Հրանդ Տինքի անուան 23,5 Յիշողութեան վայրը հիմնարկութեան առաջին տարեդարձի առթիւ կը կազմակերպէ առցանց միջոցառում մը։ Օրուայ հերոսն է արդի գեղարուեստի աշխարհահռչակ անուններէն Սարգիս, որ 2015-ի Վենետիկեան երկամեակին ցուցադրուած «Ռեսփիրօ» անուն աշխատութիւնը եւ թէ Ֆերիտիյէ թաղի Չայլաք փողոցը անցած մանկութեան յուշերը պիտի փոխանցէ միջոցառման հետեւողներուն։
Միջոցառման հետեւելու համար կը պահանջուի արձանագրուիլ։ Այս մասին լրացուցիչ տեղեկութիւններ կարելի է քաղել. yirmiucbucuk@hrantdink.org կայքէջէն։