«Ակօս»ի լուսանկարիչ՝ Պերճ Արապեան նախապէս նկարած զանազան արուեստագէտներու ուղղեց համավարակի օրերու իրենց կեանքի ու արուեստի վրայ գործած ազդեցութեան մասին հարցումներ։ Այդ պատասխանները ստանալով նկատեցինք համատարած համոզում մը արուեստի յաղթանակին մասին։ իւրաքանչիւրը իրեն յատուկ զրկանքներով տառապող արուեստագէտներ իբրեւ հասարակած եզր վեր առին յոյսը։ Իսթանպուլէն Երեւան, Նիւ Եորքէն Լոնտոն ու Փարիզ կամ Լոս Անճելըս ստացած պատասխանները կը ներկայացնենք մեր ընթերցողներուն ամփոփումով։
Պօղոս Չալկըճըօղլու (դերասան, Իսթանպուլ)
Գիտակցելով թէ տեղին է, որպէս թատրոնի գործիչ եւ 65 տարեկանը անցած մէկը, անընդունելի կը գտնեմ քարանդինի պայմաններուն մէջ մեկուսացման խորհուրդը։
Գալով թատրոնին, որ իմ գլխաւոր զբաղումն է, լաւագոյն կերպով կը բնութագրէ մեծ թատերագիր Պերթոլտ Պրեխտ. «Թատրոնը մարը մարդուն մարդով պատմելու արուեստն է»։ Ուրեմն այս հաստատումէն հետեւցնելով կրնանք ըսել թէ եթէ մարդը մեկուսացուած է, թատրոն ալ չկայ։ Իւրաքանչիւր թատերական տարեշրջանին մօտ հարիւր բեմադրութիւններու հետեւող ինձ նմաններուն համար ճարահատութիւնը անբացատրելի է։ Ճիշդ է որ համացանցի վրայ տեղադրուած են կարգ մը բեմադրութիւններ, սակայն այս դրութիւնը այլընտրանք մը չէ իրական թատրոնի դիմաց։
Կիսատ մնաց Օսմանեան շրջանի հայկական թատրոնի պատմութեան մասին հետազօտութիւնները, որ կը տանէինք խումբ մը ընկերներու հետ։ Ներկայ իրավիճակի միակ դրական կողմը արխիւիս վերադասաւորումը եղաւ։ Վերջերս, բաւական դժուարութիւններ յաղթահարելով ուշագրաւ բեմադրութիւններ ունեցած բազմաթիւ թատերախումբեր ակամայ պիտի փակեն իրենց բեմերու վարագոյրները։ Հաւանաբար մէկ մասը պիտի ցրուին։ Բեմական արուեստներու բնագաւառին մէջ բազում տարիներու ջանքերով մարմին առած ձեռքբերումները յուսամ կը պահեն։ Թատրոնը երեւակայել է չէ որ, թատրոնը կեանք է։
Աշոտ Եան
(գեղանկարիչ, Երեւան)
Մարտահրաւէր ողջ մարդկութեանը,մարտահրաւէր անտեսանելի թշնամու կողմից ,որը ինչ խօսք ինչպէս բացասական այնպէս էլ իր դրական կողմերն ունի։ Ինձ համար «Քորոնա» վիրուսը նոյնն է ասես երկիր մոլորակի վրայ յարձակուել են մի այլ մոլորակից, փորձելով զաւթել եւ տիրանալ ողջ մարդկութեանը։ Այս համաշխարհային փանտեմիան ցոյց տուեց ժամանակակից մարդկութեան բացասական կողմերը եւ իմ կարծիքով սկիզբ է դրւում մարդկութեան մտածելակերպի փոփոխութիւն եւ ինչ որ չափով հին աշխարհի արժէքների վերաիմաստաւորում, հիմքում դնելով մարդկային արժէքները։ Ինքնամեկուսացումն ինչ որ առումով մեծ հնարաւորութիւն է ընձեռնում արժեւորելու ժամանակը,այն ժամանակը, որ տրուած է մարդուն ոչ միայն սոցիալական խնդիրներն հոգալու այլ նաեւ զգալ արեւի ջերմութիւնը, խոտի հոտը։ Վանդակում երազող թռչունի նման պատուհանից այն կողմ տեսնելով եւ գնահատելով բնութեան գեղեցկութիւնը։ Թերութիւններով հանդերձ այս իտէալական աշխարհում մարդը այնքան հեռացաւ եւ օտարացաւ բնութիւնից, իր բնութիւնից, որ ստեղծեց իր թուային աշխարհը, իր արհեստական բնութիւնով սկիզբ դնելով 21-րդ. դարասկզբին։ Տասնամեակներ ի վեր մարդկութեանը փորձելով դարձնել փողի հոտը տերեւի հոտից գերադասող կառավարելի զանգուածի։ Ինքնամեկուսացման այս ժամանակահատուածում ես շատ տարբեր հարցերի շուրջ եմ վիճել ինքս ինձ հետ եւ եկել որոշակի համաձայնութեան, պայմանական մի կէտի որտեղից փորձում եմ սկսել իմ պատկերացման նորովի ապրել, մտածել եւ ստեղծագործել հրաժարուելով իմ նախկին վատ սովորոյթներից որոնք ինձ հեռացրել էին բնութիւնից եւ խժռում էին իմ ժամանակը։ Գրեթէ ամբողջովին հրաժարուել եմ սոցցանցերից եւ անգամ բջջային հեռախօսից օգտուելը այս կերպով որպէս անհատ եւ ստեղծագործող, իմ կեանքում աւելի տեղ յատկացնելով բնութեանը։
Ինչպէս նշեցի ստեղծագործում եմ աւելի շատ քան երբեւէ, ի ուրախութիւն ինձ փորձում եմ աւարտին հասցնել իմ՝ «Սպիտակ սենեակ» պատմուածքը։ Սկսել եմ աշխատել մի նոր շարքի վրայ «Քաղաքակրթութիւնների խաչմերուկ» խորագրով, որտեղ փորձում եմ փնտռել այն ամէնը ինչը իրականում գոյութիւն չունի բայց եւ առանց որի աշխարհը չի կարող գոյութիւն ունենալ։ Փորձելով գոնէ ժամանակաւոր չմտածել սոցիալական խնդիրների մասին, ամբողջութեամբ ընկղմուել եմ ստեղծագործական պրոցեսի մէջ չնայած քաջ գիտակցելով, որ անխուսափելի է խնդիրներից խուսափելը որ գրեթէ իւրաքանչիւրին ծնկի է բերել։ Այս վարակի ընթացքում եւ մօտակայ ապագայում իմ պատկերացմամբ մօտաւոր երեք տարի ճգնաժամային իրավիճակ է լինելու արուեստագէտների համար, քանի որ մարդիկ բաւականին կրճատելու են իրենց ծախսերը բացառութեամբ կեդրոնանալով առաջնային խնդիրների լուծմամբ։ Արուեստագէտները այս ժամանակահատուածում լինելու են բաւականին խոցելի, քանի որ մեծամասնութիւնը գրանցուած չեն որպէս հարկատու եւ պետու թեան կողմից ներառուած չեն ոչ մի սոցիալական խմբում։ Սա ինչ որ տեղ նաեւ դրական արդիւնք կարող է տալ որպիսի այս դաշտը բնական ճանապարհով մաղուի։ Ես ամէն ինչում փորձում եմ տեսնել դրականը։ Մի կողմ դնելով անձնականը, կլոպալ առումով եթէ աշխարհի մեծամեծները տնտեսական վնասներին զուգահեռ ողջ իրենց հնարաւորութիւնները չներդրեցին կառավարման համակարգում լրջագոյն փոփոխութիւններ կատարելուն՝որի արդիւնքում մարդը հարկատուից չվերածուեց անհատի ապա վստահաբար կարող եմ ասել անխուսափելի է լինելու բացասական հետեւանքները։ Լինելով անուղղելի լաւատես,այս պարագայում եւս յոյս ունեմ ,որ համաշխարհային տնտեսական քաղաքականութիւնում դրական փոփոխութիւններ տեղի կ՚ունենան։
