Օրհնութիւն տանք
հայ ազգի աղաւնի դարձած
նահատակներուն,
Օրհնութիւն տանք
աղաւնատիպ եւ աղաւնաբարոյ
հայ գրիչներուն,
Դառնանք եւ օրհնութիւն չտանք
աղաւնասպան եւ աղաւնեկոտոր
գազաններուն,
Օրհնութիւն տանք
աւերակ գիւղի աւերակ վանքին որպէս աղաւնի վերադարձած հայերուն։
Երբ հայկական Ապրիլն էր, տասնմէկ ամիսներու իշխանուհին, յարգելի ընթերցող, յարմար տեսեր էի զրուցել ապրելու եւ կեանքը լիովին վայելելու փափաքի մասին՝ «ժպիտ» բառն էր մեր հիւրը։ Բայց ուշ չէր եղած, որ հասկնայինք, թէ հայոց լեզուի բարեժպիտ, քաղցրաժպիտ եւ գեղեցկաժպիտ դէմքերը դարձեր էին աղաւնիներ՝ անմեղ զոհեր։ Ուստի, այսօր, խօսիլ «աղաւնի» բառի մասին, կը նշանակէ խօսիլ հայաբարոյ արժէքներու եւ յաւերժական դարձած գրական յօրինումներու մասին։
Անստոյգ է «աղաւնի»ի ծագումը։ Սակայն, ան մեր ազգի արշալոյսի օրերէն իսկ սկսեր է բոյն դնել հայոց մայրենիի մէջ, ինչպէս սպիտակ եւ մոխրագոյն աղաւնիներ սիրած են բոյն դնել հայկական լեռնաշխարհի քարանձաւներու, ժայռերու, խորշերու մէջ, եկեղեցիներու գմբէթներու, տանիքներու, զարդաքանդակներու եւ արձաններու վրայ։
Հայկական հին մատենագրութեան մէջ, լեզուական ընտիր եւ եզակի հարստութիւն, ունեցեր ենք աղաւնեվաճառ, աղաւնեակ, աղաւնանման, աղաւնանալ (սպիտակ, մաքուր, անմեղ ըլլալ), աղաւնէտուն, աղաւնակերպ բառերը։ 15-րդ դարուն «աղաւնի»ն դարձաւ իգական անձնանուն, ապա անմեղ եւ զգոյշ մարդը նկարագրող դարձուածք՝ «անմեղ աղաւնի», «երկչոտ աղաւնի»։ Այս պատճառով ալ Գրիգոր Տաթեւացին «Գիրք հարցմանց» աշխատասիրութեան մէջ գրեց. «Աղաւնի։ Առանց դառնութեան եւ միամիտ եւ հեզ»։ Կ՚արժէ յիշել, թէ «աղաւնի»ն գրաբարեան միակ բառն է, որ պահած է «աւ» երկբարբառը ու արդի լեզուի մէջ չէ դարձած «աղօնի»։
Ոսկեդարուն հայկական «աղաւնի»ն, որ արդէն ընտելացած էր վանական համալիրներուն՝ մկրտարանէն մինչեւ զանգակատուն՝ սկսաւ սաւառնիլ հոգեւոր գրականութեան մէջ- հնագոյն օրինակը՝ Մովսէս Խորենացիի հոգեգալուստի շարականն է. «Առաքելոյ աղաւնոյ. Իջանելով մեծաձայն հնչմամբ ի բարձանց... Աննիւթական աղաւնի…»։ Գրիգոր Նարեկացին «Մատեան»ի մէջ հառաչեց. «Ես անպիտանս յամենայնի... մտեմ ի բոյնն աղաւնի, եւ անդուստ ագռաւ ելանեմ», Զաքարիա Քանաքեռցին նկարագրեց Սուրբ Կարապետը՝ «Ողջախոհ տատրակ ու անմեղ աղաւնի Սուրբ Կարապետ», Ներսէս Շնորհալին գովաբանեց երկու կոյս, նախ Հռիփսիմէն՝ «Իսկաճեմ աղաւնի օդապար... Հրեշտակ հրաշագեղ Հռիփսիմէ», ապա Մարիամ Աստուածածինը, «Սիրամարգ ոսկետիպ նկար, տատրակ ողջախոհ, մաքուր աղաւնի»։ Լսենք միջնադարեան քանի մը ընտիր դայլայլներ եւս. «Չքնաղ ու սուրբ կոյս