Պսակաժահրի վարակը տակաւին կը շարունակէ համատարած աղէտ մը ըլլալով բովանդակ մարդկանց սպառնալ։ Ոչ ոք զերծ պահուած է այդ վտանգէն։ Արդարեւ Պոլսոյ հայութիւնն ալ յաճախ կը ցնցուի համայնքէն ներս հանրածանօթ անուններու մահուան բօթը լսելով։ Այսօրուայ վերջին մահուան լուրը եկաւ Սուրբ Փրկիչ Հիւանդանոցէն եւ մենք դժբախտութիւնը ունեցանք լսելու Կետիկփաշայի Սուրբ Յովհաննէս Եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Յարութիւն Շանլըի կորուստը։
Շանլը վարակուած էր հիւանդութեան Թուրքիոյ մէջ յայտնուած առաջին օրերուն։ Խտացեալ դարմանումի ենթարկուած Ազգային Հիւանդանոցի մէջ։ Այդ ընթացքին մէջ եղան յոյս ներշնչող պահեր, երբ հիւանդանոցէն կը յայտարարուէր թէ շուտով կը փոխադրեն սովորական հիւանդասենեակ։ Բայց ապա կացութիւնը կրկին վատթարացաւ եւ չորեքշաբթի առաւօտ մահացաւ հիւանդանոցի մէջ։ Յուղարկաւորութիւնը կատարուեցաւ նոյն օրուայ յետմիջօրէին Պալըքլըի գերեզմանատան մէջ։
Ասորիներու մեծ կորուստը
Ասորի համայնքը եւս ապրեցաւ ծանր կորուստ մը, յանձին Փրոֆ. Մուրատ Տիլմենէրի։ Մուրատ Տիլմենէր բացի ճարտար բժշկագիտութեան ծանօթ էր իր բարեսիրութիւններով եւս։ Ան շատ անգամ դրամ չէր ստանար աղքատ հիւանդներէ եւ այս նախասիրութիւնը նոյնիսկ բողոքի պատճառ դարձած էր իր դէմ։ Փրոֆ. Տիլմենէր դատարանի դիմաց բացատրելու ստիպուած էր իր բժիշկի առաքելութիւնը։ Իսթանպուլի Համալսարանի Բժշկագիտական բաժինն ալ ցաւակցութիւնով մը յարգեց իր դասախօսը, նշելով որ ան համալսարանի բժշկագիտութեան բաժնի համավարակի զոհ գացած չորրորդ փրոֆէօսորն է։