Հայու դառնացած ծիծաղը
- Տխրութի՞ւն... Ո՛չ, պարոն, ո՛չ ալ սուգի եւ վրէժի զգացում, բայց... բարկութիւն, կը զգամ բարկութիւն։
Այսպէս արտայայտուեցաւ Վահէն, երբ մեխակ կը խոնարհեցնէր Ծիծեռնակաբերդի յաւերժական կրակի առջեւ։ Ապա, երբ քսանութ աշակերտները երկշարք կանգնեցան խմբանկարի համար՝ «Ժպի՜տ–,- ըսաւ Կարէնը, մեր լուսանկարիչը։ Այն ժամանակ, պատանի դէմքերու վրայ, զարմանալի բան, ժպիտի տարօրինակ տեսակներ յայտնուեցան,- տրտում, տխուր, դառն ու թախծոտ։
Այս շաբաթ, յարգելի ընթերցող ձեզ կը հրաւիրեմ «ժպիտ» բառի մասին զրուցել։ Ան ունի երկու բնութիւն. դիմերեսը գեղեցիկ է, գունաւոր, բարի եւ քաղցր, իսկ դարձերե՞սը... Բարձրացուցէք ձեր աչքերը ու նայեցէք մեր աշակերտներու դէմքերուն, հոն կը գտնէք պատասխանը։ Եւ այս շաբաթ, այս սրբավայրէն յարութիւն առած միտքերով, յարմար կը տեսնեմ ոգեկոչել հայոց մայրենիի ա՛յն գրիչները, որոնց, գիշեր էր, յանկարծ այցելեց մահուան ժահրոտ ժպիտը։ Արտօնեցէք յօդուածս ալ զարդարել անոնց ժպտուն տողիկներով։
Ստուգաբանական ծագումը անյայտ է «ժպիտ» բառին։ Բայց հայը գիտէ իր ժպիտի աղբիւրը- իր բնաշխարհը, լիճերը ծիծաղախիտ, հասկերը ոսկեգոյն, լեռնագագաթները ձիւնածածկ, եւ ուրախ ապրելու տենչը, երբ Ապրիլ է՝ տասնմէկ ամիսներու իշխանուհին։ Իսկ, դուք գիտէ՞ք, թէ Սալմաստի եւ Թիֆլիսի հայերու «ժպտալ»ը ինչպէ՛ս էր... Ըսեմ, «ժմտալ»։ Իսկ Ալաշկերտի հայերը կը «ժմդէին», իսկ Կիւրինի հայերը կը «ժմնային»։
Ոսկեդարուն ունեցեր ենք ժպիտի տեսակները, ներառեալ, «բարեժմիտ»ը («ժպիտ» բառի տարբերակներէն մէկը) եւ «ժպտուն»ը, ինչպէս հայկական հնագոյն մատենագրութիւնը կը վկայէ. «Ո՞ւր է բարեժմիտ շրթանցն ժպտումն», «Ու՞ր է զուարթ շրթանց ժպտումն առ բարի աշակերտացն հանդիպումն»։ Ապա եկան պատկերալից դարձուածքներ ու անոնք ժպիտ մը եւս աւելցուցին մեր լեզուի սիրունատես դէմքին վրայ- «ժպիտ կտրել» ժպիտով փայլիլ, «ժպիտ խաղացնել» ժպիտի արտայայտութիւն տալ, «ժպիտ բաժնել» բոլորին ժպտալ, «կեանքը ժպտալ մէկուն» երջանիկ կեանք ունենալ, բախտաւորուիլ։ Կեանքը հայոց լեզուին ալ ժպտաց ու «ժպիտ» գոյականը ընդունեցաւ լաւատես արմատներ ու դարձաւ՝ գեղաժպիտ, գունաժպիտ, քաղցրաժպիտ, բարեժպիտ, ժպտադէմ, ժպտերես եւ լուսաժպիտ։ Վերջինը քնարական փայլ առաւ, երբ Չարենցը եւ Մեծարենցը ստեղծեցին երկու գրական պատկերներ. «Լուսաժպիտ աղջիկ», «Լուսաժպիտ մոմեր»։ Ունեցանք ժպտալից գիրքեր «Ժպիտք եւ արտասուք», «Քիչ մը ժպիտ», Պոլիս, «Տխուր ժպիտ», Գահիրէ, «Դէպի ժպիտ», Թիֆլիս, «Առաջին ժպիտը», Մոսկուա, «Ժպիտներ», Պաքու, «Վերջին ժպիտը», Երեւան։
Բայց հայկական «ժպիտ»ը իր մեծագոյն փայլը ունեցաւ, Գեղապաշտ շրջանն էր՝ գրական գարուն մը հայկական քնարերգութեան համար 5 ու գեղադէմ հայ գրիչներ քնքոյշ բանաստեղծութիւններու եւ երգերու մէջ ժպիտներ բաժնեցին առատօրէն։ Ահա անոնց գրական ժառանգը՝ յուզուած շրթունքներու մէջ շշնջաց. «Ծաւալ ծովակ՝ ալին վտիտ փնջելով... /Վերան նաւակ՝ հովի ժպիտ ջնջելով», Կոմիտաս Վարդապետ, «Ինչո՞ւ յանկարծ ժպտած պահուս կ՚արտասուեմ, / Մանկան մը պէս», «Խոհեր, որոնք մեր լեզուովը չեն ըսուիր, / Օր մը ժպիտ, երբեմն արցունք մարգարտեայ», Ռուբէն Զարդարեան, «Ես կը նայիմ ետեւէդ լուռ՝ ժպտադէմ», Լեւոն Լարենց, «Ալ ամէն բան ջնջած եմ. / Միայն ժպիտ մը պահած եմ, / Այս գունաթափ շրթունքներուս», Մատթէոս Զարիֆեան, «Առջի օր չարաճճի աղջկան մը ամօթխած եւ թաքուն ժպիտը նշմարեցի... ո՞վ էր այդ Օրիորդը», Տիգրան Չէօկիւրեան, «Երբ ժպտիս լուռ այսպէս՝ / Սիրունիկ, գեղատես... / Երբ ժպտիս չքնաղ, գի՜րգ, / Ներսս ամբողջ կը զարթնու / Տեղանքը սիրելու՜», «Մէկդի թողած եմ ժպիտ, խաղ ու պարեր, / Նորընծայ եմ գաղափարի աշխարհին», «Այսպէս՝ չգտայ ժպիտ մը՝ ուր / Չխառնուին արցունք լալիւն», «Տե՛ս, աստղերու ժպիտներ եւ հուր վարդեր անթառամ / Կը տեղամ», Դանիէլ Վարուժան, «Ցանկայարոյց ու միամիտ / Բոյրի մը պէս տարտամօրէն / Հոգիիս մէջ կ՚իջնես նորէն, / Ո՜վ կանացի միսթիք ժպիտ», Ռուբէն Սեւակ, «Յոյսին ։ Ո՜րչափ ժպիտ պիտի ծաղկի, հրեշտակօրէ՜ն, ո՜րչափ ժպիտ մեր աչքերուն մէջ», Սիամանթօ։ Ապա եկաւ Գրիգոր Զոհրապը, ֆրանսերէնի փոխարէն գերմաներէնը պաշտպանեց հայկական վարժարաններէն ներս. «Լեռնցի եւ ասիական ժողովուրդ մըն ենք։ Կը կարծեմ որ գերմանացւոց ծանրութիւնը ու անժպիտ դէմրը աւելի կը պատշաճի մեզի», ապա, նամակ մը ուղղեց Փիէռ Քիյեառին, Pro Armenia պարբերականի գլխաւոր խմբագրին, «Ո՞վ ես դուն, օտարակա՛ն, որ քու զուարթ եւ երջանիկ հայրենիքդ մոռնալով, բոլոր գութդ եւ խանդաղատանքդ նուիրեցիր սուգի եւ կսկիծի հողին՝ որ Հայաստան կը կոչուի։ Ինչպէ՞ս մեր անժպիտ ու թախծոտ երեսը քու ուշադրութիւնդ հրաւիրեց»։ Ապա, գիշեր էր, յանկարծ, այս ժպիտները խամրեցան, մայրենի մեղեդիները դարձան՝ անժպիտ, դառնաժպիտ, տխրաժպիտ, տրտմաժպիտ եւ թախծաժպիտ։
