ՌՈՆԸԼՏ ԳՐԻԳՈՐ ՍԻՒՆԻ
«ՔՈՎԻՏ-19»ի նման վարակի մը հետեւանքով կեանքի բնական ընթացքէն, ընկերներէն, ընտանիքէն եւ աշխատանքէն մեկուսանալը պատմաբանի մը կը թելադրէ անցեալին պատահած նման դէպքերու մասին մտածել։ Օսմանեան Կայսրութեան վերջին տարիներուն Երիտթուրքերու կառավարութիւնը կայսրութիւնը եւ իր իշխանութիւնը փրկելու միտումով անվարան մասնակցեցաւ աշխարհամարտին։ Այդ ընթացքին մէջ ալ իր երկրի քաղաքացի բիւրաւոր հայերն ու ասորիները անգութօրէն աքսորեց, կոտորեց, բռնի կերպով մահմետականացուց։ Թալաթի եւ ընկերներուն իբրեւ թէ կայսրութեան վարչութիւնը պաշտպանելու նպատակով ձեռնարկած քայլերը կայսրութեան փլուզման, օսմանեան հասարակութեան կործանման, իր իշխանութեան տակ պահած հողերուն թշուառութեան մատնուելուն պատճառ դարձաւ։ Ժողովուրդը սովամահ էր, հողերը անմշակ մնացին եւ մեծ քաղաքները գրաւուեցան զաւթիչներու կողմէ։ Քրիստոնեաներէն պարպուած գաւառները կամ գիւղերը թուրքերով կամ քիւրտերով բնակեցուեցան։ Երկրի ամենաճարտար եւ ձեռներէց ժողովուրդներէ մէկուն բացակայութեամբ նոր պետութիւն մը յայտնուեցաւ։ Երկիրը նահանջած, տեսակ մը հաւաքական յետամնացութեան դատապարտուած էր։ Բռնատիրական կառավարութիւններու իշխանութեան տակ քանի մը սերունդ պէտք էր անցնէր, որպէսզի Թուրքիոյ տնտեսութիւնը վերստին կայանայ եւ բարելաւուի օսմանեան վերջին վարչականներուն պատճառ դարձած հասարակական աւերը։
Ինչի՞ կը ծառայէ
ուրացումը եւ շեղումը
Համաճարակը լոկ բնական աղէտ մը չէ։ Սովերու եւ պատերազմներու նման համաճարակներն ալ մարդկանց ըրածներուն եւ չ՚ըրածներուն, կիրքերուն եւ ագահութիւններուն, անտարբերութիւններուն եւ անհոգութիւններուն հետեւանքով կը ձեւաւորուին։ Խնդիրները եղածէն աւելի բարդացնողը կառավարութիւններու տգիտութիւնը եւ անբաւարարութիւնն է։ Հզօր պետութեան դերակատարները երկրի մտաւորականութիւնը, իրենց քաղաքական մրցակիցները, օտար համարած որոշ ազգային կամ կրօնական խմբակի պատկանողները բանտարկելով, աքսորելով կամ սպաննելով ծանր բեռ մը բեռցուցած կ՚ըլլան ապագայ սերունդներու ուսերուն։ Անցեալը ուրանալով, պատմութիւնը շեղելով, յիշողութիւնը ճնշելով իրենց հասարակութեան դէմ ալ յանցանք գործած կ՚ըլլան։ Կառավարութիւններու գլխաւոր պարտականութիւնը իրեն իշխած երկրի բնակչութիւնը -եւ տարբեր ժողովուրդները- կրթել, լուսաւորել, պաշտպանել եւ անոնց կենսամակարդակը բարձրացնել ըլլալու է։ Ազգային կամ կրօնական որեւէ ինքնութիւն գերադասելով կամ զիրենք անհանգստացնող կարծիքները ճնշելով երկրի հարստութիւնը սպառած եւ անկանխատեսելի վտանգներու դիմաց անպաշտպան թողած կ՚ըլլան։
