Աշխարհահռչակ երաժիշտ ուտահար Արա Տինքճեանի «Բիքչըր» անուն յօրինումը, լոյս տեսաւ վերամշակուած ձեւով։ Երգը՝ որ մեզի ծանօթ է Կիւլթեն Քայայի «Աղլատըքչա» խօսքերով եւ Ահմետ Քայայի կատարումով։ Այս նոր տարբերակին մէջ Քարտէշ Թիւրքիւլէր երաժշտախումբի նախաձեռնութեամբ երգը կատարուեցաւ հայերէն, յունարէն, թրքերէն եւ եփրայերէն բառերով։ Մարալ Այվազ եւ Քարտէշ Թիւրքիւլերի Իսթանպուլեան։ Էլէֆթերիա Ալվանիթաքիի Աթենքեան եւ Յոավ Իզհաքի Թելավիվեան ձայնագրութիւններուն ուտի նուագակցութեամբ Նիւ Եորքէն միացաւ նաեւ երգի հեղինակ Արա Տինքճեան։
Սոց ցանցերու մէջ հրատարակուելով մեծ ուշադրութեան արժանացող ձայնագրութիւնը կարելի է դիտել https://youtu.be/wtXk4h22KlI հասցէով։