Սիրելի ընթերցող, դուք կարծեցի՞ք, թէ հայը նախ ստուար բառարաններ կապեց, բարդ զգացումներու բարդ բառերով ողողուած, ապա սկսաւ մտածել եւ ապրիլ... Յիշեցնեմ ձեզի, Վահէին եւ Ծիծեռնակաբերդը այսօր այցելող բոլոր հայորդիներուն, թէ մե՛նք ենք մեր բառերը, ու անոնք մեր անցեալի ականատեսներն են, սպիները երբեմն։ Իսկ այժմ, արտօնեցէք այսօր երկու նոր բառ եւս առաջարկեմ- «սեւաժպիտ» եւ «ժահրաժպիտ», քանզի մեր գեղապաշտ գրիչները իրենց վերջին մղձաւանջի մէջ հարկադրուեցան տեսնել այդպիսի դէմքեր։ Զապէլ Եսայեանի խօսքով՝ «Մեր թրքահայ մտաւորականները, գրեթէ առանց բացառութեան, ամենէն փայլուն ներկայացուցիչներէն սկսելով մինչեւ ամենէն խոնարհները՝ մեծ հոգեկան արիութիւնով դիմագրաւեցին թշնամիին հալածանքներուն։ Ես տեսայ մարդիկ որ ստոյգ եւ քստմնելի մահուան մը կը դիմէին ժպտադէմ ու անշիջանելի յոյսի հրայրը աչքերու մէջ», Գրական երեկոյ, Թիֆլիս։
Կը նստինք հանրաշարժ։ Պատուհանէն կը յայտնուի հայրենի բնանկարներ։ Յոյսը այժմ մեզի կը թելադրէ երգել ժպիտով։ Կը մտաբերեմ մեղեդիներ, որոնք 50-ական թուականներուն ձայնասփիւռի ունկնդիրներուն ոգեւորութիւն կու տար. «Զարթնել ես, Արարատ, ժպիտ կայ դէմքիդ», «Լուռ կը նայեն ինձ աչքերդ ժպտուն, / Իմ լաւ, իմ մաքուր, իմ անոյշ երազ», «Իրար նայէինք անոյշ կարօտով. / Քնքոյշ ժպտայինք յանկարծ իրարու», «Մեր երկրի սրտումը, / Ժպտավառ եւ տաք է», «Իմ երկրի վրայ շողում է / Սարը Արարատ, / Եւ խաղողը, մեր ժպտում է / Քաղցր ոսկեհատ»։ Իսկ հանրաշարժի ձայնասփիւռէն, շնորհակալութիւն վարորդ Արտուշին, մեղմ կը հնչէ մէկ այլ երգ, «Բարի արագիլ», ու ժպիտ կը ցանէ Վահէի եւ իր դասընկերներու շրթներուն,- դուք որոշեցէք, թէ ի՜նչ տեսակ ժպիտ էր ան. գեղեցի՞կ, գունաւո՞ր, բարի՞, թէ՝ քաղցր։
Իմ բալիկների աստղերն են շողում
Յոյսով անթառամ, վարդերով վառման,
Վշտերս դառան ժպիտներ շողուն,
Ժպիտներ, ժպիտներ շողուն։