Մամլոյ ժողով Հիւրմիւզ եւ Շիմունի Տիրիլի համար

ՀՏՓ կու­սակցու­թեան Մար­տի­նի պատ­գա­մաւոր Թու­մա Չե­լիք, մամ­լոյ ժո­ղով մը կազ­մա­կեր­պե­լով բա­ցատ­րութիւններ տո­ւաւ քաղ­դէացի Շի­մու­նի եւ Հիւրմիւզ Տի­րիլ ամո­լի ող­բերգու­թեան մա­սին։

Շըր­նաք քա­ղաքի Պեյ­թուշա­պապ գա­ւառի քաղ­դէաբ­նակ Մեհ­րի (Քո­վան­քա­յա) գիւ­ղը 1989 եւ 1994 թո­ւական­նե­րուն հրկի­զուած եւ բնա­կիչ­ներն ալ տա­րագ­րո­ւած են թրքա­կան բա­նակին կող­մէ, ահա­բեկ­չութեան դէմ պայ­քա­րի պատ­րո­ւակով։ Անցնող տա­րինե­րու ըն­թացքին ամա­ռուայ ամիս­նե­րուն իրենց նախ­կին գիւ­ղը այ­ցե­լող Տի­րիլ ամո­լը, 2014-ին վե­րականգնե­լով իրենց եր­բեմնի տու­նը, կը վե­րադառ­նան Մեհ­րի։

Սոյն տա­րուայ 11 Յու­նո­ւարին, հա­րազատ­նե­րը իրենցմէ լուր չստա­նալով կը դի­մեն ապա­հովու­թեան ու­ժե­րուն։

20 Մարտ թո­ւակա­նին, գիւ­ղի մեր­ձա­կայ առո­ւակի եզ­րին յայտնա­բերո­ւեցաւ Շի­մու­նի Տի­րիլի խոշ­տանգո­ւած դին։ Քա­նի որ այդ տա­րած­քը նա­խապէս բազ­միցս խու­զարկո­ւած էր, յայտնի դար­ձաւ թէ ան նախ սպան­նո­ւած ու ապա հոն բե­րուած է։ Կորսնցու­ցած է մարմնի ամ­բողջու­թիւնը։ Իսկ ամուսնոյն՝ Հիւրմիւզ Տի­րիլի մա­սին մին­չեւ օրս ոչ մէկ տե­ղեկու­թիւն չէ լսո­ւած։

Թու­մա Չե­լիք իր կու­սակցու­թեան այս մա­սին կա­տարած աշ­խա­տու­թիւննե­րը բա­ցատ­րե­լէ ետք յի­շեց նաեւ նոյն ըն­տա­նիքին նա­խապէս ապ­րած դժբախտ դէպ­քե­րը։ Ար­դա­րեւ Հիւրմիւզ Տի­րիլի հօ­րեղ­բօր թոռ­ներն ալ ան­յայտ կո­րած են տա­րիներ առաջ։

Այս մա­սին «Շա­բաթ­նօ­րեայ Մայ­րե­րը» պա­տահա­ծը նկա­րագ­րած են հե­տեւեալ կեր­պով։

«Շըր­նա­խի քաղ­դէաբ­նակ Մեհ­րի գիւ­ղի բնա­կիչ Տի­րիլ ըն­տա­նիքը, իրենց գիւ­ղին հրկի­զու­մէն ետք Իս­թանպուլ գաղ­թած են։ Այստեղ մեծ դժո­ւարու­թիւններ ապ­րած Տի­րիլ­նե­րը 1993-ին վե­րակա­ռու­ցե­ցին իրենց բնա­կարա­նը եւ սկսան հոն ապ­րիլ։ 16 ամեայ Զե­քի Տի­րիլ եւ զար­մի­կը 12 ամեայ Իլիաս Տի­րիլ մի­ջոց մը եւս շա­րու­նա­կեցին Իս­թանպուլ մնալ ու աշ­խա­տիլ ոս­կերչա­կան աշ­խա­տանո­ցի մը մէջ։ Քա­նի մը ամիս անց եր­կու պա­տանի, իրենց հա­ւաքած գու­մարն ալ վերցնե­լով փոր­ձե­ցին ըն­տա­նիքին քով եր­թալ։ 2 Մա­յիս 1994-ին զի­նուո­րական պա­հակա­նոցի կող­մէ բեր­ման են­թարկո­ւելով ղրկո­ւեցան Ու­զունկե­չիթի ոս­տի­կան զօ­րաց ոս­տի­կանա­տուն։ Ակա­նատե­սի մը վկա­յու­թեամբ քա­նի մը օր վերջ եր­կու պա­տանի­ները ծանր տան­ջանքնե­րու մատ­նե­լէ ետք առա­ւօտո­ւայ շատ կա­նուխ ժա­մերուն դուրս բե­րած են ոս­տի­կանա­տու­նէն։ Աւե­լի ետք զի­նուո­րէ մը լսած են թէ զի­րենք նե­տած են ուղղա­թիռէ։ Անոնք եւս ան­ցած են Շա­բաթ­նօ­րեայ Մայ­րե­րու «Ան­յայտ կո­րած»նե­րու ցան­կին»։

Թու­մա Չե­լիք մամ­լոյ յայ­տա­րարու­թեան վեր­ջին նշեց թէ տա­րածաշրջա­նի պայ­մաննե­րը կրկնա­կիօրէն դժո­ւար են Քրիս­տո­նեանե­րուն հա­մար։

Ան ապա պա­տաս­խա­նեց լրագ­րողնե­րու հար­ցումնե­րուն, որ­մէ ետք աւար­տին հա­սաւ հե­ռակայ մամ­լոյ ժո­ղովը։


Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