Թուրքիոյ քրտաբնակ քաղաքներու համար առասպելի համազօր արժէք մըն է Երեւանի ռատիօկայանի քրտերէն հաղորդումները։ «Կազեթէ Տուվար» կայքէջի լրատուութեան համաձայն ռատիօկայանի քրտերէն բաժնի արխիւը արդէն թուայնացուած է եւ տրամադրուած է հետաքրքրուողներուն ուշադրութեան։ Քրտա-գերմանական մշակոյթի ինստիտուտը աւելի քան 900 քրտերէն երգերու ձայնագրութիւնը եւ երգերու բառերը միասնաբար կը մատուցէ։ 27 Ապրիլ եւ 1 Մայիս թուականներու միջեւ այս առցանց ծառայութիւնը կարելի է լսել եւ տարածել նաեւ։ Կը նշուի թէ անցեալին բազմաթիւ երգեր սխալ ծանօթացումներով ներկայացուած էին։ Իսկ այժմ ազգագրագէտ եւ արխիւային հետազոտիչ Ճեվատ Մերվանիի շուրջ 3 տարիներու երկարող եւ բազմանդամ աշխատակազմով մը գլուխ հանած աշխատութիւնը մօտ ապագային ձայնագրութիւններով, խօսքերով եւ կատարումներով համալրուած չորս հատորանի գիրքի մը եւ DVD սկաւառակի մը հրապարակման համար ալ աշխատութիւնները կը շարունակուին։