Ցեղասպանութիւն ամենուրէք
Կառավարութիւն մը քննադատութիւններու դէմ որքան զգայուն, իր պատմութեան տեսութեան նկատմամբ որքան յամառ ալ ըլլայ երբեք չի կրնար անցեալին պատահածները վերացնել։ Պատուաւոր պատմաբանները դէմ յանդիման մնացած վտանգներով հանդերձ, պետութեան շահերուն ծառայող խամաճիկ մտաւորականներու յարձակումներով հանդերձ երկրի պատմութեան սեւ էջերը կը լուսաւորեն եւ իրողութեան ծառայելով աւելի բարձր ազգասիրութեան մը առիթ կը ստեղծեն։ Իրողութիւնը, մարդը ազատ թողելու կողքին, աշխարհի ընթացքին վերաբերեալ իշխողին դիմաց յեղափոխական ուժ մը ըլլալով կը ներկայանան։ Ճշգրիտ պատմութիւնը մեզ կը ձերբազատէ կաղապարուած տեսութիւններէ եւ առիթ կը ստեղծէ որ գիտակցինք թէ ուրկէ կու գանք եւ փակուղիի ծայրի լոյսը տեսնելու համար նախ ստիպուած ենք փակուղին յայտնաբերելու։
Ես կ՚ապրիմ ԱՄՆ-ի Միջիկըն Նահանգի փոքր համալսարանի քաղաքներէն մէկը հանդիսացող, Էն Էրպըրի մէջ։ Խաղաղ, բաւականին աննշան վայր մըն է այս տեղը։ Ամէն օր ծանօթ թաղամասերու մէջ մէկ ժամ կը շրջիմ եւ ամէն անգամուն ալ կարօտով կը յիշեմ նման շրջագայութիւններու շատ աւելի հետաքրքրական թուացող Իսթանպուլի, Զմիւռնիոյ եւ Վանի մէջ անցուցած օրերս։ Կը յիշեմ Պէշիքթաշէն Թաքսիմ երթալու համար առած երթուղայինը։ Կը յիշեմ ազգայնականութեան եւ կայսրութեան մասին իմ դասաւանդած «Պիլկի» համալսարան հասնելու համար առած հանրաշարժը։ Կը յիշեմ Հրանդ Տինքի ժառանգը շալկելով անոր աշխատանքները շարունակող Թուրքիոյ համար աւելի լաւ ապագայ մը երազող «Ակօս»ի քաջասիրտ անձնակազմը։ Մէկ կողմէն ալ ամբողջ աշխարհին ծաւալած այս համաճարակին հետզհետէ բոլորին ուղղուած ցեղասպանութեան մը բնոյթը առած «փանտեմի»ին հետեւանքներու մասին կը մտածեմ։
Պսակաձեւ ժահրը եւ
երկու երկիր
Ճգնաժամի շրջանները, թէ վտանգներ եւ թէ առիթներ կը պահեն իր մէջ։ Չինարէնի մէջ ճգնաժամը արտայայտող*** գրառումը իր մէջ կը պահէ թէ «վտանգ» եւ թէ «առիթ» իմաստները։ Վտանգը նախկին կիրարկումներուն եւ մերձեցումներուն անփոփոխ մնալը, անտեսուիլը եւ անգահ շահերէ բխող քաղաքականութիւններուն յարատեւութիւնն է։ Իսկ «առիթ»ը հասարակութեան օգտին նոր վարչաձեւ մը ու քաղաքական հասարակական փոփոխութեան մը ճամբայ բանալն է։ Անցեալին փորձառու քաղաքագէտ մը «Ոչ մէկ ճգնաժամ պէտք է սպառ մնայ» ըսած էր։ ԱՄՆ-ի ներկայ վարչաձեւը հիմնուած է պատերազմի եւ առեւտուրի տրամաբանութեան վրայ։ Վերացուր թշնամիներդ, ըրէ այն ինչ որ շահաւէտէ իշխանաւորներուն համար։ Բայց ամերիկեան ընտրանիէն զատ կան նաեւ բժշկական խնամքի եւ ուսման դրութեան կարողութիւնները զարգացնելու, բնութիւնը եւ ամենատկար դիրքի մէջ յայտնուած քաղաքացիները պաշտպանելու, սովորական մարդկանց քաղաքականութեան մասնակցութիւնը խրախուսելու համար աշխատող շարժումներ։ Որ այլընտրանքին յաղթահարելը անհատական եւ հաւաքական գործունէութեան, մարդկանց ներկայ պայմանները եւ մեկուսացումը շարժումի մը վերածելու կարողութեան հետ առնչուած է։