Տիրուհի, ամբիծ տատրակ, սուրբ աղաւնի», Միքայէլ գրիչ, «Ընտրեալ ընտիր աղաւնի», Անդրէաս Արծկեցի, «Նորոգեցաւ տաճարս որպէս աղաւնի, / Եւ սուրբ հոգին իջեալ աղաւնակերպի», Վարդան Կաֆացի, «Բրինձ էի, գարի դառնալն ինչի՞ս էր, / Յիս աղաւնի, նուր լոր դառնալն ինչի՞ս էր», Սայաթ Նովա, «Աղաւնի քաղցրաբարբառ հեզաբանեալ ըզտէր Յիսուս», Խրիմեան Հայրիկ։ 1770-ական թուականներուն Գրիգոր Օշականցին աշխարհականացուց «աղաւնի» բառը ու ան դարձաւ՝ գեղեցկուհի, սիրուհի. «Ոսկեփետուր իմ աղաւնի, երեւեցոյ՛ զերեսս քո ինձ, ո՛ր տագնապիմ»։ Ապա եկան Գեղապաշտ շրջանի զգայուն քնարները. «Աղաւնի մը կ՚ըմպէ անոր քարին վրայ խո՜ր փորուած / «Աստ հանգչիէ գրախորշին մէջ հաւաքուած ջուրերէն», Լեւոն Էսաճանեան, «Սա՜րն ի վեր, թռաւ գնաց հոգիիս սպիտակ աղաւնին... ո՜հ, իմ երազիս ճերմակ աղաւնի՜ն... երազանքիս սպիտակ աղաւնին», Աշներգ Ե. Պ.ին, Միսաք Մեծարենց։ Իսկ, շնորհիւ Յակոբ Պարոնեանին, Պոլսոյ հայաբնակ ամբողջ թաղ մը դարձաւ... աղաւնի. «Արտաքին Քում Քաբուն բոլորովին տարբեր է ներքին Քում Քաբուէն, ինչպէս որ ամէն մարդու ներքինն տարբեր է արտաքինէն։ Քում Քաբուի ներքինն օձ է, իսկ արտաքինն աղաւնի»։ Պոլիսը, որ յայտնի է աղաւնիներով, բանաստեղծութիւն մը ձօնեց անոնց՝ Զահրատի գրչափետուրով. «Եթէ բառեր աւելնան... բառերով կը կերակրեմ թռչուններու նախամայր ջրհեղեղի աղաւնին / Ու բառերը բառ ըլլալէ կը դադրին / Աղաւնի կը դառնան»։
Այս բառը սիրունատես, սիրեց հայոց աշխարհը ու ամէն սարի վրայ, ամէն ձորի մէջ իր հետքը ձգեց որպէս տեղանուն։ Այժմ, անոր թեւերու շարժումը հետեւելով մտովի թռիչք կատարենք Հայկական լեռնաշխարհի վրայ. Աղաւնավանք- գիւղ եւ վանական համալիր Տաւուշի մարզի մէջ, Աղաւնօ- գիւղական համայնք եւ գետ Արցախի Քաշաթաղի շրջանի մէջ, ինչպէս նաեւ լեռ՝ Արագածոտնի մարզի մէջ՝ Արա, Արագած եւ Արարատ լեռներու զմայլելի տեսարանով, Աղաւնատուն- Վաղարշապատէն ոչ շատ հեռու գիւղ, որու բնակիչներուն մէկ մասի նախնիները 1828-1829 թուականներուն աղաւնիներու նման գաղթած են Խոյէն։ Եւ, ինչքան տեսակ որ ունի աղաւնին, նոյնքան ալ գաւառական տարբերակները կան անոր անունին- Ակնայ մրգաստաններու մէջ աղվընի, Զէյթունի ցից գագաթներու վրայ աղվընը, Սեբաստիոյ թռչուններու շուկային մէջ աղվընիգ, Ալաշկերտի հովիտի վրայ յէղվընեգ, Մշոյ դաշտի երկայնքով Արածանի գետի ափերուն էղվընիկ, Ագուլիսի լեռնամատներու մէջ ըղօ՛նի, Երեւանի մօտ Հրազդանի ձորի ժայրապատ բլուրներու վրայ աղունիկ, Թիֆլիսի մէջ Կուր գետի հոսանքն ի վար աղունակ, Վանի եւ Գորիսի ոսկեփայլ այգիներու մէջ յեղունիկ, Արցախի խոր կիրճերէն ներս յէղօ՛նէգ...
