Նախորդ շաբաթ մեր ընթերցողներուն տեղեկացուցած էինք Կրուպ Եորում երաժշտական խումբի անդամ Իպրահիմ Կէօքչէքի հացադուլը թաթրեցնելու որոշումը։ Յուսադրուած էինք, թէ նոյն խումբի անդամ Հելին Պէօքէի եւ իրաւապաշտպան Մուսթաֆա Քոչաքի մահերէն ետք Իպրահիմ վերադարձած էր կեանքին։ Ափսոս որ կարճատեւ եղաւ մեր ուրախութիւնը, քանի որ թերթիս տպարանէն եկած ժամերուն լսեցինք անոր ալ փոխադրուած հիւանդանոցին մէջ մահանալու տխուր լուրը։
Քաղաքական դաշտի վրայ իշխանութեան հրահրած բեւեռացումը եւ անհանդուրժողական ռազմավարութիւնը առօրեայ կեանքի մէջ ալ կ՚ունենայ իր անդրադարձները։ Արդարեւ յաջորդ օր երբ Կազի թաղամասի ժողովարանին (ճեմ էվի) մէջ յուղարկաւորութեան կարգ պիտի կատարուէր, ոստիականները մեծ բռնութեամբ միջամտեցին, ցրուեցին հաւաքուած ժողովուրդը, արցունքաբեր կազ նետեցին ժողովարանէն ներս եւ բերման ենթարկեցին բազմաթիւ յուղարկաւորներ։ Անոնց կարգին էր նաեւ ողբացեալին հայրը։ Ոստիկանական բռնութիւնը այսքանով ալ չգոհացաւ եւ Իպրահիմ Կէօքչէքի անշունչ մարմինը իսկոյն հեռացուց ժողովարանէն։
Կէօքչէք կտակած էր թաղուիլ իր ընտանեկան գերեզմանը՝ Կէսարիա։ Բանակցութիւններէ վերջ ոստիկանները յօժարեցան դիակը յանձնել մերցաւորներուն շուտափոյթ կերպով Կեսարիա փոխադրելու համար։
Մինչ այդ Կեսարիոյ Գորշ Գայլերու կազմակերպութիւնը ազդարարեց, որ չըլլայ թէ փորձեն իրենց քաղաքը մտնել, ամէն գինով արգելք պիտի ըլլան ահաբեկիչի Կեսարիա թաղումին։ Այս սպառնալիքով հանդերձ թաղման թափորը ոստիկաններու ընկերակցութեամբ ուղղուեցաւ Կեսարիա, ուր սահմանափակ մասնակցութեամբ կատարուեցաւ թաղումը։
Ատելութիւն ամենուրէք
Երբ Կեսարիոյ մէջ կը կատարուէր թաղումը Պոլսոյ մէջ վերահասու կ՚ըլլայինք Պաքըրգիւղի Ծնունդ Սուրբ Աստուածածնի Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ շքամուտքի հրկիզման լուրին։
Առաջին տուեալներով անծանօթ մը փորձած էր բենզին թափելով կրակի տալ եկեղեցւոյ երկաթեայ դուռը։ Ոստիկանական կարճատեւ հետաքննութիւնով պարզուեցաւ յարձակումը իրականացնողին ինքնութիւնը։
Բերման ենթարկուած անձը ոստիկաններուն յայտնեց, թէ բարկացած է հայերուն, քանի որ պսակաձեւ ժահրի փորձանքը իրենց պատճառաւ եկած է երկրի գլխուն։ Այս յիմար արտայայտութիւնը պատճառ դարձաւ, որ ոստիկանները յայտարարեն յարձակողի մտային հաւասարակշռութենէ զուրկ ըլլալը։
Նման դէպքերու պարագային շատ ծանօթ պատճառաբանութիւն մըն է այս։ Երբ կը գործադրուի ատելութեան դրդումով որեւէ յանցագործութիւն, ոստիկանները կամ դատախազները իսկոյն կ՚անդրադառնան յանցագործի խելագար մը ըլլալու պնդումով։ Իսկ եթէ յանցագործութիւնը հասած է մարդասպանութեան նման ծանր դէպքի այս անգամ ալ որպէս մեղաւոր կը ներկայացուի անչափահաս մը։
Ատելութիւն հեռուստաէկրանէն
