Իսթանպուլահայ երիտասարդներու նախաձեռնութեամբ հիմնուած «Նոր Զարթօնք» շարժումը կազմակերպած է եռօրեայ վիտէօ բանախօսութիւններ Սայաթ Թեքիրի զրուցավարութեամբ։
22 Ապրիլ 2020 Չորեքշաբթի օր Հայաստանի ժամով 19.00-ին փաստաբան Առնօ Քալայճը թրքերէնով, ժամը 20.00-ին ընկերային մարդաբան Հրակ Փափազեան հայերէնով, քաղաքագէտ Մանուկ Աւետիքեան հայերէնով եւ 23-ին ալ Արժանդինահայ Մշակութային Միութեան Նախագահ Ատրիան Լոմլոմճեան հայերէնով ելոյթ պիտի ունենան։
23 Ապրիլի ատենախօսներն են ժամը 19.00-ին պատմաբան փրոֆ. Ուղուր Իւմիթ Իւնկէօր թրքերէնով, պատմաբան Այշէնուր Քորքմազ հայերէնով ժամը 20.00-ին, հասարակական գործիչ եւ գրող Թայֆուն Պալչըք թրքերէնով ժամը 22.00-ին, «Նոր Զարթօնք»ի կազմէն քաղաքական գործիչ Մուրատ Մխճը ալ ժամը 23.00-ին թրքերէնով պիտի արտայայտուին։
24 Ապրիլի ատենախօսներն են Ռակըպ Զարաքօլու, Անի Պալըքչը, Արա Սարաֆեան, Լեռնա Էքմեքճիօղլու եւ Մելիսա Պիլալ։ Ուղիղ սփրումին կարելի է հետեւիլ www.facebook.com/NorZartonk/live կապով։
Իսթանպուլի մէջ նախորդ տարիներու ցեղասպանութեան յիշատակման հանրահաւաքներու գլխաւոր կազմակերպիչ «ՏուրՏէ» հարթակը եւս ծրագրած է առցանց ասուլիս մը «Թիմատետր»ի միջոցաւ։ «Կը յիշենք 24 Ապրիլի մեր կորուստները» խորագրեալ միջոցառումը 24 Ապրիլ ուրբաթ օր ժամը 19.00 պիտի սկսի։ 19.15-ին դերասան Տենիզ Թիւրքալի պիտի արտասանէ այս տարուայ մամլոյ յայտարարութիւնը։ Իսկ 19.30-ին պիտի կայանայ ասուլիսը, որուն ատենախօսներն են Պերրին Սէօնմեզ, Յովհաննէս Քըլըչտաղը, Ռոպէր Քոփթաշ, Թանէր Աքչամ եւ Շենոլ Գարագաշ։ Այս միջոցառումին ալ կարելի է հետեւիլhttps://www.facebook.com/DurDe.Platformu/posts/101583052270640775 կապով։