» ածա­կանին կ՚ըն­կե­րանա­յին բա­ցասա­կան գո­յական­ներ։ Երբ գրի­չը կը խօ­սէր պա­տուի­րատու իշ­խա­նի, ազ­նո­ւու­հիի, ռա­բու­նա­պետի կամ մե­ծահա­րուստ վա­ճառա­կանի մա­սին, կը գոր­ծա­ծէր այլ յոր­ջորջումներ. «Աս­տուածա­յին շնոր­հօք իլի», «Ամէն շնոր­հօքն իլի», «Եօթ­նարփե­նի շնոր­հիւ իլի»։ Այսպի­սի գո­վասանքնե­րու գե­ղեց­կա­գոյ­նը գրի առ­նո­ւեցաւ 1499 թո­ւակա­նին, Սե­պուհ լե­րան վրայ, «մե­ծահռչակ» Կա­յիփո­սի վան­քի մէջ, Մես­րոբ Երզնկա­ցի գրի­չի կող­մէ, պա­տուի­րատու Սի­մէոնին հաս­ցէագ­րո­ւած. «Զտէր Սի­մէոնն Խար­բերդցի, որ զար­դա­րեաց ծաղ­կօք իլի, գոյն զգոյ­նով զար­մա­նալի»։

Յօ­դուա­ծիս հրա­ժեշտ տանք «շա­քարով իլի» սի­րային եր­գով մը։ Հե­ղինա­կը 14-15րդ դա­րու տա­ղեր­գու Յով­հաննէս Թլկու­րանցին է, հայ­կա­կան միջ­նա­դարու ցայ­տուն քնա­րեր­գա­կը։ Ան ո՛չ թէ միայն գրեց իր տա­ղերը, այլ նաեւ՝ կա­տարեց զա­նոնք, եր­գիչ էր եւ երաժշտա­կան յօ­րինող։ Այս գողտրիկ կտո­րի մէջ քնա­րեր­գակ Թլկու­րանցին կը նկա­րագ­րէ հո­ղեղէն գե­ղեց­կուհի մը ու զայն կը հա­մեմա­տէ բնու­թեան առինքնող, սրտագ­րաւ պատ­կերնե­րու հետ։

Աղէկ պատ­կեր բո­լոր եւ գե­ղեցիկ ես,

Բե­րանդ շաք­րով իլի թու­թակ լե­զու ես,

Գոյնդ է կար­միր վար­դին, հո­տովդ անոյշ ես,

Դրախտ ես ու պաղ­չա, ծաղ­կի նման ես։

Դուք ալ ու­նե­ցէք օրեր՝ գե­ղեց­կութեամբ եւ սի­րով «իլի»։