Արի Հերկել / Ոմանք
(երաժիշտ, Իսթանպուլ)
Մեր նման խումբերու համար անհրաժեշտութիւն է հաւաքաբար փորձ կատարել։ Մօտ երկու ամիս է որ զրկուած ենք այդ միջոցէն։ Ստիպուած եղանք տան մէջ առանցին աշխատելու։ Համացանցի միջոցաւ կարելի է անջատ կատարումները համախմբել, այսպէսով շարունակել միասնութիւնը։ Այս համեստ աշխատութիւնները մօտ օրէն պիտի տեղադրուին ընկերային ցանցերու վրայ։ Անշուշտ գոյացաւ նաեւ աչքէ հեռու մնացած կարգ մը նախագիծերու վերոյիշման առիթ մըն ալ։ Յայտնի է որ համավարակի հանգելէն ետք ալ որոշ ժամանակ մարդիկ հեռու պիտի մնան բեմային նախաձեռնութիւններէ։ Մենք որպէս Ոմանք, կանխամիջոցներով ապահովուած համերգի մը ցանկութիւնով լեցուն ենք։ Վստահ ենք թէ մեր այդ ցանկութիւնը միակողմանի պիտի չըլլայ։
Արամ, Վիրժնիա Քերովբեան
(երաժիշտ, Փարիս)
Այս խերն անիծած վարակի պատճառած մարդկային խնդիրներէ տառապելով, քաղաքական հարցերէ չջղայնանալու հանդերձ առիթը ունեցանք նաեւ մեր առօրեան հարցաքննելու։ Շնորհիւ յաջողեցանք ամէն ինչ շտապօրէն ընելու պարտադրանքը գոնէ մեր բնակարանէն դուրս շպրտել։ Աւելի համերաշխ ենք տան ամէն մէկ անկիւնը պատած երաժշտութեան ու երաժշտագիտութեան հետ։ Փոխուած է ժամանակի ընկալումը։Իրարու յաջորդող բեղուն օրերու աւարտին յոգնութիւնն իսկ տարբեր է... Այս բոլորը շատ լաւ են։ Բուն խնդիրը պիտի յայտնուի աւելի ուշ։ Կը պատրաստուի համակարգ մը, որ ամէն ինչ արագ, ալ աւելի արագ պիտի պահանջէ։ Իսկ մենք այդ պարտադրանքէ դուրս մնալու կարելիութիւնը տեսանք։ Յետոյ աւելի դժուար օրեր կը սպասեն մեզ։ Պէտք է աշխատութիւնները շարունակել առանց այս օրերուն շնորհած բարիքներէ հրաժարելու։ Անխուսափելի կերպով պիտի դիմադրենք «հին բաղնիքը, հին թասը» ասացուածքը ի սպառ հանելու։ Անշուշտ եթէ մինչ այդ հին բաղնիքը մեր գլխուն չկործանի։
Մառլէն
Թէքիրտաղլըճան
(գեղանկարիչ, Իսթանպուլ)
Մինչեւ օրս կը մխիթարուէի «ինչպէս որ կը զգամ այդ է տարիքս» ըսելով։ Պսակաժահրը կործանեց կեանքս եւ իմացուց տարիքիս իրողութիւնը։ Նշմարեցի թէ շատ արագ անցած են տարիները։ Սակայն այս գիտակցութեամբ ժամանակը արժեւորելու ուժ գտայ իմ մէջ։ Վերատեսութեան մատնեցի նախորդ աշխատանքներս։ Անդրադարձայ երիտասարդութեանս։ Տեսայ յիսուն տարուայ փոփոխութիւնները։ Արդեօք փոխէի՞ ժապաւէնը։ Ընդունէի անցեալի ու այս օրուայ եսի միջեւ գոյացած օտարութիւնը։
Աւելի ուշ պիտի տեսնեմ ժահրի իմ գործերուն վրայ թողած ազդեցութիւնը։ Ճիշդ է որ պսակաժահրը փոխած է կեանքս, բայց պարտուած չեմ զգար։ Չէ որ կայ արուեստը, որ այս նեղ օրերու բալասանն է ինծի համար։
(Շարունակելի)