Մայիսի 11-ը, թէ Եւրոպայի զանազան երկիրներու եւ թէ Թուրքիոյ համար կանխամիջոցներու որոշ չափով թուլացման թուական ըլլալով կը դիտուի։ Սակայն այս մերձեցումն ալ իր կարգին թերուդէմ կարծիքներու արծարծման պատճառ կ՚ըլլայ։ Յայտնի է որ իշխանութիւնները եւ հասարակական կազմակերպութիւնները տարբեր նախապատուութիւններու գոհացում տալ կ՚ուզեն։ Երբ ԱՄՆ նախագահ Թրամբ երկրի տնտեսութիւնը նկատի ունենալով կը ձգտի ժամ առաջ նախկին դրութեան վերադառնալ, նահանգապետերը ահազանգ կը հնչեցնեն կանխամիջոցները լքելու հաւանական հետեւանքներու մասին։ Մաքրոն կամ Մերքել եւս կողմնակից են երկրի տնտեսութեան աւելի ծանր կորուստ մը արձանագրելէ խուսափելու համար ժամ առաջ դուրս գալ մեկուսացումներէ։ Բայց փոխարէնը քաղաքապետեր կամ նահանգապետեր կը շարունակեն իրենց առարկութիւնները։ Թուրքիոյ մէջ ալ աշխատութիւնները կը շարունակուին յառաջիկայ երկուշաբթի օր առեւտուրի կեդրոնները վերաբանալու համար։ Այստեղ դարձեալ ընդդիմադիր կուսակցութիւնները եւ հասարակական կազմակերպութիւնները կառավարութիւնը կը զգուշացնեն կանխահաս թուլացումի մը համավարակի երկրորդ ալիքի մը տեղի տալիք վտանգներու մասին։
Ըստ երեւոյթի աշխարհի երեսին կը նկատուի վարակուելու եւ մահանալու դէպքերու յստակ նուազում մը։ Բայց այդ նուազումը այնքան ալ ճիշդ չի համարուիր այս վերջիններու կողմէ։ Համաշխարհային առումով երկրորդ նմանութիւնն ալ բոլոր երկիրներէ ներս յայտարարուած թիւերու հանդէպ անվստահութիւնն է։ Վարակուելէ խուսափելու գլխաւոր միջոցներէն մէկն է դիմակի գործադրութիւնը։ Յայտնի կը դառնայ, որ բոլոր երկիրներ որոշ չափով անբաւարար մնացած են հասարակութեան գոհացուցիչ չափով դիմակ տրամադրելու խնդրին մէջ։ Եթէ դիմակը վարակուելէ փրկուելու միջոց է, արհեստական շնչառութեան գործիքն ալ դարմանման պահուն խիստ կարեւորութիւն ունեցող մի այլ գործօն է եւ այդ գործիքի անբաւարարութեան պահուն բժիշկները կը հարկադրուին բուժումի հաւանականութիւնը աւելի բարձր եղողներուն նախապատուութիւն տալ։ Արդարեւ Եւրոպայի բազմաթիւ երկիրներու մէջ մահացողներու կարեւոր մէկ համեմատութիւնը կը վիճակի ծերանոցներու բնակիչներուն։ Ահա այս երկրորդական բնոյթի տեղեկութիւններն են որ շատ աւելի յստակ կը նկարագրեն համամարդկային աղէտի տարողութիւնը։
Կարծես թէ ներկայ ճգնաժամը բաւարար չըլլայ Թրամբի կամ Էրտողանի նման առաջնորդներ կը փորձէն այս ճգնաժամով եւս քաղաքական շահեր ապահովել։ Թրամբ ի դէմ Առողջապահութեան Համաշխարհային Կազմակերպութեան եւ իր երկրի գիտնականներու յայտարարութիւններուն յարատեւ կերպով կը պնդէ թէ ժահրը տարածուած է Չինական տարրալուծարանէ մը, որու համար ինք հատուցում պիտի պահանջէ Չինաստանէն։ Թուրքիոյ Նախագահը եւս որդեգրած է այս եղանակը եւ համավարակի մասին իր բոլոր յայտարարութիւններու ընթացքին կը փորձէ մեղքի լուրջ բաժին մը բեռցնել ընդդիմադիրներու ուսերուն։ Երեւոյթ մը՝ որ հետզհետէ անընդունելի կը գտնուի զանազաններու կողմէ։ Այս բոլորը դիտելով կարելի է եզրակացնել թէ հասարակութիւնը շատ աւելի լուրջ կը գիտակցի առկայ փորձանքին, քան ցանկացած պետական ներկայացուցիչ։