Թէ ԱՄՆ-ի եւ թէ Թուրքիոյ մէջ գործող կառավարութիւնները եւ անոնց պաշտպանած հասարակական դրութիւնը ամբողջական խտրականութիւն կը կիրարկէ բնակչութեան մեծամասնութեան դէմ։ Հասարակութեան տուժած խաւերը կամ ալ որոշ ազգային կամ կրօնական ինքնութիւն ունեցող ժողովուրդները այս ռազմավարութեան զոհերը կը դառնան։ Խորհեցէք երկիր մը, ուր աղքատները եւ ազգային փոքրամասնութիւնները աւելի մեծ համեմատութիւններով ճաշակեն պսակաժահրի հետ կապուած մահուան դէպքերը։ Խորհեցէք երկիր մը, ուր բազմամիլիոն ժողովուրդ զրկուած է իր մայրենիով ուսում ստանալէ։ Իրականութեան մէջ այս երկիրները երեւակայելու կարիք չկայ, երկուքն ալ կան եւ ես ապրած եմ երկուքի մէջ ալ։
Յիշողութեան պարունակած
ապագան
Համաճարակներուն կ՚ենթարկուինք ամենաանսպասելի պահերուն, շատ անգամ ալ ամենաանպատրաստ գտնուած պահերուն։ 1915-ին շատ քիչ էին այն հայերը կամ ասորիները, որոնց զաւակները, ամուսինները, եղբայրները Օսմանեան համազգեստով պատերազմած պահուն կարենային գուշակել թէ իրենց կառավարութիւնը զիրենք ոչնչացնելու ծրագիրներով կը զբաղի։ 1915-ի սկիզբներուն Թալաթի եւ Էնվերի կառավարութիւնը առաջին հերթին հայ զինուորները թիրախ առաւ։ Բանակի հայերուն համազգեստները հաւաքելով անոնք նախ մղեց բանուորական գումարտակներու եւ ապայ սպանեց։ Հայ ազգի բազկի ուժը այս ճամբով ոչնչացնելէ վերջ Օսմանեան Կառավարութիւնը ուղղուեցաւ մտաւորականներուն։ 24 Ապրիլին հարիւրաւոր մտաւորական ձերբակալուեցան եւ ապայ սպաննուեցան։ Բազկի ուժէն ետք վերացած էր նաեւ ազգի մտքի ուժը։ Ապա կիներ, երախաներ, տարեցներ, քաղաքներէ, գաւառներէ, գիւղերէ հաւաքուելով զանգուածային կերպով աքսորուեցան դէպի Սուրիոյ անապատները։ Անոնց մեծամասնութիւնը մահացան այդ ճամբորդութեան ընթացքին։ 1914-ին Կայսրութեան սահմաններուն մէջ աւելի քան 2 միլիոն հայեր կ՚ապրէին։ Այսօր Թուրքիոյ մէջ անոնց ցեղէն սերած եւ հայ ինքնութիւնը պահած հազիւ 50-60 հազար հոգի մնացած է։ Սակայն երկրի արեւելեան շրջաններուն իրենց հայ տատերուն, հօրեղբայրներուն յիշատակը պատմող քրտեր, արաբներ կամ թուրքեր կան։ Ուրացուած անցեալին դիմակին տակ յիշողութիւնը կը պահէ գոյութիւնը եւ այդ գոյութիւնը տարբեր ապագայի մը մասին հաւանականութիւններ կը պահէ իր մէջ։