Բառս պատահեցաւ, որ քանի մը անգամ ալ թառած ըլլայ մամուլի վրայ, մեզի պարգեւելով երեք պատուաբեր պարբերականներ. «Մասեաց աղաւնի», Փարիզ եւ Թէոդոսիա, «Նոյեան աղաւնի», Պոլիս, «Նոյան աղաւնի», Գահիրէ։ 1889 թուականին Զմիւռնիոյ հայերը խոր յուզումով կարդացին «Նետահար աղաւնի», ազգային սիրավէպը, իսկ 1929-ին, վերակենդանացաւ բրածոյ դարձած արտայայտութիւն մը՝ «թղթատար աղաւնի», երբ երկրորդ համաշխարհային պատերազմի նախօրեակին Երեւանի մէջ լոյս տեսաւ «Աղաւնիները ռազմական ծառայութեան մէջ» գիրքը։
«Աղաւնի»ն, մեր անգիտակ թռչունը, տասնամեակ մը առաջ էր, արժանացաւ մեծ պատիւի եւ ժողովրդականութեան, կարմիր գորգի վրայ քալեց, երբ վիպագիր Նար-Դոսի «Սպանուած աղաւնին» վիպակը շարժանկարի վերածուեցաւ։ Յուզիչ է գիտնալ, թէ այդ գրքոյկը առաջին անգամ 1908-ին լոյս տեսած էր քաղաքի մը մէջ՝ Պաքու, որու բոլոր հայագզի աղաւնիները- թեւերն արնոտ ու սրտաբեկ - շատոնց գաղթած եւ այդ երկնակամարէն։
Յարգելի ընթերցող, պատահեր են նաեւ ուրիշ ողբերգութիւններ։ Աղաւնասպան եւ աղաւնեկոտոր բարբարոսներ համարձակեր են մեր բոյնը մտնել ու սրբապղծել զայն։ Յովհաննէս Թումանեանը «Աղաւնու վանքը» աւանդազրոյցի մէջ պատմեց այդպիսի դրուագ մը. Թիմուր հալածիչը եկեր է Սեւանայ ափին, շղթայեր է հազար-հազարաւոր հայեր, ափամերձ վանքի ալեւոր ու բարի Հայր Օհանի աղօթքի փոխարէն, ան համաձայներ է վանքի չափ հայեր ազատ արձակել։ Հասարակ վանք։ Քանի՞ հոգի կրնայ փրկել։ Սակայն, տեսեր են, որ դուրսը մնացեր է ո՛չ մէկ հայ, բոլորը մտեր են եկեղեցի։ Ի՞նչ հրաշք է սա-, ապշեր է Թիմուրը։ Պատասխանի համար ականջ տանք հեքիաթասացին.
Մեր հայր Օհանը՝ աղօթքի չոքած,
Աչքերն երկնքին, միրուքն արցունքոտ.
Ով որ հայ ազգից մտել է իր մօտ,
Իր սուրբ աղօթքով, կամքով վերինի,
Փոխել է իսկոյն, դարձրել աղաւնի։
Բաց պատուհանից թողել ամէնքին,
Թռցրել դէպ իրենց լեռները կրկին։
Այդ աղաւնիներու համար 1030-40-ական թուականներուն Պետրոս Գետադարձ կաթողիկոսը գրեր է.
«Ի վերին Երուսաղէմ, ի բնակարանս հրեշտակաց, ուր Ենովք եւ Եղիաս կան ծերացեալ աղաւնակերպ»։ Արդ, ով որ կարդայ այն լուրը, թէ՝ «Կեսարիա նահանգի Թոմարզա (Տոմարածին) շրջանի Սուրբ Պօղոս-Պետրոս եկեղեցին անմխիթար վիճակի մէջ է, եկեղեցին վերածուած է աղաւնիներու բոյնի»՝ հասկնայ, թէ անոր բնակիչները- հայրենաբաղձ, վշտաբեկ- վերադարձեր են տուն։
Այսօր մեր հրաժեշտի երգը, որու խօսքը եւ եղանակը կը պատկանին Արմէն Մովսիսեանին, միջոց ըլլայ,
որ սա մեր փոքր խնդրանքը հասնի աղաւնիներուն։
Ճերմա՜կ աղունիկ, քեզ մի
բուռ կու տամ,
որ դու մեր սարերին բարեւ տանես։
Ճերմա՜կ աղունիկ, քեզ քաղցր ջուր տամ,
որ դու մեր սարերից բարեւ բերես։