Ատելութեան մթնոլորտի օրինակ մըն ալ կու գար իշխանամէտ «Իւլքէ» հեռուստակայանի հաղորդումով։ հաղորդումին հիւրաբար մասնակցող Սեվտա Նոյեան կ՚ափսոսար թէ չեն կրցած արժեւորել 15 Յուլիսի յեղափոխութեան ձախողած փորձի ընդձեռած առիթը։ «Մեր ընտանիքի այդ կարողութիւն ունի։ Այդ գիշեր մենք կրնայինք առնուազն 50 հոգի մաքրել։ Ափսոս թերացանք։ Բայց հիմա թող գիտնան, որ շատ աւելի արթուն ենք։ ես ճշդած եմ իմ ցանկագրած մեր թաղի թիրախները»։
Երբ այցելուն այս նախադասութիւնները կը կազմէր հաղորդավարն ալ կը ձայնակցէր իրեն։ Հաղորդումը իսկոյն արձագանգ գտաւ ընդդիմադիր մամուլի վրայ որմէ ետք Նոյեան ընտանիքը անդամներն ալ պախարակեցին իրենց հարսի ելոյթը։
Այժմ հետաքրքրական է, թէ «Ռատիոյի եւ Թելեվիզյոն»ի վերահսկիչ մարմինը ի՞նչ հակազդեցութիւն պիտի բերէ այս սահմռկեցուցիչ հաղորդումին համար։ Չէ որ այդ նոյն մարմինը մեծ բծախնդրութեամբ շատ լուրջ պատժամիջոցներ կը վճռէ ընդդիմադիր հաղորդումներու դիմաց։
ՀՏՓ կուսակցութեան պատգամաւոր Կարօ Փայլան Հայկական եկեղեցւոյ հրկիզման խնդիրը Խորհրդարանի օրակարգի բերելու պահուն եղելութիւնը կը բացատրէր իշխանութեան եւ մանաւանդ նախագահ Էրտողանի յայտարարութիւններով։ Կը յիշեցնէր անոր քանի մը օր առաջ գործածած «Թուրի աւելցուք» խօսքը։ Ըստ երեւոյթի պսակաձեւ ժահրի պատճառած տնտեսական ճգնաժամը քօղարկելու համար իշխանութիւնը յառաջիկայ օրերուն հաւանական է, որ թափ տայ նման ելոյթներու, ուշադրութիւնը շեղելու համար այլ գետիններ։
Ցեխարձակման
նոր եղանակներ
Կրօնամոլ «Կերչէք Հայաթ» պարբերականը իր վերջին թիւին մէջ վերլուծական թղթածրարով մը կը քննարկէ Ֆեթուլլահ Կիւլենի շարժումին կազմութեան, իբրեւ թէ մութ ծալքերը։ Այս առթիւ պարբերականը երկրին քրիստոնեայ եւ հրեայ հոգեւոր առաջնորդները կը ներկայացնէ իբրեւ շարժումին առաջատար գործիչները ըլլալով։ Կը յիշուի հրէից ռաբունապետ Իզաք Հալեւայի, յունաց Տիեզերական Պատրիարք Բարթողոմէոսի եւ Թուրքիոյ Հայոց երբեմնի երջանկայիշատակ Շնորհք Պատրիարքի անունները։ Պարբերականի այս հրատարակութեան դէմ բուռն բողոք ներկայացուցին Հայոց եւ Յունաց Պատրիարքարանները եւ Հրէից Ռաբունապետութիւնը։
Նշենք որ անցեալին, երբ Ֆեթուլլահ Կիւլենի շարժումը կը վայելէր Էրտողանի վարչակազմին աջակցութիւն ու համակրանքը յաճախակի կը գործադրուէին միջ կրօնական երկխօսութեան ձգտող նախաձեռնութիւններ։ Քրիստոնեայ եկեղեցիները ակամայ կը բերէին իրենց մասնակցութիւնը կարելի եղածին չափ զուսպ կերպով։ Սակայն կը պարզուի թէ այդքանը իսկ առիթ կը ստեղծէ անոնց անունները այս սատանայի վերածուած Ֆեթուլլահ Կիւլենի շարժումին հետ միասին յիշելու համար։ Ի զուր տեղ չէ որ Յունաց Տիեզերական Պատրիարքը իր ստանձնած առաքելութիւնը կը բնութագրէր խաչուած ըլլալու երեւոյթով։